Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Մասնակցած Է Իրանի Նախագահի Երդման Պաշտօնական Արարողութեան Եւ Հանդիպում Ունեցած Անոր Հետ

August 7, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 5 օգոստոսին աշխատանքային այցելութեամբ Իրան հասած նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուած է Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիի երդման պաշտօնական արարողութեան:

Նախագահ Սարգսեան նոյն օրուան երեկոյեան մասնակցած է պաշտօնական ընդունելութիւն, որ կազմակերպուած է ի պատիւ Թեհրան գտնուող երկիրներու բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն:

Երէկ` կիրակի, 6 օգոստոսին նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Իրանի նորընտիր նախագահ Հասան Ռուհանիին հետ:

Հանդիպումին սկիզբը Իրանի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնած է նախագահ Սերժ Սարգսեանին` հրաւէրը ընդունելուն եւ երդմնակալութեան արարողութեան մասնակցելուն համար` ընդգծելով, որ Իրան բարձր կը գնահատէ իր լաւ դրացի Հայաստանի նախագահին  ներկայութիւնը արարողութեան: Հասան Ռուհանի յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահի այցելութիւնը նոր խթան հաղորդէ  երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ զարգացման հաշուի առնելով նաեւ հայ-իրանական պատմամշակութային ընդհանրութիւնները:

Նշելով, որ ընթացիկ տարին նշանակալից է թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Իրանի մէջ տեղի ունեցած քաղաքական իրադարձութիւններու առումով` Հայաստան բարեփոխուած սահմանադրութեան համաձայն կազմակերպեց խորհրդարանական ընտրութիւններ, իսկ Իրանի ժողովուրդը ընտրեց գործադիր իշխանութեան ղեկավար, տարին յատկանշական էր նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի բազմադարեան պատմութիւն ունեցող կապերու նորագոյն շրջանի` դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակով, նախագահ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ այս ընթացքին երկու երկիրները կրցած են զարգացնել եւ ամրապնդել փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութիւն` բոլոր մարզերուն մէջ:

Երկու երկիրներու նախագահները հանդիպումին քննարկած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի փոխադարձ գործակցութեան վերաբերող հարցեր: Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւններուն մէջ առկայ է մեծ ներուժ, որուն  արդիւնաւէտ օգտագործման ուղղութեամբ անհրաժեշտ է շարունակել հետեւողական աշխատանքը: Նախագահներուն համոզումով, ատիկա  կը նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան աշխուժացման եւ ներդրումներու բարձրացման:

Նախագահները երկուստեք կարեւոր նկատած են շարք մը այլ մարզերու մէջ իրականացուող մեծ ծրագիրներն ու նոր եւ հեռանկարային նախագիծերու իրականացումը: Անդրադարձ կատարուած է ուժանիւթի, յատկապէս` կազի եւ ելեկտրականութեան, ինչպէս նաեւ փոխադրութեան եւ հաղորդակցութեան մարզերուն, այդ կարգին` Հայաստանի եւ Իրանի տարածքներով Պարսից ծոցը Սեւ ծովուն հետ կապող միջազգային փոխադրական եւ տարանցիկ ուղիներու  օգտագործման կարեւորութեան: Կարեւոր նկատուած է նաեւ կազի եւ ելեկտրականութեան մարզերուն մէջ եռակողմանի` Իրան-Հայաստան-Թուրքմենիստան ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացումը:

Կողմերը կարեւոր նկատած են Իրանի եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրին շուրջ ընթացող բանակցութիւնները: Իրանի նախագահը նշած է, որ մինչեւ հիմա այդ ուղղութեամբ զգալի քայլեր առնուած են` ընդգծելով, որ մօտ ապագային համաձայնագիրի ստորագրումը բաւական արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ:

Հասան Ռուհանի բարձր գնահատած է Հայաստանի կողմէ  նախաձեռնուած` երկու երկիրներուն միջեւ ելքի եւ մուտքի արտօնագիրներու չեղեալ յայտարարուիլը, որ գործարար կապերու  ընդլայնման, տնտեսական գործունէութեան եւ ներդրումներու ու զբօսաշրջութեան խթանման տեսանկիւնէն կարեւոր եւ արդիւնաւէտ քայլ էր:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ շրջանային անվտանգութեան խնդիրներուն, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթը: Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայացուցած է այդ հոլովոյթի ներկայ վիճակն ու Հայաստանի դիրքորոշումը` տագնապը բանակցութիւններու միջոցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ խաղաղ միջոցներով լուծելու վերաբերեալ:

Իրանի նախագահը ընդգծած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի  տագնապին լուծումը կրնայ ըլլալ բացառապէս քաղաքական ճամբով, եւ իր երկրին  համար կարեւոր է շրջանի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը:

Նախորդը

Նախարար Վիգէն Սարգսեան. «Հայրենասիրութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամկէտային Զինուորական Ծառայութեան Տարիներով»

Յաջորդը

Ֆրանսական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն Սկսաւ Յաղթանակով

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.