Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակին Առիթով. Լիբանանի Անդորրութեան Ամրապնդման Հրամայականի Շեշտաւորում

Նոյեմբեր 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի անկախութեան 74-ամեակին նախօրեակին, երէկ երկրի ղեկավարներու  եւ պատասխանատուներու կեցուածքներուն առանցքը կազմեց Լիբանանի անդորրութեան ու կայունութեան պահպանման հրամայականը: Նախագահ զօրավար Միշել Աուն երէկ երեկոյեան պատկերասփռուած ելոյթով լիբանանցիներուն ուղղեց Անկախութեան տօնի պատգամը` շեշտելով երկրի վարիչներուն նախանձախնդրութիւնը կայունութեան ու խաղաղութեան ամրապնդման գծով:

«Անկախութիւնը անխոնջ գործունէութիւն է, յարատեւ պայքար եւ փուլ առ փուլ ամրագրուած պատմութիւն», յայտարարեց նախագահ Աուն իր պատգամին մէջ` դիտել տալով, թէ այս իշխանութիւնը այդ փուլերէն մէկն է, որուն գծով «ջանք չեմ խնայեր զայն պայծառ, միասնակամ եւ գերիշխան պահելու»: «Այն հայրենիքը, որուն հողը ազատագրուեցաւ իսրայէլեան եւ հաւատադրժողական թշնամիներէն, դիւրին չէ նուաստացնել, այնքան ատեն որ անիկա ամրագրուած է իր ներքին միասնականութեամբ», շեշտեց նախագահ Աուն` նշելով, որ ոչինչ կրնայ դարմանել շրջանային բռնկումներուն հետեւանքները, եթէ չփակուին տագնապներուն դռները: «Կառավարական վերջին տագնապը ցնցիչ փորձաքար մը  եւ ազգային մեծ հարցերու տարողութեամբ մարտահրաւէր մըն էր, զոր կարելի չէր անտեսել», ըսաւ նախագահ Աուն` ընդգծելով, որ անիկա եզակի միասնականութիւն ցուցաբերած ժողովուրդի մը եւ հայրենիքի արժանապատուութեան հարցն է: «Գերիշխանութիւնը ամբողջութիւն է, որ կարելի չէ մասնատել», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Իր խօսքին մէջ նախագահը միաժամանակ երեք պատգամներ յղեց լիբանանցիներուն, արաբական աշխարհին եւ միջազգային ընտանիքին: Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` ցնծալու ու տօնախմբելու անկախութիւնը եւ պահպանելու զայն, «քանզի սուղ գին վճարեցինք անկախութիւնը ոգեկոչումէ կամ սոսկ յիշատակէ տօնի վերածելու համար»: «Ձեր միասնականութեամբ յաղթահարեցիք բազմաթիւ դժուարութիւններ, տագնապներ եւ վտանգներ, արդ` առիթ մի՛ տաք, որ երկպառակութիւնը իր գլուխը ցցէ ձեր միջեւ», յայտնեց նախագահ Աուն եւ զինուորականներուն ուղղելով իր խօսքը ըսաւ. «Դուք երկրի ներքին միասնականութեան եւ սահմաններուն պահապաններն էք, մի՛շտ պատրաստ եղէք»:

Արաբական երկիրներուն ուղղելով իր պատգամը` նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանանի հարցը արծարծելու համար անհրաժեշտ է տրամաբանութիւն ու իմաստութիւն, եւ հակառակ բոլոր պատահածներուն, մենք տակաւին լիայոյս ենք, որ Արաբական լիկան` մեկնելով իր ուխտի սկզբունքներէն, ոգիէն ու նպատակէն` նախաձեռնէ լիբանանցի մարդուն, անկախութեան եւ գերիշխանութեան փրկութեան:

Նախագահ Աուն նաեւ կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին, որ ամրագրէ Լիբանանի կայունութիւնը` միջազգային արդարութեան ամբողջական գործադրութեան ընդմէջէն: Նախագահ Աուն անդրադառնալով ցարդ շարունակուող իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն, թուեց անցնող տասնամեակներուն Լիբանան թափանցումի իսրայէլեան փորձերը եւ հարց տուաւ, թէ արդեօք միջազգային ընտանիքը պէտք չէ՞ ձեռնարկէ ժողովուրդներու իրաւունքին, արդարութեան ու ինքնորոշման տնօրինումին վրայ հիմնուած նոր մօտեցումի:

Նախքան նախագահին պատգամը, նախարարներ յատուկ ծաղկեպսակներ զետեղեցին երկրի զանազան շրջաններուն մէջ անկախութեան հերոսներուն` Քամիլ Շամունի, Մեժիտ Արսլանի, Փիեռ Ժեմայէլի, Ապտել Համիտ Քարամէի, Ատել Օսէյրանի, Պշարա Խուրիի եւ այլ դէմքերու շիրիմներուն եւ պանթէոններուն առջեւ:

Նաեւ` Արտաքին Մակարդակի Վրայ

Անկախութեան տօնին առիթով երէկ նախագահ Միշել Աուն շնորհաւորական բազմաթիւ հեռագիրներ  ստացաւ շրջանային թէ միջազգային պետութեանց` Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ, Սէուտական Արաբիոյ, Թունուզի, Կիպրոսի, Յունաստանի, Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներէն ու ղեկավարներէն, որոնք կը վերահաստատէին իրենց զօրակցութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը Լիբանանի կայունութեան, անդորրութեան ու գերիշխանութեան ամրապնդման նկատմամբ:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի Վերադարձաւ Պէյրութ

Յաջորդը

«Մենք Ուշադիր Կը Հետեւինք Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին» Կ՛ըսէ Կրեմինկըր

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?