Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանդիպում` Սանճաք Քեմփի Նախկին Բնակիչներուն Հետ

Նոյեմբեր 24, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կազմակերպութեամբ, չորեքշաբթի, 22 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սանճաք քեմփի նախկին բնակիչներուն հետ հանդիպում մը` «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրի ծրագիրին ծանօթանալու եւ անհրաժեշտ դասաւորումներ կատարելու համար:

Հանդիպումը սկսաւ Լիբանանի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, որ ամբողջական պատկերացում կու տար «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրի մասին:

Ելոյթ ունեցաւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` երազի մը իրականացման առաջին նշանները տեսնելու համար: Ան ըսաւ, թէ մեզի համար դժուար էր, որ մեր քոյրերն ու եղբայրները հանգստաւէտ պայմաններու մէջ չկարենան ապրիլ գաղթականութենէն 50-60 տարի ետք: Մտածեցինք եւ ծրագրեցինք, որ մեր հայ քոյրերն ու եղբայրները աւելի լաւ պայմաններու մէջ ապրին: Հակառակ եղած դժգոհութեան եւ բողոքներուն` մենք աւելիով զօրակից եղանք մեր ժողովուրդի կարիքներուն, որովհետեւ  ծրագիրը առաջնահերթութիւն էր: Բոլոր անոնք, որոնք ճշդուած պայմանները կը լրացնեն, պիտի ստանան իրենց տուները:

Յակոբ Բագրատունի ներկաներուն դիմելով` ըսաւ. «Մենք մեր խոստումը կատարեցինք, եւ առաւելագոյնը երկու տարիէն դուք պիտի բնակիք այս տուներուն մէջ, ձեր զաւակները, թոռները հպարտ պիտի ըլլան, որ այս տուներուն մէջ կ՛ապրին` շնորհիւ ձեր կորովին եւ մեր հետեւողականութեան:  Հանգիստ եւ ուրախ պիտի ապրիք այս տուներուն մէջ վառ պիտի պահէք հայու օճախը: Ձեր զաւակները եւ թոռնիկները հայկական դպրոցի մէջ պիտի մեծցնէք եւ կը պաշտպանէք ձեր ինքնութիւնը եւ Լիբանանի ինքնութիւնը»: Բագրատունի ներկաներուն թելադրեց, որ չդիմեն կողմնակի միջամտութեանց` ո՛չ քաղաքապետարանի անդամներուն, եւ ոչ ալ կուսակցութեան մօտ: «Ան, որ իրաւունք ունի, պիտի ստանայ իր տունը», ըսաւ ան, աւելցնելով. «Ճիշդ է, այս ծրագիրը Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւնն է, սակայն տուներէն օգտուելու իրաւունք ունին բոլորը, առանց կուսակցական կամ դաւանական խտրութեան»:

Խօսք առաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան: Ան ըսաւ. «Կը հաւատանք, որ մեր խոստումը յարգեցինք եւ կը յարգենք. Սանճաք Քեմփի բոլոր բնակիչները, որոնք անձնական տուն եւ կալուած չունին այն օրէն, երբ ձգեցին Սանճաք քեմփը ու դուրս ելան, բոլորին իրաւունքն է, որ յարկաբաժինի տէր ըլլան: Ան յայտնեց նաեւ, որ յառաջիկայ շաբաթ պաշտօնեաներու միջոցով պիտի ընդունին դիմումնագիրները:

Մ. Պօղոսեան նշեց, որ կը համագործակցին դրամատան մը հետ` դիւրացնելու համար յարկաբաժիններու թղթածրարներու ամբողջացումը: Ան ըսաւ, որ ներկայացողը յարկաբաժինին 25 տոկոսը պէտք է ունենայ, որ կարենայ ստանալ իր տունը: Ան նշեց, որ առաջնահերթութիւնը նախ պիտի տրուի Սանճաք քեմփի բնակիչներուն:

Ան յայտնեց նաեւ, որ քաղաքապետարանը իր յարկաբաժինը պիտի ունենայ շէնքին մէջ, եւ Պուրճ Համուտի ներկայ քաղաքապետը եւ յաջորդող քաղաքապետները պարտաւոր են այդ տան մէջ բնակելու իրենց ծառայութեան ընթացքին:

Մարտիկ Պօղոսեան իր խօսքին մէջ որոշ պատկերացում մը տուաւ յարկաբաժիններու տարածութեան, դիմումի համար հարկ եղած պետական փաստաթուղթերուն, վճարման եղանակին, պայմաններուն, մուրհակներուն եւ այն ամէն ինչի մասին, որ կը վերաբերի այս «Սեն Ժաք» բնակարանային համալիրի ծրագիրի իրականացման:

 

Նախորդը

Գիտաժողով. Արցախի Մէջ Պետականութեան Վերահաստատում (1917 Դեկտեմբեր – 1918 Յուլիս) Պատմագիտական Եւ Քաղաքագիտական Հայեցակէտեր

Յաջորդը

Մեծաթիւ Լիբանանցի Մտաւորականներու Եւ Ակադեմականներու Ներկայութեամբ Կայացած Կլոր Սեղանին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 27, 2025
Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?