Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այսօր Պրիւքսելի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութիւնը Եւ Եւրոպական Միութիւնը Կը Ստորագրեն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործակցութեան Համաձայնագիրը

Նոյեմբեր 24, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այսօր` 24 նոյեմբեր 2017-ն պատմական օր մը պիտի ըլլայ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ: Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան վեց երկիրներու առաջնորդները այսօր հանդիպում պիտի ունենան Պրիւքսելի մէջ` նպատակադրելով աւելի խորացնել կապերը Միութեան եւ նախկին խորհրդային հանրապետութիւններուն միջեւ:

Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը սկսած է 2009-ին` խթանելու տնտեսական համարկումի եւ եւրոպական արժէքներու տարածումը նախկին վեց խորհրդային հանրապետութիւններու` Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Մոլտովայի, Ուքրանիոյ, Վրաստանի եւ Պիելոռուսիոյ մէջ:

Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի այսօրուան գլխաւոր իրադարձութիւնը թերեւս Հայաստանի հետ կնքուելիք Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործակցութեան համաձայնագիրն է:

Նոր համաձայնագիրին մէջ կան բազմաթիւ կէտեր, որոնք կրնան  շատ նպաստաւոր ըլլալ Հայաստանի համար: Հայաստան կը պարտաւորուի բարեփոխել իր հաստատութիւնները, քաղաքական համակարգը, աւելի ամրապնդել մարդու պաշտպանուածութիւնը, մարդու իրաւունքը: Եւ եթէ Հայաստան կատարէ բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա կրնայ տնտեսական լուրջ աջակցութիւն ստանալ Եւրոպական Միութենէն, այսպէս կոչուած` «աւելին աւելիին» դիմաց: Այսինքն, եթէ Հայաստան կատարէ համաձայնագիրով ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա Եւրոպական Միութիւնը կը պարտաւորուի աջակցիլ եւ նպաստել, որ ներդրումներ կատարուին Հայաստանի մէջ:

Համաձայնագիրին մէջ հետաքրքրական նորութիւն կայ փոքր եւ միջին գործառնութեանց համար` այսպէս կոչուած, վարկաւորում տեղական տարադրամով: Ասիկա կրնայ խթան հանդիսանալ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման:

Այսօրուան վեհաժողովի հռչակագիրին մէջ կային որոշ չլուծուած խնդիրներ, յատկապէս` տագնապներու լուծման վերաբերեալ կէտը, որ  մինչեւ հիմա յստակացած չէ, այնտեղ չէ նշուած Լեռնային Ղարաբաղ եզրոյթը:

Շրջանին մէջ առկայ տագնապներու վերաբերեալ համաձայնագիրին մէջ  տեղ գտած է հետեւեալ ձեւակերպումը. «Վեհաժողովի մասնակիցները կոչ կ՛ուղղեն` աշխուժացնելու տագնապները լուծելու ջանքերը` հիմնուած միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն վրայ»:

«Տագնապներու լուծումը, վստահութեան կառուցումն ու լաւ դրացնութեան յարաբերութիւնները առանցքային են տնտեսական ու ընկերային զարգացման եւ համագործակցութեան համար», նշուած է Արեւելեան գործընկերութեան հռչակագիրի բնագիրին մէջ:

Եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, Եւրոպական Միութիւնը պիտի սկսի  Հայաստանի հետ երկխօսութեան` այցեգիրներու ազատականացման հարցին շուրջ:

Համաձայնագիրով կը նախատեսուի համագործակցութիւն ո՛չ միայն տնտեսական, քաղաքական, այլ նաեւ անվտանգութեան հարցերու մէջ: Ըստ էութեան, Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջագիծին մէջ անվտանգութեան հարցով  ամրագրուած պարտաւորութիւններ չկան, այդ իմաստով Հայաստան կրնայ Եւրոպական Միութեան հետ նման համաձայնութիւններ գոյացնել: Եւրոպական Միութեան պարտաւորութիւնները` օգնել Հայաստանին, նաեւ անվտանգութեան ծիրին մէջ, բաւական շահեկան պիտի ըլլայ  Հայաստանի համար:

Յիշեցնենք` աւելի քան երեք տարի Եւրոպական Միութեան հետ քննարկումներէ ետք, սեպտեմբեր 2013-ին, Հայաստան ստորագրեց Մաքսային միութեան, ապա` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան յուշագիրը: Տարիներ անց Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը յարաբերութիւնները խորացնելու համար նախաստորագրեցին այլ` համապարփակ շրջանակային համաձայնագիրը: Կը սպասուի, որ կողմերը համաձայնագիրը ստորագրեն այսօր` 24 նոյեմբերին, Պրիւքսելի մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Պելճիքայի Թագաւորին Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պելճիքա կատարած աշխատանքային այցելութեան շրջագիծին մէջ երէկ հանդիպում ունեցած է Պելճիքայի թագաւոր Ֆիլիփի հետ:

Հանրապետութեան նախագահն ու Պելճիքայի թագաւորը իրենց հանդիպումը եւ  նախագահ Սարգսեանին Պրիւքսել այցելութիւնը լաւ առիթ նկատած են ամփոփելու Հայաստանի եւ Պելճիքայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին յաջորդած 25-ամեայ ուղին, ինչպէս նաեւ  անդրադառնալու յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման հեռանկարին: Զրուցակիցները յոյս յայտնած են, որ այցելութեան իբրեւ արդիւնք հայ-պելճիքական բարեկամական յարաբերութիւնները ամրապնդուին համագործակցութեան նոր նախաձեռնութիւններով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան գոհունակութեամբ արձանագրած է, որ այս տարիներուն երկու երկիրներու միջպետական յարաբերութիւններուն բնորոշ եղած է փոխադարձ վստահութիւնը, բոլոր հարցերուն մէջ փոխըմբռնման հասնելու եւ զիրար սատարելու ցանկութիւնը: Նախագահը նշած է, որ Պելճիքան Հայաստանի համար կարեւոր գործընկեր է ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ  բազմակողմանի հարթակներուն վրայ, մասնաւորապէս` Եւրոպական Միութեան:

Այդ շրջագիծին մէջ Հայաստանի նախագահը եւ Պելճիքայի թագաւորը  անդրադարձած են Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան պրիւքսելեան վեհաժողովին քննարկուելիք հարցերու օրակարգին, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման, նաեւ Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովի շրջագիծին մէջ նախատեսուած` Հայաստանի եւ  Եւրոպական Միութեան յարաբերութիւններու նոր շրջանակային փաստաթուղթին` Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին:

 

 

Նախորդը

«Մենք Կ՛աջակցինք Համանախագահներուն Ջանքերուն» Կ՛ըսէ Հան

Յաջորդը

Երեսփոխան Ռաատ Կը Վերահաստատէ Լիբանանի Կայունութեան Ու Ներքին Անդորրութեան Պահպանման Պատրաստակամութիւնը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?