ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին կազմակերպութեամբ ընթացք առաւ Խանասորի արշաւանքի 120-ամեակին նուիրուած կրտսեր պատանիներու բանակումը` Այնճարի մէջ:
Երէկ` երեքշաբթի, 8 օգոստոս 2017-ին, բանակումին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ դրօշակի արարողութեամբ` մասնակցութեամբ 65 կրտսեր պատանիներու:
65 կրտսեր պատանիները բաժնուած են 3 խումբերու` «Խանասորայ Վարդան», «Նիկոլ Դուման» եւ «Իշխան»:
Բանակումին մասնակիցները պիտի հետեւին դաստիարակչական եւ մարզական ծրագիրներու, խմբային աշխատանքներու, պիտի մասնակցին զրոյցներու եւ այլ դաստիարակչական ծրագիրներու: