Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ շաբաթ օր պատկերասփռուած ուղերձի ընթացքին յայտնեց. «Ապահովական անկայունութեան պայմաններուն մէջ որքա՛ն ալ ձեռքբերումներ արձանագրուին, քաղաքական կայունութիւն չ՛իրագործուիր: Մենք մեծ պատասխանատուութեամբ մասնակցեցանք պետութեան կառուցման ամէն քայլի»:
«Համաձայնութեան մէջ փուլեր չկան. կա՛մ կը գործադրուի, կա՛մ ալ չի գործադրուիր», ըսաւ ան` աւելցնելով. «1701-ը բացառապէս լիբանանեան հարց է, նոյնպէս զէնքի մենաշնորհումն ու ազգային անվտանգութեան ռազմավարութիւնը եւս լիբանանեան հարցեր են»:
Անդրադառնալով արտաքին գործոց նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի վերջին յայտարարութիւններուն` Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը յայտնեց. «Արտաքին գործոց նախարարը պետութեան եւ իշխանութեան քաղաքականութենէն դուրս կը գործէ: Ան քաղաքացիական խաղաղութեան հետ կը խաղայ, սադրանք կը հրահրէ, իշխանութեան ու կառավարութեան դէմ է, լիբանանցի ժողովուրդին դէմ է, Դիմադրութեան դէմ է»:
«Լիբանանեան կառավարութիւնը պատասխանատու է արտաքին գործոց նախարար անունով բացթողումին: Կա՛մ նախարարը կը փոխուի, կա՛մ կը լռեցուի, կա՛մ ալ անոր Լիբանանի քաղաքականութիւնը կը պարտադրուի», շեշտեց շէյխ Քասեմ:
«Զէնքը մեր ձեռքն է ինքնապաշտպանութեան համար, եւ մեր Դիմադրութիւնը, ժողովուրդն ու հայրենիքը պաշտպանելու համար: Զէնքի մենաշնորհումը չի կրնար հիմակուընէ աւարտիլ, որպէսզի Լիբանանը աւարտի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Այսուհետեւ որեւէ յառաջընթաց անօգուտ է, եւ որեւէ զիջում յաւելեալ տկարացում է: Առանց Դիմադրութեան, ժողովուրդի եւ բանակի, Իսրայէլ բնակեցման վայրեր պիտի կառուցէ»:
«Մենք պատրաստ ենք առաւելագոյնին ու ծայրագոյնին: Հողը պիտի ազատագրուի, եւ Իսրայէլի ու անոր ծառաներուն ուզածը պիտի չիրականանայ», յայտնեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:
«Մեր զինաթափուիլը պիտի չտեսնէք», շեշտեց ան:
«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն պատրաստութեան աշխատանք կը տանինք եւ կոչ կ՛ուղղենք, որ իրենց ժամկէտին եւ ներկայ օրէնքին հիմամբ ըլլան անոնք», նշեց շէյխ Քասեմ:


