Անկախութեան Տօնին Առիթով Շնորհաւորելով Նախագահ Աունը` Թրամփ. «Լիբանան Պատմական Խաչմերուկի Վրայ Կանգնած Է` Կարելիութիւն Ունենալով Յաւելեալ Կայունութեան Ուղղութեամբ Ընթացող Ուղի Ուրուագծելու»
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին յղած իր շնորհաւորական նամակին մէջ յայտնեց, որ անհամբեր կը սպասէ Միացեալ Նահանգներու եւ Լիբանանի միջեւ գործընկերութիւնը խորացնելու, «մինչ միասնաբար ջանք կը թափենք ապագայ սերունդներուն համար աւելի պայծառ ապագայ մը կառուցելու»: Լիբանանի նախագահական պալատին կողմէ հրապարակուած` Թրամփի ուղերձին մէջ կը նշուի. «Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդին անունով ջերմօրէն կը շնորհաւորեմ...




















