Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բոլոր Հայկական Վարժարաններուն Մասնակցութեամբ «Անսխալ Գրենք» Մրցումի Կազմակերպում

November 27, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 26 նոյեմբեր 2017-ին, խուռներամ բազմութիւն մը հաւաքուած էր «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին առջեւ… «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին մասնակցող փոքրիկներն էին, որոնք արդէն ճշդուած ժամէն իսկ առաջ եկած էին ապրելու համար իրենց առաջին փորձառութիւնը` նկատի առնելով, որ աւանդութիւն դարձած այս մրցումին կը մասնակցին չորրորդ, հինգերորդ եւ վեցերորդ դասարանի աշակերտները:

Այսպէս, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը յաջորդաբար ընդունեց նախակրթարանի վերջին երեք կարգերու աշակերտները, թիւով աւելի քան 250 հոգի, եկած հայկական բոլոր վարժարաններէն` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ-Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Վահան Թէքէեան վարժարան, Ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ, Ազգային միացեալ վարժարան, ՀԲԸՄ-ի Պ. Կարմիրեան վարժարան եւ Համազգային Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան:

Մրցումը սկսաւ 4-րդ դասարանի աշակերտներով, յետմիջօրէի ժամը ճիշդ 3:00-ին: Այս դասարանի աշակերտներուն համար, ինչպէս նշեցինք, մրցումը բոլորովին նորութիւն է, որովհետեւ անոնք անհամբեր կ՛ուզեն ապրիլ այդ արկածախնդրական պահերը, սակայն հակառակ այդ իրողութեան, անոնք շատ լրջութեամբ, կեդրոնացած եւ մանաւանդ բծախնդրութեամբ կը կատարեն ուղղագրութեան մրցումը: Մրցումի աւարտին իւրաքանչիւր դասարանի մասնակիցներուն բաժնուեցաւ յիշատակի նուէր, տրամադրուած` «Ազդակ»-ի կողմէ: Չորրորդ դասարանէն ետք սրահը յաջորդաբար գրաւեցին 5-րդ դասարանի աշակերտները` յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, եւ 6-րդ դասարանի աշակերտները` երեկոյեան ժամը 5:00-ին:

«Փիւնիկ» սրահին մէջ տիրող խանդավառ մթնոլորտը, հայկականութիւն ցոլացնող ու ապագայ խոստացող ընդհանուր երեւոյթը համատեղ գործակցութեան արդիւնք է: Արդարեւ, աշակերտներու ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերու գործակցութեան ու պարտաճանաչութեան շնորհիւ «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմը կը յաջողի իրականացնել այս եւ նմանօրինակ այլ մրցումները` սատարելով մեր նոր սերունդին մօտ ինքնութեան գիտակցութեան ու պահպանման: Մեր շնորհակալութիւնները ձե՛ր բոլորին, անխտիր, ծնողք թէ՛ հայկական վարժարաններու պատասխանատուներ, որ գործակցելով մեզի հետ, կը սատարէք հայապահպանման գործին մէջ ներդրում ունենալու: Վերջապէս, յատուկ շնորհակալութիւն մեր նոր փոքրիկ սերունդին, որ ամէն տարի աւելի մեծ խանդավառութեամբ կու գայ մասնակցելու մրցումին եւ գոհունակութիւն կ՛ապրի, որ ինք եւս իր կարգին իրագործում մը կատարեց:

Նախորդը

Նոր Ատանայի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնի Նշում

Յաջորդը

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէ. Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակի Նշում Եւ Զինուորական Ցուցադրութիւն

RelatedPosts

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն  Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն  Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կրնանք Հիմա Հեռանալ, Սակայն Կ՛ուզենք Իրանի Մէջ Մեր Իրագործած Արդիւնքներուն Երկար Գոյատեւումը Երաշխաւորել»

October 23, 2026
Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները  Ռազմաճակատին Վրայ»
Գլխաւոր լուրեր

Զելենսքի. «Ուքրանիա Պատրաստ Է Սառեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները Ռազմաճակատին Վրայ»

October 23, 2026
Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային  Հաղորդակցութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Էրտողան-Ալիեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.