Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լաւրով. «Հայաստանը Չի Կրնար Միաժամանակ ԵԱՏՄ-ի Եւ Եւրոպական Միութեան Անդամ Ըլլալ»

January 21, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ոեւէ մարդ, որ ծանօթ է Եւրասիական տնտեսութեան միութեան (ԵԱՏՄ) եւ Եւրոպական Միութեան գործունէութեան սկզբունքներուն, տեղեակ է, որ կարելի չէ Եւրոպական Միութեան չափանիշերուն անցնելով ԵԱՏՄ-ի անդամ մնալ»: «Ազատութիւն» կը հաղորդէ, որ երէկ Մոսկուայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով` մեկնաբանելով Հայաստանի եւրոպական համարկման հեռանկարները:

«Այս հարցը ես բազմիցս քննարկած եմ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՏՄ-ին միաժամանակեայ անդամակցութիւնը անկարելի է ոչ միայն առեւտուրի եւ ներդրումային քաղաքականութեան հարցերուն մէջ իրարու չհամապատասխանող արժեչափերու պատճառով: Ատոր վրայ կ՛աւելնայ նաեւ այն հանգամանքը, որ Պրիւքսել կ՛ուզէ վերափոխել Հայաստանի օրէնսդրական-արժեհամակարգը իր սկզբունքներուն համապատասխան», նշած է Լաւրով:

«Ալ չեմ խօսիր, որ այդ սկզբունքները, ինչպէս, օրինակ, Սերպիոյ պարագային է, կը նախատեսեն ամբողջական միացում Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան: Իսկ ատիկա կը նշանակէ միանալ նաեւ հակառուսական պատժամիջոցներուն եւ յայտարարութիւններուն», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Անդրադառնալով 2025 թուականի դեկտեմբերին Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ ստորագրուած փաստաթուղթին` Լաւրով նշած է. «Հայերը մուտքի արտօնագիրի ազատականացում կ՛առաջարկեն, ինչ որ կապուած է այն հանգամանքին հետ, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է դերակատարութիւն ունենայ իրաւապահ համակարգին մէջ, սահմաններու պաշտպանութեան հարցերուն մէջ: Հասկնալի է, որ Հայաստանի մէջ կը գտնուին մեր սահմանապահները: Այդ պարագային հարց կը ծագի` ինչպէ՞ս ատիկա կը համատեղուի Երեւանի ներկայ պարտաւորութիւններուն հետ»:

«Այդ իսկ պատճառով, Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ուղղութեամբ շարժումը (այդ մասին նաեւ համապատասխան օրէնքներ որդեգրուած են), չի կրնար համատեղուիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան հետ», եզրափակած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

 

Նախորդը

Հակադարձելով Եւրոպական Խորհրդարանի Դիրքորոշումներուն` Ալիեւ. «Հայաստան Ինք Կը Կարեւորէ Ազրպէյճանի Հետ Յարաբերութիւնները»

Յաջորդը

Ֆիտանն Ու Պայրամովը Կրկին Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Ընթացքը

RelatedPosts

«Հայաստան» Խմբակցութեան  Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եռաբլուր Կ՛այցելեն

November 10, 2026
Փանքին. «Հայաստան Յաջորդ Շաբաթ Կրնայ  Զրկուիլ ՀԱՊԿ-ի Մէջ Քուէարկելու Իրաւունքէն»
Հայկական

Փանքին. «Հայաստան Կը Փորձէ Իր Որոշումներուն Համար Պատասխանատուութիւնը Բարդել ՀԱՊԿ-ի Վրայ»

November 10, 2026
Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի,  Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ  Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման  Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ. «Միացեալ Նահանգները Անընդունելի, Իսկ Որոշ Պարագաներու` Վրդովեցուցիչ Եւ Անիրատեսական Կը Նկատեն Կարգաւորման Վերաբերեալ Իրենց Ուղղուած Իրանի Պահանջները»

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.