Երեքշաբթի, 20 յունուար 2026-ին, Հըզպալլան ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին պետական երեսփոխաններ եւ կուսակցութեան քաղաքական դիւանի անդամներ: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին կացութեան` իր քաղաքական ու տնտեսական երեսներով, եւ յատկապէս երկրի հարաւային շրջանին մէջ տիրող իրավիճակին:


