Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատմական Իրադարձութիւն.. Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Համագործակցութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ

November 25, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը երէկ ստորագրեցին Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսքի ներկայութեան` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի կողմէ:

Ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքի «Եւրոպա» մեծ ու խորհրդանշական կառոյցին մէջ` Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովին ծիրին մէջ:

«Անիկա բոլորիս միացեալ յաջողութիւնն է եւ կրնայ դրական նախադէպ դառնալ համագործակցային այլ ծրագիրներու համար», նախապէս ունեցած իր ելոյթին ընթացքին ըսած էր Հայաստանի Հանրապետութեան  նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահ Սարգսեան նշած էր նաեւ, որ 2017-ն իրաւամբ կարելի է նկատել Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու քառորդ դարեայ պատմութեան կարեւոր փուլերէն մէկը, որ նշանաւոր կը դառնայ այսօր` այս վեհաժողովին ծիրին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ստորագրումով:

«Անիկա համընդգրկուն փաստաթուղթ է, կ՛արտացոլէ մեր երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան վերջին շրջանի նշանակալի զարգացումները եւ կը սահմանէ անոնց խորացման համար անհրաժեշտ ուղենիշները:

Այս համաձայնագիրը սոսկ նոր իրաւական փաստաթուղթ չէ, այլ մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու վրայ խարսխուած այն արժեհամակարգի արտացոլումն է, որ մենք կը դաւանինք: Համաձայնագիրին հիմքը ժողովրդավարութեան արմատաւորման այնպիսի կարեւոր դրոյթներ են, ինչպէս` իրաւունքի գերակայութիւնը, արդարադատութեան ամրապնդումը, պետական եւ հասարակական հիմնարկներու զարգացումը, լաւ կառավարումը: Այս դրոյթները արդիւնաւէտօրէն կեանքի կոչելը կենսական կարեւորութիւն ունի մեր երկրին մէջ հետագայ բարեփոխումները յաջողութեամբ իրականացնելու տեսանկիւնէն», ըսած է նախագահ Սարգսեան:

Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրով` կողմերը հաստատակամութիւն կը յայտնեն ամրապնդելու համապարփակ քաղաքական եւ տնտեսական գործընկերութիւնն ու համագործակցութիւնը` հիմնուած ընդհանուր արժէքներու եւ սերտ կապերու վրայ, ներառեալ` բարձրացնելով Հայաստանի Հանրապետութեան մասնակցութիւնը Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան, ծրագիրներուն եւ գործակալութիւններու աշխատանքներուն: Համաձայնագիրով նպատակ կը հետապնդուի խթանելու, պահպանելու եւ ամրապնդելու խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը ե՛ւ շրջանային, ե՛ւ միջազգային մակարդակներով, ներառեալ` լարուածութեան աղբիւրները վերացնելու համար ջանքերը համախմբելու, սահմանային անվտանգութիւնը զօրացնելու միջոցով, ինչպէս նաեւ միջսահմանային համագործակցութիւնն ու բարի դրացիական յարաբերութիւնները: Կ’ընդլայնուի նաեւ շարժունակութիւնը եւ տարբեր երկիրներու մարդոց միջեւ կապը:

Համաձայնագիրով կը շեշտուի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ եւ տեւական լուծման համար Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութեան կարեւորութիւնը եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ վարուող բանակցութիւններուն ծիրին մէջ այդ լուծման ըստ կարելւոյն շուտ հասնելու անհրաժեշտութիւնը. ընդունելով նաեւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ եւ ԵԱՀԿ-ի Հելսինքեան եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ ամրագրուած նպատակներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ այդ լուծման հասնելու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորապէս, այն նպատակներու եւ սկզբունքներու, որոնք կ՛առնչուին ուժի կիրարկումէն կամ անոր սպառնալիքէն խուսափելուն, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ու ինքնորոշման իրաւունքին եւ արտացոլուած են ԵԱՀԿ-ի 2008-ի նախարարներու խորհուրդի 16-րդ հանդիպումէն ի վեր ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ եղած բոլոր յայտարարութիւններուն. նշելով նաեւ լուծման այս հոլովոյթին աջակցելու` Եւրոպական Միութեան յայտարարուած յանձնառութիւնը: Համաձայնագիրին մէջ, իբրեւ ընդհանուր սկզբունք կը շեշտուին ժողովրդավարական սկզբունքներու, իրաւունքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու հանդէպ յարգանքը:

Կողմերը կը վերահաստատեն ազատ շուկայական տնտեսութեան սկզբունքներու, կայուն զարգացման, շրջանային համագործակցութեան եւ արդիւնաւէտ բազմակողմանիութեան վերաբերեալ իրենց յանձնառութիւնը:

Նախորդը

Եւրոպական Միութեան Արեւելեան Գործընկերութեան Հռչակագիրը Ընդունուած Է. Նախագահ Սարգսեան. «Հայաստանը Պիտի Շարունակէ Հաւատարիմ Մնալ Խաղաղութեան Ամրապնդման Եւ Կայուն Զարգացման Իր Տեսլականին»

Յաջորդը

Հաստատելով, Որ Կացութիւնը Հակակշիռի Տակ Է. «Կ՛աշխատինք Զբօսաշրջային Նոր Շուկաներու Ներգրաւման Ռազմավարութեան Վրայ» Յայտարարեց Նախարար Աւետիս Կիտանեան

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը` Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ

January 14, 2026
ՀՅԴ Հայաստանի Կազմակերպութեան  29-րդ Գերագոյն Ժողովի Յայտարարութիւնը`  Ազգային Ժողովի Ընտրութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ-ն Որոշեց Մասնակցիլ 2026-ի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Նախապատուութիւնը Տալով Դաշինքային Ձեւաչափին

January 14, 2026
Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը  Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի»  Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն
Հայկական

Միրզոյեան Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Անդրադարձած Են «Թրիփփ Ուղի» Ծրագիրին Կեանքի Կոչման Քայլերուն

January 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.