Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սոչիի Մէջ Աննախադէպ Ձեւաչափով Փութին-Ասատ Հանդիպում

Նոյեմբեր 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Սոչիի մէջ հիւրընկալած է Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը եւ անոր հետ քննարկած Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման հոլովոյթի կազմակերպման հիմնական սկզբունքները:

Փութին շնորհաւորած է Ասատը ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ արձանագրած արդիւնքներուն համար:

Քրեմլին նշեց, որ Ռուսիան Սուրիոյ մէջ փոխզիջումնային լուծման վերջնական փուլին մէջ ՄԱԿ-ի ազդու մասնակցութիւնը կ՛ակնկալէ:

«Սուրիոյ մէջ այժմ կարեւորը քաղաքական հոլովոյթին անցնիլն է», ըսած է Փութին` աւելցնելով, որ նախագահ Ասատ պատրաստ է աշխատելու բոլոր անոնց հետ, որոնք խաղաղութիւն ու կայունութիւն կ՛ուզեն:

«Ի հարկէ, ահաբեկչութեան դէմ լիարժէք յաղթանակ արձանագրելու հարցին մէջ տակաւին շատ ընելիք կայ: Սակայն ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ տարածքին մէջ ահաբեկիչներու դէմ ուղղուած մեր միացեալ աշխատանքին, ապա այդ զինուորական գործողութիւնը իրօք կ՛աւարտի», յայտարարած է Փութին` ընդգծելով, որ «վերջակէտը» շուտով պիտի դրուի:

«Սուրիոյ մէջ իրավիճակի կայունացման համար շատ բան կատարուած է: Յոյսով եմ, որ ամէնէն մօտ ապագային մենք վերջակէտ կը դնենք Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, թէեւ կը գիտակցինք, որ ահաբեկչական օճախները պիտի մնան», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը:

Ասատ իր կարգին յայտնած է, որ Ռուսիոյ շնորհիւ Սուրիան իբրեւ պետութիւն փրկուած է` աւելցնելով, որ ռուսական օդուժին եւ Սուրիոյ բանակին շնորհիւ երկու տարուան ընթացքին արձանագրուած յաջողութիւնները ակներեւ են եւ արտօնած, որ բազմաթիւ սուրիացիներ տունդարձ կատարեն:

«Մենք կ՛ակնկալենք, որ Ռուսիան աջակցութիւն տրամադրէ ապահովելու համար, որ արտաքին դերակատարներ չմիջամտեն Սուրիոյ քաղաքական հոլովոյթին, եւ արտաքին կողմերը միայն սուրիացիներու ղեկավարած հոլովոյթին աջակցութիւն տրամադրեն», ըսած է Ասատ:

Ասատ ընդգծած է, որ Մոսկուա եւ Դամասկոս յաջողած են պահպանել Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու անկախութիւնը: Փութին իր կարգին շնորհաւորած է Ասատը ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարին մէջ Սուրիոյ հասած արդիւնքներուն համար:

«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Ասատ ներկայ գտնուած է Փութինի նախագահութեամբ Ռուսիոյ բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան ժողովին, ինչ որ Ռուսիոյ պատմութեան մէջ աննախադէպ երեւոյթ է:

Նշենք, որ Ասատի Ռուսիա անակնկալ այցելութիւնը տեւած է 4 ժամ:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի անվտանգութեան ու պաշտպանութեան յանձնախումբի փոխնախագահ Ֆրանս Քլինցիվիչ նշեց, որ Սուրիոյ մէջ ռուսական ուժերու գործողութիւնը իր աւարտին պիտի հասնի ահաբեկչական խմբաւորումներուն տապալումով:

Քլինցիվիչ «Սփութնիք»-ին յայտնած է, թէ Փութին-Ասատ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած տեղեկութիւնները կը հաստատեն, որ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան աւարտը մօտալուտ է: «Այո՛, բոլոր յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, թէ զինուորական գործողութիւնը պիտի աւարտի տարեվերջին, երբ այդտեղ գտնուող ահաբեկչական բոլոր խմբաւորումներուն վերջ պիտի տրուի, ինչպէս նաեւ ռուսական զինուորական ոստիկանութիւնը սուրիական քաղաքներէն հեռանալով պիտի վերադառնայ Ռուսիա»:

Լիպըրման. «Ասատ Վճռեց ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Ճակատամարտը Եւ
Այժմ Սուրիոյ Բնակելի Տարածքին 90 Առ Հարիւրին Կը Վերահսկէ»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, թէ Ասատ այժմ կը վերահսկէ Սուրիոյ բնակելի տարածքին 90 առ հարիւրին եւ ձեռնարկած է զինուորական խումբերու կազմութեան ու օդային պաշտպանութեան համակարգերու հաստատման:

«Մենք հարցը նկատի առած ենք… Սուրիոյ բանակը աւելի կը մարզուի, եւ գոյութիւն ունին յաւելեալ պատրաստութիւններ եւ մեզի ուղղուած տողատակի յաւելեալ պատգամներու փորձեր, թէ իրենք պատրաստ են», ըսաւ Լիպըրման:

«Սուրիացիները ունին «Էս.Այ.22» համակարգը, որ ազդու զէնք է, սակայն զայն չեն գիտեր գործածել», ըսաւ ան: Յայտնենք, որ նշեալ ռուսական համակարգը ծանօթ է նաեւ «Փանցըր Էս1» անունով:

Ան եզրակացուց, որ Ասատ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ ճակատամարտը վճռած է, եւ շրջանը հիմնական փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի, ուստի իսրայէլեան բանակը «կարիքը ունի զինուորական պիւտճէի միլիառ տոլարով յաւելումին»:

Նախորդը

Ռուհանի Եւ Զօր. Սոլէյմանի Կը Յայտարարեն ՏԱՀԵՇ-ի «Դարաշրջան»-ի Աւարտը

Յաջորդը

Առաջին Տիկինը Ընդունեց Սալբի Պուլղուրճեան-Սիմիթեանը

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ-Ճինփինկ Համաձայնութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?