ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ եւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան 20 յունուարին, Ազգային ժողովին մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ այսօր Հայաստան` իբրեւ պետութիւն չկայ, կայ Նիկոլ Փաշինեանի տնօրինած կալուածը:
Ռուստամեան անդրադարձաւ «Թրամփի ճամբայ» ծրագիրին եւ ըսաւ, որ այս վիճակով այդ ծրագիրը ընդունելի չէ իրենց համար: Բայց, բնականաբար, կարելի է բանակցիլ, եթէ Հայաստան կարենայ ճիշդ բանակցութիւններ վարել, եւ «Թրամփի ճամբան» չդառնայ կռուախնձոր, այլ մեր բոլոր ռազմավարական գործընկերները համախմբելու միջոց, այդպէս կրնայ լաւապէս աշխատիլ: «Մենք ըսած ենք` չի կրնար ԹՐԻՓՓ-ը սահմանափակուիլ քու տարածքովդ միայն, ինչո՞ւ պէտք է 43 քմ ըլլայ, եթէ մենք կը խօսինք խաչմերուկի մասին, անիկա առնուազն պէտք է գայ հասնի մինչեւ Երասխ: Ազրպէյճանն ալ մէկ կողմէ` այդ նոյն ԹՐԻՓՓ-ի տրամաբանութեամբ պէտք է հաղորդակցութեան կարելիութիւն տայ: Փոխադարձութեան մասին այսքան ժամանակէ ի վեր կը խօսին, այստեղ ի՞նչ փոխադարձութիւն կը տեսնենք, մեր տարածքին վրայ բոլորը ինչ-որ շահաբաժիններ ու կարելիութիւններ կը ստանան, բայց մենք ի՞նչ կը ստանանք իրենց տարածքներէն», հարցուց Ռուստամեան, որ նաեւ անդրադարձաւ այն երեւոյթին, թէ` «Թրամփի ճամբու» բաժնետոմսերուն միայն 26 տոկոսը պիտի պատկանի Հայաստանին, իսկ 76 տոկոսը` Միացեալ Նահանգներուն: «Չի կրնար քու տարածքովդ անցնիլ, եւ դուն գոնէ բաժնետոմսերուն կէսը չունենաս: Սա մեզ այն աստիճան նուաստացնող բան է, ինչէ՞ն սկսած են, որ հասած են 26 տոկոսի, հարց կը յառաջանայ: Ճիշդ կ՛ըսէ պարոն Օսկանեանը, եթէ լուռ նստէինք այնտեղ, կրնար աւելի լաւ վիճակ ունենայինք», ըսաւ Ռուստամեան `աւելցնելով, որ փաստօրէն Հայաստանը բանակցութիւններու ենթակայ չէ այսօր, այլ առարկայ է, սեղանին վրայ է եւ ոչ թէ սեղանին շուրջ: «Մենք այնտեղ կը նստինք ձեւականօրէն, բայց մնացածները կ՛որոշեն, թէ մեզի ի՛նչ տան», յայտնեց ան:
Ռուստամեան անդրադարձաւ «Թրամփի ճամբուն» վերաբերեալ համատեղ յայտարարութեան մէջ կատարուած այն նշումին, որ անխոչընդոտ կապ պէտք է ապահովուի Ազրպէյճանի երկու մասերուն միջեւ: «Այսինքն` այդ անխոչընդոտ կապը իրենք հիմա կը մեկնաբանեն, կ՛ըսեն` մենք խնդիր ունինք, եւ այդ անխոչընդոտութիւնը պէտք է ապահովուի: Ատոր հետ կապուած մանրամասնութիւններ կան եւ դեռ պիտի ըլլան: Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը կ՛ըսէ` մենք այնտեղ ներկայ պիտի ըլլանք, սահմանապահները անձնագիրները պիտի ստուգեն, մաքսային ծառայութիւններ պիտի կատարենք, բայց խորամանկօրէն գրած են` «Ֆրոնթ օֆիս», «Պեք օֆիս» հասկացութիւնները: Սա կը նշանակէ, որ մերոնք պիտի գտնուին «Պեք օֆիս»-ին մէջ ինչ-որ տեղ նստած, «Ֆրոնթ օֆիս»-ը պիտի ըլլայ այն, ինչ որ կ՛որոշէ ամերիկեան այդ կազմակերպութիւնը: Եւ կ՛ապահովուի Ալիեւի պահանջը, այսինքն` իրենք պէտք չէ տեսնեն հայ ոստիկանի կամ հայ սահմանապահի դէմք: Դ
ժբախտաբար, այն, ինչ որ կը լսենք մեր դրացիներէն` թուրք-ազրպէյճանական լծակից զոյգին կողմէ, անոնք կ՛իրականացուին, այն, ինչ որ կը լսենք հայկական կողմէն, ատոր հակառակը տեղի կ՛ունենայ», ըսաւ Ռուստամեան` նշելով, որ մենք այսօր Հայաստանի շահի պաշտպանութեան մասին չենք կրնար խօսիլ այն պարագային, երբ այդ բոլոր բանակցութիւններուն Հայաստանը ներկայացնողը կայ, բայց Հայաստան չկայ: «Կայ Հայաստանը ներկայացնող վարչապետ մը, որ բնականաբար իր խնդիրը կը լուծէ, իր իշխանութիւնը պահպանելու հարցը կը լուծէ: Երբ այդ տեսանկիւնէն կը նայիս, ամէն ինչ տրամաբանական է: Բնականաբար, ինք կ՛ուզէ իր իշխանութիւնը պահպանել, եւ ատիկա միայն մէկ ձեւով կրնայ ընել` ստանալ այսպիսի գովասանքներ տարբեր կողմերէ, սա փորձելով օգտագործել նախընտրական քարոզչութեան մէջ: Այսինքն` ժողովուրդը անգամ մը եւս խաբել, համոզել, որ ինք անգամ մը եւս դարակազմիկ խաղաղութիւն բերած է: 2021 թուականին ալ նոյն բաները կ՛ըսէր` իբրեւ թէ մենք պատերազմ կը բերենք, ինք եկած է, խաղաղութիւն կը բերէ: Տեսանք` ինչ բերաւ. 2021-էն ետք ամէն տարի զիջելով եկած ենք: Այսինքն` խաղաղութիւն կոչուածը հերթական փուչիկն էր, եւ մեր ժողովուրդը ճիշդ չգնահատելով` 2021 թուականին նորէն ձայն տուաւ այս իշխանութեան: Հիմա ինք նոյն հնարքը նորէն կ՛ուզէ իրականացնել», ըսաւ Ռուստամեան:


