Սուրիական բանակը կայծակնային յարձակումով Եփրատ գետին վրայ հիւսիսային ռազմավարական Թապքա քաղաքն ու անոր ռազմական օդակայանը գրաւեց:
Կառավարական ուժերը նաեւ գրաւեցին Ռաքքա քաղաքէն շուրջ 40 քիլոմեթր արեւմուտք գտնուող Եփրատի ջրամբարը եւ Ռաքքա նահանգին մէջ ծանր զէնքեր եւ ուժեր կուտակեցին:
Կառավարական ուժերը Հիւսիսարեւելեան Սուրիոյ ինքնավար մարզի ապահովական ու ոստիկանական ուժերու Մարքատա քաղաքին մէջ գտնուող կեդրոնները գրաւեցին, իսկ անոնց դաշնակից ցեղախումբերու զինեալները գրաւեցին հիւսիս-արեւելքի մէջ գտնուող քարիւղի եւ կազի շարք մը մեծ դաշտեր, ներառեալ Իրաքի սահմանակից Տէր Զօրի մէջ Ժաֆրա եւ Քոնոքօ դաշտերը:
Քրտական ինքնակառավարման մարմինը ընդհանուր զօրակոչ յայտարարեց` կոչ ուղղելով «զինուելու եւ ճակատումին պատրաստուելու: Մենք գոյութենական պատերազմի առջեւ կանգնած ենք»:
Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը շաբաթ օր հեռացան Հալէպ նահանգի Տէր Հաֆեր շրջանէն եւ մերձակայ գիւղերէն: Հիւսիս-արեւելքի ինքնավար մարզի ղեկավարութիւնը շաբաթ օր կառավարական ուժերը ամբաստանեց հեռացման համաձայնութիւնը խախտելու յանցանքով` ըսելով, որ անոնք «երէկ առտուընէ բազմաթիւ ճակատներէ մեր ուժերուն դէմ յարձակում գործեցին»:
Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ապտալլա Օճալան յայտնեց. «Այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, խաղաղութեան հոլովոյթն ու ժողովրդավարական հասարակութիւնը ականահարելու փորձ է»: Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ բոլոր խնդիրները կարելի է լուծել երկխօսութեան ու բանակցութեան ճամբով եւ առողջ տրամաբանութեամբ:
Զինադադարի Համաձայնութիւն
Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաքի հետ բանակցութիւններէ ետք, Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհ երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն հետ գոյացած է զինադադարի նոր համաձայնութիւն մը, որուն նպատակը երկրի արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան շրջաններուն մէջ պետութեան իշխանութեան ամրապնդումն ու տագնապի շրջաններուն մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան հաստատումն է:
Ըստ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութեան, համաձայնութիւնը կը ներառէ քարիւղի բոլոր դաշտերը յանձնել սուրիական կառավարութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու բոլոր անդամները համարկել Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հետ:
Համաձայնութեան հիմամբ պետութեան հաստատութիւնները մուտք կը գործեն արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան նահանգներ` ամրապնդելու համար կառավարական ղեկավարումը եւ ընդլայնելու Դամասկոսի իշխանութիւնը այդ շրջաններուն մէջ:
Սուրիոյ նախագահը ըսաւ. «Ցուցմունք տուի կրակոցը դադրեցնելու եւ Ժազիրայի մէջ արաբ ցեղախումբերը կը յորդորեմ հանդարտութիւնը պահպանելու»:
Սուրիոյ նախագահական պալատը հաղորդեց, որ Շարհ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ասաատ Շիպանիի ներկայութեամբ Պարրաքի հետ հանդիպումի ընթացքին շեշտած է «Սուրիոյ միութիւնն ու իր բոլոր հողերուն վրայ գերիշխանութիւնը, ներկայ փուլին երկխօսութեան եւ բոլոր սուրիացիներուն մասնակցութեամբ Սուրիան կառուցելու կարեւորութիւնը»:
Պարրաք կիրակի օր Դամասկոս հասած էր Էրպիլի մէջ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու ղեկավար Մազլում Ապտիի եւ Իրաքի քրտական ինքնավար մարզի նախագահ Նեժիրվան Պարազանիի հետ ժողով գումարելէ ետք:


