Գլխաւոր լուրեր

«Զօրեան» Հիմնարկի Նախագահը  Այցելեց «Ազդակ»

«Զօրեան» Հիմնարկի Նախագահը Այցելեց «Ազդակ»

«Զօրեան» գիտահետազօտական հիմնարկի նախագահ Գուրգէն Կրեկ Սարգիսեան նախանցեալ օր այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: «Զօրեան» հիմնարկը տասնամեակներէ ի վեր յատկապէս ցեղասպանագիտութեան մէջ ուշագրաւ նորութիւններ բերած եւ հետազօտութիւններ կատարած է յատկապէս արխիւային նիւթեր յայտնաբերելու ուղղութեամբ: «Զօրեան» հիմնարկին կապուած են ակադեմական միջազգային հանրութեան ծանօթ անուններ, ցեղասպանագէտներ, արխիւագէտներ, գիտնականներ: «Զօրեան» հիմնարկի գործունէութեան «Ազդակ» կ՛անդրադառնայ տակաւին: Գուրգէն Կրեկ Սարգիսեանի հետ տեղի ունեցած շահեկան...

Նախագահ Սահակեանի Հրամանագիրով Սահմանուած Է Նոր Կառավարութեան Կառուցուածքը

Նախագահ Սահակեանի Հրամանագիրով Սահմանուած Է Նոր Կառավարութեան Կառուցուածքը

Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան 25 սեպտեմբերին ստորագրած է հրամանագիր մը, որով սահմանուած է կառավարութեան հետեւեալ կառուցուածքը. պետական նախարար, առողջապահութեան նախարարութիւն, արդարադատութեան նախարարութիւն, արտաքին գործոց նախարարութիւն, աշխատանքի, ընկերային հարցերու եւ վերաբնակեցման նախարարութիւն, բնապահպանութեան եւ բնական պաշարներու նախարարութիւն, գիւղատնտեսութեան նախարարութիւն, տնտեսութեան եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու նախարարութիւն, կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւն, մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն, պաշտպանութեան նախարարութիւն, քաղաքաշինութեան նախարարութիւն, ելեւմուտքի նախարարութիւն:...

Հայաստանի Եւ Իրաքի Քաղաքական Համաձայնութիւնները Պէտք Է Տարածուին Տնտեսական Բնագաւառին Վրայ Եւս

Հայաստանի Եւ Իրաքի Քաղաքական Համաձայնութիւնները Պէտք Է Տարածուին Տնտեսական Բնագաւառին Վրայ Եւս

25 սեպտեմբերին Երեւանի մէջ ընթացք առած է   տնտեսական, առեւտրական, գիտական եւ  թեքնիք համագործակցութեան հարցերով Հայ-իրաքեան միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի չորրորդ նիստը: Սեպտեմբեր 25-ին եւ 26-ին յանձնախումբը կը քննարկէ հայ-իրաքեան համագործակցութեան աշխուժացման վերաբերող հարցեր: Իրաքի պատուիրակութեան մաս կը կազմեն տարբեր բնագաւառներու նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք  պատրաստակամ են քննարկելու առկայ համագործակցութիւնը զարգացնելու հարցեր: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Իրաքի  գիւղատնտեսութեան նախարար, իրաքեան կողմի համանախագահ Ֆալահ Հասան...

Էլիզէի Պալատին Մէջ.   Մաքրոն Ընդունեց Նախագահ Աունը

Էլիզէի Պալատին Մէջ. Մաքրոն Ընդունեց Նախագահ Աունը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ քառօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ֆրանսա` ընդառաջելով Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հրաւէրին: Նախագահ Աունին ընկերակցեցաւ Առաջին տիկին Նատիա Աուն, պետական նախարար Փիեռ Ռաֆֆուլ, Ֆրանսայի մէջ Լիբանանի դեսպան Ռամի Ատուան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տնօրէն դեսպան Ղատի Խուրի: Կը նախատեսուի, որ պատուիրակութեան միանայ նաեւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ: Շանզելիզէի յաղթանակի կամարին տակ...

«Սովորական Անձնաթուղթի Կամ Անցագիրի Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւն Կատարելը Զայն Յետաձգելէն Շատ Աւելի Լաւ Է»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Սովորական Անձնաթուղթի Կամ Անցագիրի Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւն Կատարելը Զայն Յետաձգելէն Շատ Աւելի Լաւ Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը աշխատավարձի յաւելումներու օրէնքին թեր քուէարկած է, իսկ տուրքերու վաւերացման նիստին ներկայ չէ գտնուած, որովհետեւ տուրքերու օրէնքը համոզիչ չէ գտած: Այս շրջագիծին մէջ երեսփոխան Բագրատունի հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն միշտ ջատագովը եղած է յառաջատուական տուրքերու որդեգրումին, այսինքն` իւրաքանչիւր դասակարգ կը վճարէ...

Մեծ Շուքով Եւ Հանդիսութեամբ Հնչեց Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յոյս Եւ Լոյս Ներշնչող Անդրանիկ Զանգը

Մեծ Շուքով Եւ Հանդիսութեամբ Հնչեց Ազգային Միացեալ Վարժարանի Յոյս Եւ Լոյս Ներշնչող Անդրանիկ Զանգը

25 սեպտեմբեր 2017-ը լիբանանահայ գաղութի նոր իրագործումներուն մէջ իւրայատուկ եւ անկիւնադարձային թուական մըն է, որովհետեւ արդիական եւ գեղեցիկ վարժարան մը ունենալու երազը վերջապէս դարձած է իրականութիւն, երբ մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ հնչեց Ազգային միացեալ վարժարանի անդրանիկ զանգը: Յոյս եւ լոյս ներշնչող այս կառոյցը ո՛չ միայն Ազգային առաջնորդարանին, այլ նաեւ գաղութին համար էական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ համահայկական եւ հանրակրթական առումով կ՛ամրապնդէ...

Խմբագրական.   Հայ Մարդուժի Գլխաւոր Արտադրամասը`  Դէպի Աղբիւրը Լոյսին

Խմբագրական. Հայ Մարդուժի Գլխաւոր Արտադրամասը` Դէպի Աղբիւրը Լոյսին

Լիբանանահայ բազմահազար աշակերտներ, հարիւրաւոր հայ ուսուցիչներ, կրթական պատասխանատուներ  դէպի աղբիւրը լոյսին կ՛ուղղեն իրենց քայլերը 2017-2018 կրթական տարեշրջանին ընդառաջ սորվելու, բայց նաեւ սորվեցնելու, հմտանալու, բայց նաեւ այդ հմտութիւնները յայտնաբերելու, յաջողելու, բայց նաեւ յաջողութեան գաղտնիքները փոխանցելու, բայց մանաւանդ մարդկօրէն ու հայօրէն կազմաւորուելու եւ կազմաւորելու համար: Ամէնէն նուիրական առաքելութեան կը լծուին այս ոլորտի գործիչները եւ իրենց կենսագրութեան ամէնէն հիմնական փուլը կը թեւակոխեն մեր...

Նալբանդեան-Մամետեարով Հանդիպումին Քննարկուած Է Նախագահներուն Հանդիպման Նախապատրաստութիւնը

Նալբանդեան-Մամետեարով Հանդիպումին Քննարկուած Է Նախագահներուն Հանդիպման Նախապատրաստութիւնը

23 սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանն ու Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովը` ներկայութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ  Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրիւ Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքի: Անկէ ետք համանախագահները հրապարակած են հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշած են: «Խորհրդակցութիւններուն հիմնական նպատակը...

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը  Էդուարդ Նալբանդեանին Ներկայացուցած Է  Ահաբեկչութեան Դէմ Սուրիոյ Պայքարը

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Էդուարդ Նալբանդեանին Ներկայացուցած Է Ահաբեկչութեան Դէմ Սուրիոյ Պայքարը

Աշխատանքային այցելութեամբ Նիւ Եորք գտնուող Հայաստանի եւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ուալիտ Մոալլեմ 22 սեպտեմբերին ունեցած են հանդիպում մը, որուն առանցքը հանդիսացած են Սուրիոյ մէջ ընթացող պատերազմն ու սուրիական վարչակարգին պայքարը` ահաբեկչութեան դէմ: Էդուարդ Նալբանդեան նշած է, որ Հայաստան ուշադրութեամբ կը հետեւի Սուրիոյ եւ շրջանին մէջ արձանագրուող զարգացումներուն` յոյս յայտնելով, որ սուրիական ճգնաժամը կ՛ունենայ շուտափոյթ խաղաղ հանգուցալուծում:...

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան  Վերականգնման Առիթով Ընդունելութիւն`  Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Հրաւէրով

Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման Առիթով Ընդունելութիւն` Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանատան Հրաւէրով

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան կազմակերպութեամբ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման առիթով շաբաթ, 23 սեպտեմբեր 2017-ին «Քեմփինսքի սամըրլենտ» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ներկայ էին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցիչ նախարար Նիքոլա Թուէյնի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ երեսփոխան տոքթ. Պասեմ Շապ, խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր 5.  Դեսպան Մկրտչեան Դասախօսեց  «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր 5. Դեսպան Մկրտչեան Դասախօսեց «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն

Անոնք Ներկայ Գտնուեցան Հայաստանի Անկախութեան Վերականգնման 26-ամեակի Յատուկ Ընդունելութեան  «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, «Ապագայ լրագրողներ»-ը այցելեցին հայկական դեսպանատուն: Ուրբաթ, 22 սեպտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ընդունեց «Ապագայ լրագրողներ»-ը, որոնց ներկայացուց դեսպանատան աշխատանքներն ու տարբեր բաժանմունքները: Ան անդրադարձաւ Լիբանան-Հայաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումին, երկկողմանի յարաբերութիւններու ծաւալումին, ինչպէս նաեւ այդ յարաբերութիւնները ամրապնդելու նպատակով...

Հայաստանի Վերանկախութեան Նշում`  Պաշտպանութեան Նախարարութեան  Կեդրոնատեղիին Մէջ

Հայաստանի Վերանկախութեան Նշում` Պաշտպանութեան Նախարարութեան Կեդրոնատեղիին Մէջ

21 սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 26-րդ տարեդարձին առիթով պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է տօնական ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ուղերձ յղած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ հայոց անկախ պետականութեան վերականգնումը նկատած է իրականացումը մեր վաղեմի երազին եւ պսակումը այն տեւական ու հերոսական պայքարին, զոր մղած էին հայորդիներու բազում սերունդներ: Ըստ անոր, 26 տարուան ընթացքին շատ բաներ կատարուած են,...

Նախագահներն Ու Կաթողիկոսները  Այցելեցին Եռաբլուր

Նախագահներն Ու Կաթողիկոսները Այցելեցին Եռաբլուր

21 սեպտեմբերին` Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 26-րդ տարեդարձին առիթով, Եռաբլուր պանթէոն այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական վերնախաւը: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ յարգանքի տուրք մատուցեցին իրենց կեանքը հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Հնչեց Հայաստանի քայլերգը, ապա` «Հայր մեր»-ը:

Հրանդ Մարգարեան. «Եթէ Մենք Չենք Խօսիր  Ղարաբաղի Հողային Ամբողջականութեան  Վերականգնման Խնդրով, Շատ Մեծ Անպատեհութիւն Է  Խօսիլ Որեւէ Զիջումի Մասին»

Հրանդ Մարգարեան. «Եթէ Մենք Չենք Խօսիր Ղարաբաղի Հողային Ամբողջականութեան Վերականգնման Խնդրով, Շատ Մեծ Անպատեհութիւն Է Խօսիլ Որեւէ Զիջումի Մասին»

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան խօսեցաւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի յայտարարութեան մասին` հաստատելով, որ Արցախը ոչինչ ունի զիջելիք: Ան ըսաւ. «Մենք մեր դիրքորոշումը վաղուց արտայայտած ենք: Եթէ Նալբանդեանը կ՛ըսէ, թէ Ղարաբաղի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը առաջնահերթ է, ուրեմն Ղարաբաղի ժողովուրդը պէտք է որոշէ, ոչ` Նալբանդեանը:  Երկրորդ, եթէ մենք չենք խօսիր Ղարաբաղի հողային ամբողջականութեան վերականգնման խնդրով, շատ մեծ անպատեհութիւն է խօսիլ...

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան  Կը Պարգեւատրուի Հայաստանի  Հանրապետութեան «Մխիթար Գոշ» Մետալով

ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Կը Պարգեւատրուի Հայաստանի Հանրապետութեան «Մխիթար Գոշ» Մետալով

Հայաստանի անկախութեան տօնին առիթով կատարուած պարգեւատրումներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահի 2017-ի մրցանակներու յանձնման արարողութիւնը: Վկայագիրները մրցանակակիրներուն յանձնած է նախագահ Սերժ Սարգսեան: Տարբեր բնագաւառներու մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար պարգեւատրուած անձնաւորութիւններու կարգին էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ դատի Միջազգային խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որուն շնորհուած է «Մխիթար Գոշ» մետալ: «Մխիթար Գոշ» մետալը կը շնորհուի պետական եւ հասարակական-քաղաքական...

Արցախ Այցելած Երեք Քոնկրեսականները` Ազրպէյճանի «Սեւ Ցանկ»-ին Մէջ

Արցախ Այցելած Երեք Քոնկրեսականները` Ազրպէյճանի «Սեւ Ցանկ»-ին Մէջ

Վերջին օրերուն Արցախ այցելած Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան երեք անդամներու անունները յայտնուած են Ազրպէյճանի անբաղձալի անձերու` «Սեւ ցանկ»-ին մէջ: Ըստ ազրպէյճանական «Ազատլիք» կայքին, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւ յայտարարած է, որ «Սեւ ցանկ»-ին մէջ ներառուած են քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաոն, Ֆրանք Փալոնը եւ Թալսի Կապարտը:

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց  Կարօ Փայլանն Ու Ամերիկացի Քոնկրեսականները

Նախագահ Սարգսեան Ընդունեց Կարօ Փայլանն Ու Ամերիկացի Քոնկրեսականները

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 22 սեպտեմբերին ընդունած է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ Կարօ Փայլանը, որ Հայաստան կը գտնուի Հայաստան-Սփիւռք համահայկական 6-րդ համաժողովին մասնակցելու նպատակով: Հանրապետութեան նախագահը ողջունած է հայ երեսփոխանը` կարեւոր նկատելով համահայկական օրակարգի խնդիրներու քննարկման նուիրուած համաժողովին անոր մասնակցութիւնը եւ այդ խնդիրներու լուծման իր նպաստը բերելու պատրաստակամութիւնը: Կարօ Փայլան նախագահ Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցած է Թուրքիոյ հայ համայնքին ներկայ իրավիճակը, նախագահ...

Խմբագրական.  Քաղաքականօրէն Անկախը Կախեալութեան Հականիշը Չէ  (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման 26-Ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Քաղաքականօրէն Անկախը Կախեալութեան Հականիշը Չէ (Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան Վերականգնման 26-Ամեակին Առիթով)

Անկախութիւնը բացարձակ արժէք ըլլալով իր բացարձակութեան մէջ կիրարկելիութեան խնդիր ունի: Անկախը այս պարագային կախեալութեան հականիշ է բառացիօրէն, սակայն քաղաքական-քաղաքագիտական տրամաբանութեամբ միեւնոյն իմաստը կրնայ չունենալ: Անկախ պետութիւնները իրաւական նշանակութիւն ունին նախ եւ առաջ, իբրեւ պետական զատ միաւոր ճանչցուած, աշխարհագրական որոշ տարածքի վրայ գործող, սահմաններ պաշտպանող եւ ժողովուրդ ղեկավարող գոյութիւն: Անկախ պետութիւնն է միայն, որ իբրեւ լիիրաւ անդամ մաս կրնայ կազմել միջազգային...

Հաղորդագրութիւն

Յայտարարութիւն

26 տարի առաջ, սեպտեմբեր 21-ին, մեր ժողովուրդը հանրաքուէի ճամբով «Այո՛» ըսաւ անկախութեան: Արցախեան մարտնչումներու եւ ահաւոր երկրաշարժի բարդ ու տագնապալի պայմաններուն մէջ, մեր ժողովուրդը ընտրեց անկախ պետականութեամբ ինքզինք հաստատելու եւ ամրապնդելու ուղին: Դիւրին չեղան անկախութեան 26 տարիները: Արցախի պատերազմը, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ մեր երկրին պարտադրուած շրջափակումը, քաղաքական կեանքի կայունութեան եւ համերաշխութեան սպառնացող մարտահրաւէրները, անցնող 26 տարիներուն, մեր երկիրն ու...

«Դաշնակցութիւնը Կ՛ողջունէ Նախագահին` ՄԱԿ-ի Մէջ Կատարած Յայտարարութիւնը» Հաստատեց Կիրօ Մանոյեան

«Դաշնակցութիւնը Կ՛ողջունէ Նախագահին` ՄԱԿ-ի Մէջ Կատարած Յայտարարութիւնը» Հաստատեց Կիրօ Մանոյեան

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան  Հայաստան-սփիւռք համաժողովի ժամանակ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը կ՛ողջունէ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն Հայաստանի նախագահին կատարած յայտարարութիւնը եւ յոյս ունի, որ ո՛չ մէկ դրական փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ արձանագրութիւններուն գծով, եւ նախագահը իր ըսածը կ՛ընէ յաջորդ գարնան նախօրէին: Մանոյեան նշեց նաեւ, որ նախագահին յայտարարութիւնը քիչ մը...

Page 605 of 796 1 … 604 605 606 … 796

Արխիւներ