Գլխաւոր լուրեր

Ռուպիօ Կազայի Շուրջ ՄԱԿ-ի Որոշումի  Հրապարակման Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Յայտնեց

Ռուպիօ Կազայի Շուրջ ՄԱԿ-ի Որոշումի Հրապարակման Նկատմամբ Լաւատեսութիւն Յայտնեց

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ լաւատեսութիւն յայտնեց, թէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը պիտի հրապարակէ որոշում մը, որ կ՛աջակցի Կազայի մէջ միջազգային ապահովութեան ուժի տեղակայման: Ռուպիօ Քանատայի մէջ Եօթներու խմբակի անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովէն ետք լրագրողներու յայտնեց. «Լաւատես եմ: Կը կարծեմ, թէ որոշումի բանաձեւման մէջ լաւ յառաջընթաց կ՛արձանագրենք եւ կը յուսանք, որ շատ շուտով ատոր վերաբերեալ քայլ կ՛որդեգրենք»:...

Ակնարկ.  Դաշնակիցներ Եւ Տարբեր Մօտեցումներ

Ակնարկ. Դաշնակիցներ Եւ Տարբեր Մօտեցումներ

Ուաշինկթըն-Դամասկոս յարաբերութիւնները նոր շրջափուլ կը թեւակոխեն հիմնական երկու ուղղութեամբ` անվտանգային եւ տնտեսական: Անվտանգային առումով յայտարարուած առաջադրանքը Սուրիան եւ տարածաշրջանը ահաբեկչազերծելն է: Տարածաշրջանի քաոսացումին մէջ Սուրիան էփիկեդրոն էր: Տարբեր միջավայրերէ Սուրիա հասած ահաբեկչական տարրերը իրենց գործողութիւններով ոչ միայն առաջադրանք ունէին սուրիական կեդրոնական իշխանութիւններու տկարացումը, այլ նաեւ այնտեղէն դէպի այլ միջավայրեր գործուղուելով տարածաշրջանը վերահսկելի քաոս դարձնելու օրակարգին իրենց մասնակցութիւնը բերելը: Գէթ արդիւնքը...

Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական  Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն  Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում

Պաքուի Մէջ Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարութեան Կը Սպառնայ 16 Տարիէն Մինչեւ Ցմահ Ազատազրկում

Պաքուի մէջ ընթացող դատավարութեան ժամանակ դատախազը պահանջած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ միւս գերիներուն համար 16 տարիէն մինչեւ ցմահ ազատազրկում, կը յայտնէ ազրպէյճանական «Ազերթաճ» լրատու գործակալութիւնը: Ըստ լրատուամիջոցին, դատախազը պահանջած է Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը, Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը եւ արտաքին գործոց նախկին...

Հեկսեթ «Հարաւային Նիզակ» Գործողութեան  Մեկնարկը Յայտարարեց. Մատուրօ Կը Զգուշացնէ

Հեկսեթ «Հարաւային Նիզակ» Գործողութեան Մեկնարկը Յայտարարեց. Մատուրօ Կը Զգուշացնէ

Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարար Փիթ Հեկսեթ յայտարարեց, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ գործի լծուելու հրաման տուած է, եւ պատերազմի նախարարութիւնը սկսած է զայն գործադրել` «Հարաւային նիզակ» գործողութեան մեկնարկը տալով: Հեկսեթ բացատրեց, թէ գործողութիւնը կը ղեկավարէ «Հարաւային նիզակ» միացեալ առաքելութեան ուժը` գործակցութեամբ ամերիկեան բանակի հարաւային հրամանատարութեան: Ան ըսաւ, որ անոր առաքելութիւնը «ամերիկեան հողերը պաշտպանելը, թմրեցուցիչներու առեւտուրին առնչուած ահաբեկիչները արեւմտեան կիսագունդէն...

Ըստ ԱՖՓ-Ի.  Ռուսիան, Չինաստանն Ու Արաբական Պետութիւններ  Կ՛ընդդիմանան Կազայի Մէջ Կայունութեան Ուժին  Վերաբերեալ Ամերիկեան Նախագիծին

Ըստ ԱՖՓ-Ի. Ռուսիան, Չինաստանն Ու Արաբական Պետութիւններ Կ՛ընդդիմանան Կազայի Մէջ Կայունութեան Ուժին Վերաբերեալ Ամերիկեան Նախագիծին

Ռուսիան, Չինաստանն ու արաբական պետութիւններ կ՛ընդդիմանան Կազայի մէջ կայունութեան միջազգային ուժին ՄԱԿ-ի կողմէ լիազօրութիւն շնորհող ամերիկեան նախագիծին: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը: Նախքան այդ, դիւանագիտական աղբիւրներ «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած էին, թէ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն փոխանցած են երկրորդ անգամ բարեփոխուած նախագիծ մը, որ կը զօրակցի Կազայի տագնապին վերջ տալու համապարփակ ծրագիրին, եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ`...

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին  Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Աուն Եւ Սալամ Ողջունեցին Սէուտական Արաբիոյ Որոշումը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն ողջունեց Լիբանանի հետ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելու Սէուտական Արաբիոյ դիրքորոշումը` ըսելով. «Մենք Սէուտական Արաբիոյ կը սպասենք, եւ Լիբանանի պաշտպանութիւնը իր արաբական շրջապատէն կու գայ»: Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ եւս շնորհակալութիւն յայտնեց Սէուտական Արաբիոյ «եւ Լիբանանի կայունութեան ու բարգաւաճման միշտ նախանձախնդիր եղող ղեկավարութեան»` երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւնները ամրապնդելուն եւ լիբանանեան արտածումներուն դէմ հաստատուած արգելքները վերցնելու մօտալուտ քայլեր որդեգրելու...

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը  Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով

Բագրատ Արք. Գալստանեանի Կալանքը Երկարաձգուեցաւ Եւս Երեք Ամիսով

Ահաբեկչութեան մեղադրանքով արդէն 5 ամիս բանտին մէջ գտնուող Տաւուշի թեմի նախկին առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեանի կալանքը երկարաձգուեցաւ եւս երեք ամիսով: Հակառակ բարձրաստիճան հոգեւորականի ու անոր փաստաբաններու պնդումներուն, թէ իր ու իրեն հետ նոյն օրը ձերբակալուած աւելի քան մէկ տասնեակ անձերուն նկատմամբ մեղադրանքները կեղծ են եւ որ զանոնք կալանքի տակ պահելու որեւէ հիմք չեն տեսներ, հանրային մեղադրողը պնդեց, թէ ան ազատութեան...

Պարրաք. «Սուրիան Մեզի Պիտի Օգնէ ՏԱՀԵՇ-ի,  Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի, Համասի  Եւ Հըզպալլայի Մնացորդի Կազմաքանդման»

Պարրաք. «Սուրիան Մեզի Պիտի Օգնէ ՏԱՀԵՇ-ի, Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդի, Համասի Եւ Հըզպալլայի Մնացորդի Կազմաքանդման»

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Թամ Պարրաք իր ներկայութեամբ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումին մասին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Շարհի Սպիտակ տուն այցելութիւնը պատմական է, եւ այս շաբաթը Միջին Արեւելքի պատմութեան ու Սուրիոյ մեկուսացումէն դէպի գործընկերութիւն նկատառելի փոփոխութեան մէջ շրջադարձի վճռական կէտ է: Մեծ պատիւը ունէի Շարհին դէպի Սպիտակ տուն...

Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը  Սուրիոյ Պաշտօնապէս ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Միջազգային  Դաշինքին Միացումը Յայտարարեց

Ամերիկեան Բանակի Կեդրոնական Հրամանատարութիւնը Սուրիոյ Պաշտօնապէս ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Միջազգային Դաշինքին Միացումը Յայտարարեց

Ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութիւնը յայտարարեց. «Սուրիան պաշտօնապէս միացաւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ միջազգային դաշինքին»: Կեդրոնական հրամանատարութիւնը չորեքշաբթի օր յայտարարած է, որ Սուրիոյ մէջ իր ուժերը ՏԱՀԵՇ-ի դէմ աւելի քան 22 գործողութիւն կատարած են ու աջակցած, եւ անոնց ընթացքին ՏԱՀԵՇ-ի հինգ անդամներ սպաննուած են եւ 19 ուրիշներ գերեվարուած: «Սուրիան վերջերս քաղաքական համագործակցութեան հռչակագիր ստորագրած է ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքին հետ եւ խմբաւորման...

Նախագահ Աուն Ընդունեց  Մաքրոնի Խորհրդականը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Մաքրոնի Խորհրդականը

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի նախագահի քաղաքական խորհրդատու Անն Քլեր Լը Ժանտրը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Էրվէ Մակրոյի: Նախագահ Աուն նշեց. «Այն, ինչ որ լիբանանեան բանակին կ՛արգիլէ Լիթանի գետէն հարաւ մինչեւ միջազգային սահման տեղակայուիլ, լիբանանեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւումի շարունակումը, թշնամական արարքներու շարունակումը եւ նոյեմբեր 2024 թուականին յայտարարուած համաձայնութիւնը չգործադրելն է»: Աուն շեշտեց, որ բանակին...

Հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան Նախագահին`  «Դէպի Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութեան Ազգային  Ռազմավարութիւն» Խորագիրով Ազգային Խորհրդաժողով

Հովանաւորութեամբ Հանրապետութեան Նախագահին` «Դէպի Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութեան Ազգային Ռազմավարութիւն» Խորագիրով Ազգային Խորհրդաժողով

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն հովանաւորեց բացման հանդիսութիւնը «Դէպի Լիբանանի մէջ մարմնակրթութեան ազգային ռազմավարութիւն» խորագիրին տակ ազգային խորհրդաժողովին, որ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կազմակերպած էր «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ: Բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան  նախարարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ, Քաթարի, Օմանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Մարոքի, Պաղեստինի, Յորդանանի, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի, Նետերլանտներու, Հայաստանի, Սերպիոյ, Իտալիոյ, Հնդկաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի ներկայացուցիչներ: Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ....

Ակնարկ.   Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

Ակնարկ. Անմարդաբնակ Գօտիի Առաջադրանքը

Լիբանանի մէջ քաղաքական կեանքը մէկ կողմէ կը յատկանշուի պետական հաստատութիւններու աշխատանքներու վերակազմակերպման փորձերով եւ ընդհանրապէս դէպի բնականոն հուն վերադարձով, միւս կողմէ Իսրայէլի կողմէ կատարուող ռազմական գործողութիւններով: Այս երկրորդ ուղղութիւնը աւելի ընդհանուր պատկերի տեսանելիութիւն կ՛ենթադրէ: Շրջանային առումով Դամասկոս կը խօսի Թել Աւիւի հետ յարաբերութիւններու գործընթացի նախապատրաստական հանգրուան թեւակոխելու եւ ուղիղ բանակցութիւններ վարելու մասին, Կազայի մէջ համաձայնութեան 2-րդ փուլի անցումի մասին կը...

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի  Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Շարհ. «Իսրայէլի Հետ Ուղղակի Բանակցութիւններ Կը Վարենք»

Սուրիոյ փոխանցման նախագահ Ահմետ Շարհ ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ «Դամասկոսի հարաւը գտնուող շրջանին մէջ ապազինումը դժուար գործադրելի է»` նշելով, որ այդ քայլը կրնայ ապահովական նոր իրարանցման դուռ բանալ եւ շրջանը պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը հարցականի տակ առնել: «Եթէ այդ ապազինեալ շրջանը իբրեւ Իսրայէլը հարուածելու մեկնարկի վայր օգտագործուի, ո՞վ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ», հարց տուաւ Սուրիոյ նախագահը` նշելով. «Ի...

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում.  Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ  Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

Վենեզուելայի Հետ Լարուածութեան Մագլցում. Ամերիկեան Օդանաւակիր Մը Հասաւ Լատին Ամերիկեան Ծովեզերքին Մօտ

Ամերիկեան օդանաւակիր մը հասաւ Լատին Ամերիկեան ծովեզերքի մօտ, ինչ որ շրջանին մէջ զինուորական ներուժը մեծապէս կ՛ամրապնդէ եւ կը բարձրացնէ Վենեզուելայի հետ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը: Աշխարհի մէջ մեծագոյն օդանաւակիր «Ճերըլտ Ֆորտ»-ը շրջան կը հասնի ամրապնդելու համար ամերիկեան իշխանութիւններուն նախապէս յայտարարած թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի նպատակով գործողութիւնները, մինչ վենեզուելական կողմը պաշտպանական վարժանքներ կը կատարէ: Ամերիկեան բանակի հարաւային շրջանի հրամանատարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց,...

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին  Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»

Աուն. «Լիբանան Բանակցութեան Ընտրանքին Իսրայէլի Պատասխանին Կը Սպասէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն խմբագիրներու սենտիքայէն պատուիրակութիւն մը ընդունելուն ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան տակաւին Իսրայէլէն չստացաւ որեւէ պատասխան` հողի ազատագրման համար իր առաջարկած բանակցութեան ընտրանքին մասին: «Ուժի տրամաբանութիւնը այլեւս օգուտ չունի, եւ պէտք է տրամաբանութեան ուժին դիմենք», ըսաւ ան: «Եթէ անկարող էինք պատերազմի դիմելու, պատերազմը մեզ արհաւիրքներ պատճառեց, եւ շրջանին մէջ գոյութիւն ունի կարգաւորումներու ալիք մը, ի՞նչ ընենք», հարց տուաւ...

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին  Հետախուզութեան Ծառայութեան.  Հայաստան Կ՛ուզէ Մոսկուայէն Անջատուիլ  Եւ Ուքրանիայէն Աւելի Սուղ Հացահատիկ  Գնելով Քիեւին Օգնել

Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին Հետախուզութեան Ծառայութեան. Հայաստան Կ՛ուզէ Մոսկուայէն Անջատուիլ Եւ Ուքրանիայէն Աւելի Սուղ Հացահատիկ Գնելով Քիեւին Օգնել

Հայաստան քաղաքական պատճառներով կ՛ուզէ անջատուիլ Մոսկուայէն եւ Ուքրանիայէն աւելի սուղ հացահատիկ գնելով օգնել Քիեւին: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութիւնը: «Սակայն, ինչպէս Երեւանը կ՛ընդգծէ, ատիկա սկզբունքի հարց է` ընկերութիւնը ընկերութիւն է, դրամը` դրամ: Պրիւքսելէն կը խնդրեն փոխհատուցել ուքրանական հացահատիկի յաւելուած արժէքը», նշած է ծառայութիւնը: Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձագանգելով նշեց, թէ այդպիսի բան չի կրնար ըլլալ: Ռուսիոյ...

Հանդիպում Մեթնի Հայ Թաղապետներու Հետ

Հանդիպում Մեթնի Հայ Թաղապետներու Հետ

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ ընտրական աշխատանքներու պատասխանատու Աւետիս Կիտանեան հանդիպում մը ունեցան Մեթնի (Պուրճ Համուտ, Պաուշրիէ եւ Պսալիմ) Հայ թաղապետներուն հետ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան 2025-ի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններէն ետք թաղապետներու աշխատանքի կազմակերպման կարեւորութիւնը եւ ժողովուրդին հետ սերտ յարաբերութեան մշակման հրամայականը: Շեշտը դրուեցաւ նաեւ 2026-ի երեսփոխանական ընտրութուններու նախօրեակին թաղապետներու ունենալիք դերակատարութեան վրայ, մանաւանդ ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մխիթարեան  Հայրերու Ռաուտայի Վարժարան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Մխիթարեան Հայրերու Ռաուտայի Վարժարան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ` նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեանի եւ Արծիւ Տէր Խաչատուրեանի երեքշաբթի, 11 նոյեմբեր 2025-ին այցելեց Մխիթարեան հայրերու Ռաուտայի վարժարան, ուր հանդիպում ունեցաւ կառոյցի տնօրէն հայր Կորիւն Նարեկ Ճէնանեանի հետ: Պալապանեան յայտնեց, որ այցելութեան նպատակն է ծանօթացումի եւ քննարկումի առիթ ստեղծել: Այս քայլով կարելի կը դառնայ մօտէն...

Շարհի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հետ  Կ՛աշխատին Իսրայէլի Հետ Հաւանական  Համաձայնութեան Մը Վրայ»

Շարհի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Թրամփ. «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ Հետ Կ՛աշխատին Իսրայէլի Հետ Հաւանական Համաձայնութեան Մը Վրայ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարհի հետ համաձայն է եւ վստահ է, որ ան պիտի կարենայ նախագահական պարտականութիւնները կատարել: Թրամփ Շարհի հետ իր հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ, որ Ուաշինկըթըն իր կարելի ջանքը պիտի թափէ Սուրիան յաջող դարձնելու համար, եւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բարելաւման ուղղութեամբ ընթանալու: «Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ հետ կ՛աշխատին Իսրայէլի հետ...

Աուն. «Մեր Բարեկամ Պետութիւններէն  Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու Խնդրանքը  Մինչեւ Հիմա Դրական Արդիւնք Չունի»

Աուն. «Մեր Բարեկամ Պետութիւններէն Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու Խնդրանքը Մինչեւ Հիմա Դրական Արդիւնք Չունի»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց. «Լիբանան բարեկամ պետութիւններէն օգնութիւն խնդրեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի յարգէ համաձայնութիւնը, սակայն մինչեւ հիմա դրական արդիւնքի չհասանք»: Նախագահ Աուն այս մասին յայտնեց, մինչ իր պուլկարացի պաշտօնակից Ռոմին Ռատեւի պաշտօնական հրաւէրին ընդառաջելով Պուլկարիա պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ կը շարունակէ Սոֆիայի մէջ իր պաշտօնական հանդիպումները: Ան այս ծիրին մէջ այցելեց Պուլկարիոյ վարչապետ Ռոզին Ժիլիազքովի: Վերջինս ողջունեց...

Page 61 of 795 1 … 60 61 62 … 795

Արխիւներ