Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիոյ Քիւրտերը Իրենց Իրաւունքներուն Շուրջ Նախագահական Հրամանագիրը «Սուրիացի Ժողովուրդի Ձգտումները Չբաւարարող» Կը Նկատեն

January 19, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քրտական ինքնակառավարման մարմինը Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի` քիւրտերու իրաւունքներուն վերաբերեալ հրապարակած հրամանագիրը նկատեց «առաջին քայլ» մը, սակայն անիկա «սուրիացի ժողովուրդին ձգտումները չի բաւարարեր»:

Սուրիոյ հիւսիսի եւ արեւելքի ինքնավարութեան մարմինը, մեկնաբանելով Շարհի` քրտերէնը «ազգային լեզու», Նովրուզի տօնը «ազգային տօն» նկատելը, մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած շրջաններուն մէջ դպրոցներու մէջ քրտերէնով ուսուցում արտօնելը եւ Սուրիա բնակող քիւրտերուն երկրի քաղաքացիութիւն տալը, նշեց. «Իրաւունքները ժամանակաւոր հրամանագիրներով չեն ամրագրուիր», այլ` «սահմանադրութեամբ, որ բոլոր ժողովուրդներուն ու բաղադրիչ մասերուն կամքը կ՛արտայայտէ»:

Սուրիոյ նախագահը, նախքան այդ, խօսքը քիւրտերուն ուղղելով յայտնեց. «Զգուշացէ՛ք հաւատալէ, թէ մենք քիւրտ ժողովուրդին վնաս կը ցանկանք: Աստուծոյ անունով կ՛ըսեմ` ով որ ձեզի վնաս տայ, մեր հակառակորդը պիտի ըլլայ մինչեւ Դատաստանի օրը: Մեր կեանքը ձեր կեանքն է, եւ մենք ոչինչ կ՛ուզենք, բացի երկրի եւ անոր ժողովուրդի բարեկեցութենէն, զարգացումէն, վերակառուցումէն ու ազգային միասնութենէն: Ոչ ոք պիտի զրկուի այս բարիքի իր բաժինէն»:

«Պատիւը ունիմ այսօր մեր քիւրտ ժողովուրդին համար հրապարակելու յատուկ հրամանագիր, որ օրէնքով կ՛երաշխաւորէ անոր իրաւունքներն ու որոշ առանձնայատկութիւններ, ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլոր անոնց, որոնք բռնի տեղահանուած են իրենց հողերէն, անվտանգ եւ ապահով վերադառնալու` առանց որեւէ պայմանի կամ սահմանափակման, բացի զէնքերը վար դնելէն: Ես ձեզի կոչ կ՛ուղղեմ արդիւնաւէտօրէն մասնակցելու այս ազգի կառուցման, պահպանելու անոր անվտանգութիւնն ու միասնութիւնը եւ մերժելու որեւէ այլ բան», նշեց Շարհ:

 

Նախորդը

Թրամփ Ռուպիոն Եւ Պլերը Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Անդամ Նշանակեց

Յաջորդը

Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն

RelatedPosts

Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիական Բանակը Դէպի Ռաքքա Կը Յառաջանայ Զինադադարի Նոր Համաձայնութիւն

January 19, 2026
Թրամփ Ռուպիոն Եւ Պլերը Կազայի  «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Անդամ Նշանակեց
Միջազգային

Թրամփ Ռուպիոն Եւ Պլերը Կազայի «Խաղաղութեան Խորհուրդ»-ի Անդամ Նշանակեց

January 19, 2026
Կրինլանտի Հարց.  Թրամփ Մաքսատուրքեր Կը Հաստատէ.  Եւրոպան Կը Խոստանայ Հակադարձել
Միջազգային

Կրինլանտի Հարց. Թրամփ Մաքսատուրքեր Կը Հաստատէ. Եւրոպան Կը Խոստանայ Հակադարձել

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.