5 օգոստոսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի եւ Հայաստանի ազգային բազմարուեստից համալսարանի ուսանողական խորհուրդին կողմէ Հանքաւանի մերձակայքին մէջ Հայաստանի եւ Արցախի աւելի քան 200 ուսանողներու եւ երիտասարդներու մասնակցութեամբ կազմակերպուած «Միասնութեան ուժը-2017» ուսանողական-երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն հետ:
Ողջունելով ճամբարին մասնակիցները` պաշտպանութեան նախարարը կարեւոր նկատած է նման հաւաքներու նշանակութիւնը եւ յորդորած ազատ ժամանակը օգտագործել հայրենաճանաչողութեան եւ լրացուցիչ գիտելիքներ ձեռք բերելու համար:
Շեշտելով, որ հայրենասիրութիւնը չի սահմանափակուիր միայն ժամկէտային զինուորական ծառայութեան երկու տարիներով կամ փորձութեան պահուն վճռական քայլը առնելու պատրաստակամութեամբ, Վիգէն Սարգսեան աւելցուցած է, որ անիկա նախ եւ առաջ մեր ձգտումն է` բարեփոխելու, շէնցնելու եւ հզօրացնելու Հայաստանը:
Հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը ներկայացուցած է «Ազգ-բանակ» գաղափարախօսութեան հիմնադրոյթները, անդրադարձած է զինուորական ծառայութեան նոր պայմաններ առաջարկող «Ես եմ» եւ «Պատիւ ունեմ» ծրագիրներուն, ինչպէս նաեւ պատասխանած է սահմանամերձ համայնքներու խնդիրներուն եւ զինուորական-բժշկական մարզին մէջ իրականացուող բարեփոխումներուն վերաբերող հարցումներուն:



