Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արարատ» Օրաթերթի 80-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Նոյեմբեր 25, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ հայ երեք յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն, «Արարատ» օրաթերթի հիմնադրութեան 80-ամեակին առիթով, երէկ` ուրբաթ, 24 նոյեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին, երեք յարանուանութիւններու հոգեւոր պետերուն, կուսակցական եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, պետական երեսփոխաններու, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ մամուլի գործիչներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը արտասանեց «Արարատ» օրաթերթի անձնակազմէն Շիրազ Ճէրէճեան: Ան նկատել տուաւ, որ օրաթերթը ծնունդ առած է այն տարիներուն, երբ լիբանանահայ գաղութը տակաւին կազմաւորման, կառուցման եւ ծաղկունքի մէջ էր` աւելցնելով, որ ան միացաւ լիբանանահայութեան տքնաջան աշխատանքին եւ ամէնօրեայ նուիրումին` հայը հայ պահելու եւ կերտելու ցեղասպանութեան արհաւիրքը վերապրողներուն սերունդները:

Այնուհետեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան կարդաց Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետներուն օրհնութեան գիրերը, Սեպուհ վրդ. Կարապետեան կարդաց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի օրհնութեան գիրը, իսկ վեր. Սողոմոն Քիլաղպեան կարդաց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի օրհնութեան գիրը: Ապա Շիրազ Ճէրէճեան կարդաց Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի, ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Հայ գրողներու միութեան վարչութեան նախագահ Էդուարդ Մելիտոնեանի, ՀԲԸՄ «Խօսնակ» պաշտօնաթերթի շնորհաւորագիրները:

Օրաթերթի յօդուածագիր Էդուարդ Գրիգորեան ներկայացուց «Արարատ»-ի պատմականը` հաստատելով, որ հակառակ իր դիմաց ծառացած դժուարութիւններուն, «Արարատ» օրաթերթը մնացած է պատնէշի վրայ, եւ իր 80 տարիները եղած են արդիւնաւէտ եւ բեղմնաւոր:

Անի Թորանեան խօսք առնելով անդրադարձաւ օրաթերթի մշակութային էջերուն` հաստատելով, որ «Արարատ» օրաթերթը բարձր գնահատած է իր ընթերցողներուն կարծիքը, որոնք իրենց դրական ազդեցութիւնը ձգած են իր 80-ամեայ գործունէութեան վրայ: Ան նկատել տուաւ, որ օրաթերթի մշակութային էջը ծնունդ առած է հինգ տարի առաջ` հայ ոգին, հայ մշակոյթը ընթերցողներուն փոխանցելու անհրաժեշտութեան գիտակցութենէն:

Այնուհետեւ գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Արեն, Ալեք եւ Առնօ Տօներեան եղբարք, որոնք ջութակի եւ թաւջութակի վրայ մեկնաբանեցին երաժշտական կտոր մը:

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան պատկառելի նկատեց «Արարատ»

օրաթերթի 80-ամեայ երթը լրատուութեան կիզակէտին մէջ` աւելցնելով, որ հայոց լեզուի պահպանման, հայապահպանութեան եւ ճշմարիտ լրատուութեան լոյս ընծայման առումով թերթը ունի ազնիւ առաքելութիւն:

Օրաթերթի երկարամեայ խմբագիր եւ լրագրող Սարգիս Նաճարեան, իբրեւ «Արարատ»-ի 45 տարիներու նախկին տնօրէն անդրադարձաւ իր ժամանակաշրջանին դիմագրաւած դժուարութիւններուն` շեշտելով, որ օրաթերթը կրցած է տոկալ եւ գոյատեւել առանց ընկրկելու:

«Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան խօսք առնելով յաղթանակի համազօր երեւոյթ նկատեց դասական մամուլի 80-ամեակ տօնակատարելը`  տեղեկատուական բաց համակարգի ներկայ օրինաչափութիւններուն մէջ, աւելցնելով, որ «Արարատ» օրաթերթը ներկայ բարդ եւ դժուար պայմանները, ինչպէս նաեւ անցեալին ունեցած բոլոր խոչընդոտները պատուով դիմագրաւած է: Շ. Գանտահարեան նաեւ հաստատեց, որ նման  պայմաններու մէջ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերը կը գոյատեւեն եւ հանդէս կու գան նոր ծրագիրներով:

Այնուհետեւ Գէորգ Քէշիշեան սրինգի վրայ նուագեց երաժշտական կտոր մը:

«Արարատ» օրաթերթի տնօրէն Անի Եփրեմեան ելոյթ ունենալով նկատել տուաւ, որ քիչեր հասած են 80 տարիներու սահմանագիծը, եւ «Արարատ» օրաթերթը անոնց շարքին գրաւեց իր պատուաբեր պատուանդանը` նուիրումով, զոհողութեամբ, հաւատարմութեամբ, յարատեւ հեւքով, պայքարով, մնալով միշտ պատնէշի վրայ: Ա. Եփրեմեան նաեւ շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք ի գին ամէն տեսակ զոհողութեան կանգուն պահած են օրաթերթը:

Յոբելենական հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, որ հայ մշակոյթը, հայ մամուլը եւ մամլոյ գործիչները կարիքը ունին մեր աջակցութեան, քաջալերանքին ու զօրակցութեան` մաղթելով, որ տպագիր մամուլը իր տիրական ներկայութեամբ իր ազդեցութիւնը շարունակէ մեր կեանքին մէջ եւ պահպանիչով փակեց հանդիսութիւնը:

Աւարտին կատարուեցաւ «Արարատ»-ի 80-ամեակի կարկանդակի հատում:

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Խօսքը. «Այս Կրթական Մեծ Իրագործումով Լիբանանի Հայութիւնը Իր Առանցքային Դերը Վերահաստատեց»

Յաջորդը

Զաւարեան Ուսանողական Գրասենեակ. Համալսարանական Մասնագիտութիւններու Արեւելում

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?