Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսախօս Երկիրներու Նախարարներու Վեհաժողովը Միաձայնութեամբ Ընդունեց Երեւանի Մէջ Վեհաժողովի Կազմակերպման Վերաբերեալ Հայաստանի Բոլոր Առաջարկները

November 27, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

26 նոյեմբերին Փարիզի մէջ ընթացող Ֆրանսախօս երկիրներու  նախարարներու 34-րդ համաժողովին ներկայացուեցաւ 2018-ին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովի նախապատրաստական աշխատանքներուն ընթացքը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան վեհաժողովի մասնակիցներու հաստատման ներկայացուց կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու նստաշրջաններու  ժամկէտերը, վեհաժողովի խորհրդանիշը, կարգախօսը եւ քննարկումներու հիմնական նիւթերը:

Հայաստանի առաջարկով որոշուեցան Ֆրանսախօս երկիրներու Երեւանի վեհաժողովը 11-12 հոկտեմբեր 2018-ին, իսկ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան կանոնադրական մարմիններու  նիստերը հետեւեալ օրացոյցով` 7 հոկտեմբերին Ֆրանսախօս երկիրներու մնայուն խորհուրդը, 8-9 հոկտեմբերին` կազմակերպութեան  նախարարական համաժողովը:

«Ապրիլ միասին»-ը Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարական վեհաժողովը հաստատեց իբրեւ երեւանեան վեհաժողովի կարգախօս: Այս առումով նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տեղեկացուց, որ այդ կարգախօսը պիտի դրուի կազմակերպութեան առաջարկուելիք նոր հիմնարար փաստաթուղթի` Երեւանեան համաձայնագիրի հիմքին մէջ: Նախարարին համաձայն, համաձայնագիրը կ՛արտացոլէ Ֆրանսախօս երկիրներու համընդհանուր արժէքները` մարդու եւ ժողովուրդներու  իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, միջմշակութային եւ միջկրօնական երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ պայքարը այնպիսի երեւոյթներու դէմ, ինչպիսիք են այլատեացութիւնը, անհանդուրժողականութիւնը, խտրականութիւնը եւ ատելութեան սերմանումը:

Նախարարական համաժողովին մասնակիցները դիտեցին Հայաստանի մասին տեսանիւթ` վեհաժողովի կազմակերպման պայմաններուն, նիստերու վայրին, ենթակառուցուածքներու եւ կազմակերպչական այլ հարցերու վերաբերեալ:

Ֆրանսախօս երկիրներու նախարարներու վեհաժողովը միաձայնութեամբ ընդունեց Երեւանի մէջ վեհաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ Հայաստանի բոլոր առաջարկները:

Նախորդ նախարարական համաժողովէն մինչեւ օրս կատարուած աշխատանքներուն մասին հաշուետուութիւններով հանդէս եկան Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան նախագահող երկրի` Մատակասքարի արտաքին գործոց նախարար Հանրի Ռապարի-Նցական եւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Միքայէլ Ժանը:

Ժողովին ընթացքին խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ իր գնահատականը արտայայտեց Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան տարած աշխուժ եւ արդիւնաւէտ աշխատանքին համար` աւելցնելով, որ անոր մէջ  առաւել քան տեղին են կայուն զարգացումը, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը եւ կլիմայական փոփոխութիւններուն դէմ պայքարը:

Ան վերահաստատեց Հայաստանի աջակցութիւնը կազմակերպութեան հետեւողական գործունէութեան, որ նպատակաուղղուած է ֆրանսախօս երկիրներուն մէջ խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, մարդու իրաւունքներուն վրայ լուսարձակ սփռելու` դիտել տալով, որ կազմակերպութիւնը, տարածքի եւ միջազգային գործընկերներուն հետ միասնաբար, ինչպէս նաեւ ճգնաժամային իրավիճակին մէջ գտնուող երկիրներուն նկատմամբ ցուցաբերուող օժանդակութեամբ շատ մեծ ու կարեւոր առաքելութեան լծուած է:

«Այսօր մենք ստիպուած ենք առերեսուիլ ահաբեկչութեան մնայուն սպառնալիքին: Կ’ուզեմ անգամ մը եւս խստագոյն կերպով դատապարտել ահաբեկչական գործողութիւնները, որոնց թիրախ դարձան, վերջին ժամանակաշրջանին, նաեւ ֆրանսախօսութեան անդամ երկիրները, եւ վերստին մեր լիարժէք աջակցութիւնը կը յայտնենք այս չարիքին դէմ պայքարող միջազգային հանրութեան ջանքերուն», ըսաւ նախարար Նալբանդեան` ցաւակցութիւն յայտնելով Եգիպտոսի եւ Մալիի մէջ վերջին օրերուն կատարուած ահաբեկչական սարսափելի գործողութիւններուն զոհ գացածներուն համար:

Խօսելով Արցախի տագնապին մասին` արտաքին գործոց նախարարը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ առաւ կարեւորութիւնը Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան վերջին երեք վեհաժողովներուն ընդունուած բանաձեւերուն, ուր կը վերահաստատուի Հայաստանի լիակատար աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերուն, կոչ կ’ուղղուի անվերապահօրէն յարգելու 1994 եւ 1995 թուականներու անժամկէտ եռակողմանի զինադադարի համաձայնագիրները, կը հաստատուի յանձնառութիւնը` խաղաղ լուծման բանակցային հոլովոյթը շարունակելու: «Պիտի շարունակենք գործել ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն առաջարկած անբաժան ամբողջութիւն հանդիսացող սկզբունքներուն հիման վրայ` ուժ կամ ուժի սպառնալիք չգործածելու, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ու ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան յարգում` իբրեւ տագնապի բացառապէս խաղաղ լուծման հիմք», ըսաւ Նալբանդեան:

Իր խօսքին վերջին բաժինով նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց այն ջանքերը, որոնք կը վերաբերին ժողովուրդին մէջ երիտասարդութեան դերի ամրապնդման եւ որոշումներու կայացման հոլովոյթներուն մէջ կիներու մասնակցութեան ընդլայնման: Ըստ անոր, կիներու եւ տղամարդոց իրաւունքներու հաւասարութեան մասին ֆրանսախօս երկիրներու ռազմավարութիւնը կրնայ  ներառուիլ 2018-ին տեղի ունենալիք Երեւանի վեհաժողովին ընդունման համար նախատեսուած փաստաթուղթերու շարքին:

 

Նախորդը

Ռուբեն Տէր Մինասեան (1882-1951թթ.) – Նշանաւոր յեղափոխականն ու պետական գործիչը

Յաջորդը

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կենտրոնական Կոմիտէն Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակը Կը Նշի Գիտաժողովի Անցկացմամբ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.