Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Քրտական Եւ Տիւրզիական Զուգահեռագիծեր

January 22, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիական իշխանութիւններուն սանձազերծած տարածքներու, ռազմական առումով քրտազերծման արշաւը թէեւ զինադուլային կանգառներ կ՛արձանագրէ, այդուհանդերձ իբրեւ մեծ ծրագիր կը շարունակուի: Իրադարձութիւններու ընթացքը այնպէս կը համոզէ, որ Հալէպի շրջակայքի քրտաթափումով կանգ չ՛առներ այն ծրագիրը, որ մշակած են սուրիական իշխանութիւնները եւ հիմնականին մէջ անոնց ետին կանգնած ուժերը:

Շատ կ՛արծարծուի քրտական գործօնին նկատմամբ ամերիկեան ռազմավարութեան շրջադարձի մասին: Կանուխ է այդ ուղղութեամբ բացարձակ եզրայանգումներ արձանագրելը, այդուհանդերձ այս փուլին պարզ է, որ Ուաշինկթընը ո՛չ յայտարարութիւններով, ո՛չ ալ գործնապէս սատար կը կանգնի քիւրտերուն կամ կ՛արգելակէ քրտազերծումի այս արշաւանքը:

Սուրիական հասկացողութեամբ Դամասկոսի յայտարարութիւնները ազգային փոքրամասնութեան շրջանակներուն մէջ քիւրտերուն կրթական, մշակութային եւ լեզուական բոլոր իրաւունքները յարգելու կամ այդ մարզերուն մէջ ինքնակառավարման կարելիութիւններ ընձեռելու բուն ծրագիրին նախաբանը կը կազմէին:

Հիւսիսային Սուրիոյ քրտաբնակ եւ քրտական իշխանութեան ներքոյ եղած որոշ տարածքներու սուրիական ուժերու վերահսկողութեան տակ յայտնուիլը անպայման չ՛ենթադրեր առաջադրուած ամբողջական ծրագիրի իրականացում: Քիւրտ զինեալ խմբաւորումները  կը յայտնեն զէնքէն չհրաժարելու մասին իրենց դիրքորոշումները եւ կը խոստանան դիմադրել. կը խօսուի հազարաւոր քիւրտերու Իրաքի եւ Թուրքիոյ սահմաններէն Սուրիա անցնելու երեւոյթներուն մասին, առ ի զօրակցութիւն իրենց հայրենակիցներուն:

Ռազմագիտական դիտարկումներէն եւ ուժերու յառաջխաղացքներէն, նահանջներէն եւ յարակից տեղաշարժներէն անկախ, անհրաժեշտ է քաղաքական գործընթացներու եւ  ներգրաւուած պետութիւններու շահագրգռուածութեան առած քայլերուն մասին որոշ դիտարկումներ արձանագրելը:

Սուրիոյ քիւրտերը կ՛առաջադրեն դաշնակցային Սուրիոյ ձեւաւորումը: Այդ կը նշանակէ ազգային պատկանելիութեան եւ ժողովրդագրական խորապատկերի  հիման վրայ ձեւաւորել սուրիական տարբեր ինքնավարութիւններ: Դամասկոսը կտրուկ դէմ է այս առաջադրանքին եւ կը փորձէ ամէն գնով չէզոքացնել զինեալ ամէն տեսակի երեւոյթ, կեդրոնական իշխանութեան ամրակայման եւ գերիշխանութեան հաստատման համար:

Նախընթաց դէպքեր պատահեցան ալեւի եւ տիւրզի ազգաբնակչութիւններուն նկատմամբ: Տարածքներու վերահսկողութեան տարբեր պատկերներ ստեղծուեցան, եւ արձանագրուեցաւ ժողովրդային արտահոսք ներսուրիական հասկացողութեամբ: Ծովեզերեայ շրջաններէն ալեւիներ հեռացան, իսկ  տիւրզիներ` հարաւային Սուրիայէն:

Կեդրոնանանք հարաւային շրջանին վրայ եւ անմիջապէս նկատենք  Իսրայէլի բացայայտ զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը տիւրզիներուն: Դիմում` տիւրզիներու կողմէ Իսրայէլին, որպէսզի իր հովանաւորութեան տակ առնէ զիրենք` պաշտպանելու համար սուրիական զինեալ ուժերէն: Թել Աւիւի միջամտութիւնը այսօր նոր գոյավիճակ ստեղծած է. իսրայէլեան ուժերու կողմէ սուրիական որոշ տարածքներու վերահսկողութեամբ:

Հիմա, քիւրտերը ամերիկեան օժանդակութեան բացակայութեան կը դիմեն Իսրայէլին, որպէսզի սատարէ իրենց: Մեծ հանգոյցը այստեղ է: Եթէ Թել Աւիւ շարժի այնպէս, ինչպէս շարժեցաւ տիւրզիներու պարագային, ապա կը ձախողի Անգարայի քրտազերծումի  ծրագիրը: Իսրայէլի թէական միջամտութիւնը անպայման համակարգուած կ՛ըլլայ Ուաշինկթընի հետ: Այդ պարագային Անգարան ստացած կ՛ըլլայ իր պահանջածին մէկ մասը: Քաղաքական տրամաբանութեամբ արդիւնքը կ՛ըլլայ այս բոլորին այն, որ Իսրայէլ եւ Թուրքիա, շահերու բախումի տեսքով, ըստ էութեան կը բաժնեկցին վերահսկողութեան գօտիներ սուրիական տարածքներու վրայ:

Հայկական դիտակէտերը պէտք է առաւելագոյն զգօնութիւն ցուցաբերեն այս բոլորին մէջ: Հայ համայնքը այսօրուան դրութեամբ հիմնականին մէջ տեղաբաշխուած է Հալէպի եւ Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ` Դամասկոսի եւ Քեսապի առընթեր: Այդ գօտիները այսօր տարբեր ազդեցութեան ներքոյ են: Գօտիները վերահսկողները հակադրուած են եւ զինեալ բախումներու մէջ են իրար դէմ: Չներքաշուելու, պետական ուղեգիծին վրայ մնալու, միաժամանակ տուեալ գօտիին մէջ իշխող ուժերու հետ իւրայատուկ յարաբերելու եղանակները պահելու ուղղութեամբ անվտանգային եւ գոյութենական խնդիր կը դիմակայեն համայնքի պատասխանատուները: Երեւանը եւս պարտաւոր է այս բոլոր զգայուն կէտերը խորապէս ընկալելու եւ ըստ այնմ իր դիւանագիտութիւնը գործի լծելու:

Արկածախնդրական մօտեցումները, չկշռադատուած յայտարարութիւնները, խուճապահարման միտող տեղեկատուութիւնները  կամ այդ հիմունքով առնուած որեւէ քայլ կրնան ծանր հետեւանքներ ունենալ. եւ հետեւաբար արտօնուած չեն տակաւին անկանխատեսելի նկատուող նման փուլերու:

«Ա.»

Նախորդը

Թրամփ. «Եւրոպան Ճիշդ Ուղղութեամբ Չ՛ընթանար»

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (22 Յունուար 2026)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.