Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց իր աշխատութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին

Նոյեմբեր 23, 2017
| Անդրադարձ, Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter


Agencia Prensa Armenia, Արժանթինեան «Փայիտոս» հրատարակչատունը անցեալ օգոստոսին լոյս ընծայեց Խաչիկ Տէր Ղուկասեանի աշխատասիրութիւնը` Միջին Արեւելքի տագնապին մասին: Գիրքը հրատարակուեցաւ «Ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է իմանալ» շարքին մէջ` «Ամէն ինչ, որ անհրաժեշտ է իմանալ Միջին Արեւելքի տագնապին մասին» խորագիրով: Գիրքին մասին անդրադարձաւ արժանթինեան գրաւոր եւ բանաւոր մամուլը, ի մասնաւորի` ամենատարածուն «Քլարին» օրաթերթի շաբաթական յաւելուածը, ուր գրախօսական մը լոյս տեսաւ, նաեւ` «Փերֆիլ» թերթը, որ հրատարակեց գիրքէն լայն հատուածներ:

Գիրքին առաջին ներկայացումը տեղի ունեցաւ Լանուսի պետական համալսարանին մէջ` հոկտեմբերին կազմակերպուած կլոր սեղանի մը ծիրին մէջ: Նոյեմբեր 14-ին գիրքը ներկայացուեցաւ «Արմենիա» մշակութային ընկերակցութեան մէջ` կազմակերպութեամբ Ա. Մ. ընկերակցութեան եւ ՀՅ Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին: Ձեռնարկը հովանաւորուած էր համայնքային կազմակերպութիւններու համախմբման (ԻԱՐԱ) կողմէ:

Գիրքի ներկայացման եւ հրապարակային քննարկումը կատարեցին` «Փրենսա Արմենիա»-ի հիմնադիր եւ ներկայի պատասխանատու Պօղոս Քենտիքեանը, «Փերֆիլ» թերթի միջազգային բաժնի պատասխանատու Սանթիակօ Ֆարելը եւ թուային «Տիարիօ Սիրիօ-Լիպանես» շաբաթաթերթի խմբագիր Խըտըր Խալետը:

Բացման խօսքով հանդէս գալով` Քենտիքեան անդրադարձաւ Միջին Արեւելքի մէջ լրագրողներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն` արագընթաց իրողութիւններու առարկայական տարածման համար, հակառակ ամէն տեսակի սպառնալիքներու: Գիրքին մասին խօսելով` ան յիշեց Պիլ Քովաչի սահմանումը, որ լրագրութիւնը կը նկատէ` «Պատմութեան առաջին տարբերակը», եւ ընդգծեց գիրքին մէջ տեղ գտած առատ տեղեկութիւնները, որոնք ներկայացուած են պատմական իրենց ոլորտին մէջ:

Խըտըր Խալետի համար գիրքին հիմնական արժէքներէն մէկը կը կայանայ իր ե՛ւ մատչելիութեան` տարածաշրջանին մասին հիմնաւորուած գաղափար մը ուզող ոեւէ ընթերցողի, ե՛ւ Միջին Արեւելքը վերլուծողներուն տեսական իւրայատուկ դիտանկիւն մը հրամցնելու զոյգ յաջողութիւններուն մէջ:

Սանթիակօ Ֆարել վեր առաւ գիրքին եզրակացութեան մէջ վերլուծուած գաղափարը, ըստ որուն, Միջին Արեւելքի մէջ տագնապի վերարտադրութեան ժխտական հոլովոյթը կրնայ կասեցուիլ միայն այն ատեն, երբ ազգային, կրօնական թէ ցեղային տարբերութիւնները ընդունելի դառնան եւ համագոյակցին:

Վերջաւորութեան խօսք առաւ հեղինակը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն, ներկայացնողներուն եւ մասնակիցներուն: Ան անդրադարձաւ գիրքի ծննդոցի հոլովոյթին, որ արդիւնք է տարիներու ընթացքին Միջին Արեւելքի մասին իր դասաւանդութեանց եւ մամուլին մէջ տարածաշրջանային իրադարձութիւններու մասին իր գրած յօդուածներու ծնունդ ընդհանրական հետեւումներու: Միջին Արեւելքի մէջ ծնած ու մեծցած ըլլալու իրողութիւնը կրնայ ապրումներու եւ իրադարձութիւններու հետ անմիջական հաղորդակցութեան առաւելութիւնը տալ վերլուծողին, ըսաւ ան: Այդ մէկը, սակայն, ո՛չ անհրաժեշտ, ո՛չ ալ, մանաւանդ, բաւարար պայման է նման բարդ ու յարափոփոխ տագնապի մը հասկացողութեան եւ անոր ընդհանրական պատճառ-հետեւանքները կարելի եղած յստակութեամբ բացատրելու կարողութեան: «Գիրքը գրելու գլխաւոր մարտահրաւէրը եղաւ` գտնել տեսական այն մօտեցումները, որոնք ամէնէն աւելի յստակօրէն թոյլ կու տան ընդհանրական, բայց ոչ պարզացուած վերլուծում մը ներկայացնելու», ըսաւ ան:

Տէր Ղուկասեան ծնած է Լիբանան եւ հաստատուած` Արժանթին, ուր վարած է «ԱՐՄԵՆԻԱ» թերթի խմբագրութիւնը: Մասնագիտանալով միջազգային յարաբերութիւններու մարզին մէջ, Տէր Ղուկասեան նուիրուեցաւ ակադեմական ասպարէզի: Հեղինակ է սպաներէն, անգլերէն եւ հայերէն գիրքերու, մասնագիտական աշխատասիրութիւններու եւ յօդուածներու: Հոկտեմբերի աւարտին ան ստացաւ տեղւոյն Սուրիա-լիբանանեան ակումբի «Ուկարիթ 2017» մրցանակը մշակոյթի դասակարգին մէջ` ակադեմական ասպարէզին մէջ տարիներու իր ներդրումին համար:

Ներկայացուած գիրքը Միջին Արեւելքի մէջ տագնապը եւ ուժային յարաբերութիւնները կը վերլուծէ պետական համակարգերու ծագման, զարգացման ու պառակտման եւ քաղաքական հասարակագիտութեան տեսական զոյգ մօտեցումներով եւ անոր պատմական հոլովոյթը կը բացատրէ ազգային երկու ծրագիրներու բախումին եւ ներիսլամական կրօնական պատերազմի իրերայաջորդ փուլերով: Նախատեսուած են այս գիրքի այլ ներկայացումներ եւս:

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Անթիլիասի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի Համաժողով

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?