Պըրրի. «Պէտք Է Շարունակել Հայրենիքի Անկախութեան, Զայն Ստրկութենէ Ու Ենթակայութենէ Պաշտպանելու Ճակատամարտը»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Լիբանանի անկախութեան 82-ամեակին առիթով լիբանանցիներուն յղած իր պատգամին մէջ յայտնեց. «Անկախութիւնը պատմութեան մէջ օր մը չէ, ինչպէս նաեւ անցեալին տեղի ունեցած անորոշութեան վրայ հիմնուած արարք մը չէ: Անիկա լիբանանցիներուն` իբրեւ ժողովուրդ, բանակ եւ իշխանութիւններ, առօրեայ քննութիւնն է: Անիկա անոնց ուղղուած մնայուն հրաւէր է` շարունակելու հայրենիքի անկախութեան, զայն ստրկութենէ ու ենթակայութենէ պաշտպանելու ճակատամարտը, գերիշխանութեան տէր կանգնելու, ենթակայութեան...




















