Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Տաւոսի տնտեսական ֆորումի ընթացքին խօսք մը արտասանելով նշեց. «Սպիտակ տուն վերադառնալէս 12 ամիս ետք, Միացեալ Նահանգներու մէջ տնտեսական զարթօնք կը տեսնենք»` աւելցնելով. «Մինչեւ հիմա շուրջ 18 եռիլիոն տոլար ներդրումներ մեր երկիր բերինք»:
«Համաշխարհային տնտեսութեան շարժիչը Միացեալ Նահանգներն են, եւ անոնց հետ մնացեալ երկիրները կը բարձրանան, անոնց հետ ալ կը նահանջեն», ըսաւ ան:
«Եւրոպան ճիշդ ուղղութեամբ չ՛ընթանար, եւ գոյութիւն ունին պետութիւններ, զորս այլեւս չենք ճանչնար», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը` աւելցնելով. «Մաքուր ուժանիւթի եւ հաւաքական գաղթի վրայ կեդրոնանալը Եւրոպային վնասեց»:
«Մաքսատուրքերու ճամբով կրցանք նուազեցնել առեւտրական մրցանշային բացը, որմէ կը տառապինք: Դադրեցուցի ուժանիւթի քաղաքականութիւնները, որոնք Միացեալ Նահանգներու գործարանները քանդեցին», յայտնեց ան:
«Անցեալ շաբաթ միայն Վենեզուելայէն 50 միլիոն տակառ քարիւղ ստացանք, եւ մենք կը գնահատենք Վենեզուելայի մէջ նոր վարչակարգին կողմէ մեր ստացած ամբողջ գործակցութիւնը, եւ անոնք շուտով շատ դրամ պիտի շահին», ըսաւ Թրամփ:
«Մէկ տարի առաջ նախագահական աթոռին հասնիլս մեր երկիրը փրկեց ուժանիւթի ոլորտին մէջ քայքայումէ», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը` աւելցնելով. «Եւրոպայի հովի ուժին ապաւինիլը անոր մեծ խնդիրներ եւ ելեկտրականութեան գիներու մրցանշային բարձրացումներ պատճառեց»:
«Չինաստանը հովի ուժով ուժանիւթի արտադրման միջոցները կ՛արտադրէ, սակայն զանոնք չ՛օգտագործեր, որովհետեւ միայն յիմարները զանոնք կը գնեն», նշեց Թրամփ:
«Կ՛ուզենք, որ Եւրոպան հզօր դաշնակից ըլլայ», շեշտեց ան` աւելցնելով. «Բացի Միացեալ Նահանգներէն ՕԹԱՆ-ի մէջ չկայ ուժ մը, որ կրնայ Կրինլանտը պաշտպանել»:
«ՕԹԱՆ-ի բոլոր պետութիւնները պէտք է կարող ըլլան իրենք զիրենք պաշտպանելու», նշեց Սպիտակ տան ղեկավարը:
«Որքա՛ն յիմար էինք, երբ Կրինլանտը նախապէս Դանիոյ վերադարձուցինք, եւ կը զարմանանք մեր նկատմամբ այսքան ապերախտութենէն», ըսաւ Թրամփ:


