Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէ. Լիբանանի Անկախութեան 74-ամեակի Նշում Եւ Զինուորական Ցուցադրութիւն

Նոյեմբեր 27, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 25 նոյեմբեր 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 4:00-ին, Ֆանարի ժողովրդային տուներուն կից տեղի ունեցաւ Լիբանանի անկախութեան 74-ամեակի նշում եւ զինուորական ցուցադրութիւն: Ներկայ էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Ժտէյտէ-Սատ Պաուշրիէի քաղաքապետ Անթուան Ժպարա, Ֆանարի քաղաքապետ Ժորժ Սալամէ, Ֆանարի հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան  եւ ընկերային, մշակութային, բարեգործական միութիւններու ներկայացուցիչներ ու հոծ բազմութիւն:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի քայլերգին ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Ցոլեր Թալաթինեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին` Լիբանանի անկախութեան 74-ամեակին առիթով, ապա հրաւիրեց Պարոյր Տէր Ղուկասեանը իր խօսքը ուղղելու:

Պարոյր Տէր Ղուկասեան ըսաւ, թէ երբ կը կանգնինք լիբանանեան դրօշին դիմաց, կը զգանք, որ կանգնած ենք կեանքի ուժին դիմաց, այս դրօշը լիբանանեան մեր ինքնութիւնն է, որով կը հպարտանանք, այդ դրօշը մեր գոյութեան խորհուրդն է, պարտաւոր ենք զայն բարձր պահպանել:

Ան հաստատեց, որ հայրենիքը լոկ հողատարածք չէ, որուն վրայ կ՛ապրինք, հայրենիքը էութիւն է, որ մեր մէջ կ՛ապրի, իսկ Անկախութեան տօնը նման չէ այլ տօներու, անիկա պատմութիւն է, որ կերտուած է հերոսներու միջոցով: Անկախութեան տօնին պարտաւոր ենք բոլորս պահել մեր հայրենիքը մեր սրտերուն մէջ, պահպանել խաղաղ համակեցութիւնը երկրին տարբեր համայնքներէ սերած զաւակներուն միջեւ, եւ մանաւանդ ազգային հայրենական պատկանելիութիւնը ամէն բանէ վեր դասել:

Պ. ՏԷր Ղուկասեան ըսաւ, որ Լիբանանի անկախութեան համար մեր նախահայրերը պայքարեցան, մեր պատասխանատուութիւնն է այսօր ազնուօրէն տէր կանգնիլ այս երկրին, աշխատիլ կամքով եւ հաւատարմութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթահարել դժուարութիւնները եւ երկիրը տանիլ դէպի խաղաղ ու ապահով ափեր:

Ապա տեղի ունեցաւ ներքին ապահովութեան ուժերու շրջուն ջոկատի արագ միջամտութեան վաշտի ցուցադրութիւն, որ ընդգրկեց պարաններով շէնքէն վայրէջք, ինքնապաշտպանական ներկայացում, արգելակում զէնք փոխադրող ահաբեկիչներու:

Այնուհետեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի եւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան յուշանուէրով մը պատուեցին սպայ Էլի Հայտարը` ապահովական ուժերու զոհողութիւններուն եւ ջանքերուն համար, որոնք կը միտին պահպանել քաղաքացիներու ապահովութիւնը եւ հսկել երկրին անվտանգութեան:

Աւարտին Հրաչ Կայծակեան մեկնաբանեց փունջ մը լիբանանեան հայրենասիրական երգեր` Սեդօ Պաղտասարեանի նուագակցութեամբ:

 

Նախորդը

Բոլոր Հայկական Վարժարաններուն Մասնակցութեամբ «Անսխալ Գրենք» Մրցումի Կազմակերպում

Յաջորդը

«Պատանիի Օր»-ը Նշուեցաւ Հանդիսաւոր Շուքով` Շուշիի Ազատագրման 25-ամեակի Խորհուրդով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?