Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

January 20, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կրինլանտի խնդիրի սրացումը տարբեր շարժառիթներ ունի: Նշենք սակայն, որ անոր ռազմագիտական դիրքի կարեւորութիւնը կամ հազուագիւտ մետաղներու հանքավայր ըլլալը նոր չէ, որ յայտնաբերուած են: Կրինլանտի նկատմամբ ամերիկեան պահանջին այսքան հնչեղութիւն ստանալը  ներկայ փուլին, այդ բոլորով հանդերձ, ունի յստակ աշխարհաքաղաքական էութիւն` յատկապէս Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու չափազանցօրէն սրած իրավիճակին հետ:

ՕԹԱՆ-ի կազմաքանդումը սեղանի վրայ դրուած է յայտարարողական մակարդակի վրայ: Ինքնավար Կրինլանտը, որ արդէն կը յատկանշուէր ամերիկեան ռազմակայաններով, խորքին մէջ ՕԹԱՆ-ի կարեւորագոյն յենակէտ էր նշեալ երկու երկիրներուն ուղղութեամբ: Այս կէտի ամբողջական ամերիկացումը առաջադրելով, նախագահ Թրամփ ոչ թէ նոր ռազմակայաններու ստեղծման պիտի ձեռնարկէ, որուն համար բոլոր կարելիութիւնները ունէր, այլ տնտեսաքաղաքական թիրախներ պիտի հարուածէ:

Բազմիցս յայտարարուած է ամերիկեան դիրքերէ, որ ՕԹԱՆ-ը տնտեսական բեռ է Ուաշինկթընի համար եւ որ Ամերիկան պէտք է բեռնաթափուի այս ծանրացած պիւտճէէն: Հանքերու շահագործումը եւս ամերիկեան  վերահսկողութեամբ պիտի շարունակուէր, որովհետեւ այդ առումով եւս Դանիան ի վիճակի չէ արգելքներ դնելու Միացեալ Նահանգներուն դէմ:

Նման գործողութիւն մը, այլ խօսքով` Կրինլանտի Միացեալ Նահանգներու բռնակցումը իրականացնելով, Ուաշինկթըն աշխարհակարգային փոփոխութիւններու կը ձեռնարկէ: Այս բոլորը կը յանգեցնեն Արեւմուտքի պառակտումին, որովհետեւ արդէն իսկ Եւրոպական Միութեան բազմաթիւ երկիրներ խոր մտահոգութիւններ կը հնչեցնեն եւ կը խօսին միջազգային իրաւաչափութիւններու կոպիտ խախտումներուն  եւ անվտանգային նոր պարապութիւն ստեղծելու մտավախութիւններուն մասին:

Կրինլանտի հարցը կը շահարկուի` դուռ բանալով նոր մաքսատուրքեր ճշդելու եւ այդ ճամբով ամբողջ Եւրոպան հպատակեցնելու քաղաքականութեան:

Այս բոլորին մէջ ուշագրաւ է Ռուսիոյ նախագահի բանբերին յատարարութիւնը:

«Կրինլանտի` Միացեալ Նահանգներու միացման հարցը լուծելու պարագային, կասկած չկայ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ  Թրամփը իր անունը կ՛ամրագրէ համաշխարհային պատմութեան էջերուն մէջ: Միջազգային շատ փորձագէտներ կը պնդեն, որ այս քայլով Թրամփը մուտք կը գործէ ոչ միայն ամերիկեան, այլեւ համաշխարհային պատմութեան մէջ: Այդ փորձագէտներուն հետ չհամաձայնիլը շատ դժուար է»:

Յիշենք, որ Թրամփի հիմնաւորումներուն մաս կը կազմէր այն, որ ՕԹԱՆ-ը չէ յաջողած չէզոքացնել Ռուսիոյ սպառնալիքը վերջին քսան տարիներուն ընթացքին:

Հիմա կը ստանանք այն, որ ռուսական սպառնալիքը դիմագրաւելու կամ չէզոքացնելու համար Միացեալ Նահանգները կը բռնակցեն Կրինլանտը, մինչ Մոսկուան դիւանագիտական ըսելաձեւերով կ՛ողջունէ Թրամփի այս ծրագիրը:

Մոսկուան տարբեր պատճառներ ունի ողջունելու այս ծրագիրը եւ ակնկալելու, որ Թրամփ գործնապէս բռնակցէ Կրինլանտը: Նախ եւ առաջ, Արեւմուտքի հաւանական պառակտումը կը տեսնէ այս բոլորին մէջ, երկրորդ սակայն, կ՛առաջադրէ  հայելային մօտեցում իր եւ Ուաշինկթընի միջեւ: Եթէ առանց միջազգային որեւէ որոշումի տարածքներու բռնակցումներ իրականացնելը օրինաչափ է, ապա Մոսկուան եւս ուքրանապատկան տարածքները Ռուսիոյ կցելու գործողութիւններուն դիմաց միջազգային արգելքներ պէտք չէ ունենայ:

Կրինլանտ-Ուքրանիա տարածքային այս փոխանակման տրամաբանութիւնը  կրնայ դիտարկուիլ Չինաստանի  յարաբերակցութեամբ: Աւելի ճիշդը` Ուաշինկթըն-Փեքին  մրցակցային դրուածքով, թէ՛ ռազմագիտական դիրքերը ամերիկապատկան դարձնելու եւ թէ՛ տնտեսական գերշահոյթներ հազուագիւտ մետաղային հանքերէն ստանալու առումներով: Նախ եւ առաջ` ի հաշիւ Եւրոպային:

«Ա.»

Նախորդը

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

RelatedPosts

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

January 20, 2026
Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

January 20, 2026
Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ  Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով`  Ազրպէյճանի Տարածքով
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով` Ազրպէյճանի Տարածքով

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.