ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մանուկներու միջազգային օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը կատարեցին Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանի աշակերտներ Դուին Հերկելեանը (հայերէն) եւ Ալիսա Չափարեանը (արաբերէն):
Դ. Հերկելեան ըսաւ, որ ուսուցիչները յաճախ կը խօսին մարդու, յատկապէս մանուկներու իրաւունքներուն մասին, որոնց նպատակն է առողջ եւ անվտանգ ապրելու պայմաններ ապահովել մանուկներուն, զանոնք օժտել ազգային արժէքներու հանդէպ բծախնդիր մօտեցումով, հաւասարակշռուած եւ հասուն մտածողութեամբ, ինչպէս նաեւ անոնց հանդէպ տածել սէր, գուրգուրանք եւ հոգատարութիւն: Անոր համաձայն, անհրաժեշտ է դասեր քաղել անցեալէն, պատմութենէն, սակայն պէտք է ստեղծել նորը` զայն ծառայեցնելով արդիական զարգացումին, նոր հորիզոն բանալով, թէկուզ մանկական աշխարհի գունագեղ երեւակայութեամբ, որովհետեւ այսօրուան մանուկը պիտի ըլլայ ապագան:
Դուին Հերկելեան նշեց, որ իւրաքանչիւր մանուկ իր կարգին ունի պատասխանատուութիւն, պարտաւորութիւն եւ պահանջ` աւելցնելով, որ այդ բոլորը միասին պիտի ապահովեն անոր առողջ աճը եւ ուղի պիտի բանան դէպի լուսաւոր ապագայ: Իր խօսքը եզրափակելով` ան համոզում յայտնեց, որ, մեր նախորդներուն արիութեամբ եւ աւանդով զօրացած, պիտի թիավարեն համաշխարհայնացման հոսանքն ի վեր, պիտի դառնան վահան, սուր, պայքարող բազուկ, բաբախող սիրտ, հայրենասէր հաւաքականութիւն` յոյս յայտնելով, որ աշխարհի տարածքին յարգուին մանուկներուն իրաւունքները:
Ալիսա Չափարեան ըսաւ, թէ, թէեւ Մանուկներու միջազգային օր կայ, անոնց վերաբերող միջազգային օրէնքներ առկայ են, բայց եւ այնպէս աշխարհի մէջ քիչ չէ թիւը այն մանուկներուն, որոնք ամբողջովին զրկուած են ամէնէն դոյզն իրաւունքէ անգամ: Այս առիթով ան լուսարձակի տակ առաւ անհրաժեշտութիւնը յարգելու մանուկին իրաւունքը` ուրախ մանկութիւն ունենալու, գուրգուրոտ ու ապահով միջավայրի մէջ ապրելու, խտրականութիւն չկիրարկելու մանուկներուն հանդէպ` սեռի կամ որեւէ պատկանելիութեան առումով: Ալիսա Չափարեան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ իրենք իրաւունքները վայելող մանուկներ ու պատանիներ են, սակայն իրենց ուրախութիւնը ամբողջական չի կրնար ըլլալ, այնքան ատեն որ մեր շուրջ եւ աշխարհի տարածքին անիրաւուած մանուկներ կան տակաւին, որոնց ամէն տեսակ վտանգ կը սպառնայ, այնքան ատեն որ մեծերու պատերազմներուն զոհը կը դառնան մանուկները, որոնց դիակները ամէնօրեայ դրութեամբ կը ցուցադրուին պատկերասփիւռի կայաններէն, սակայն միջազգային ընտանիքը ոչինչ կ’ընէ այս ողբերգութիւնը կասեցնելու: Ան շեշտեց, որ պատերազմներուն համար ծախսուած մեծ գումարները նախընտրելի է ծառայեցնել աղքատութեան ու թշուառութեան վերացման:
Ալիսա Չափարեան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ մանուկները կեանքի ուրախութիւնն ու համն են, իսկ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան եւ գուրգուրանքին պտուղները անպայման պիտի քաղուին ապագային, որովհետեւ անոնց վրայ պիտի կառուցուի առողջ ընկերութիւնը: Իր խօսքի աւարտին պարմանուհին փափաք յայտնեց` ապրիլ խաղաղ կեանք մը, հեռու պատերազմներէ, երկրի մը մէջ, ուր կը յարգուին մանուկներուն իրաւունքները եւ չեն բռնաբարուիր անոնց երազները:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալման, որ մանուկներուն հետ ըլլալը նմանցուց պարտէզի մը մէջ նստելուն, երբ թռչուններուն երգի նմանող ճռուողիւնները կը հասնին ականջիդ, ինչպէս մանուկներուն ձայները: Ան շեշտեց, որ Մանուկներու օր նշելով պէտք է առիթ ստեղծել անոնց իրաւունքները լուսարձակի տակ առնելու: Ն. Սալման յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայերուն ունեցած նկարագրային վեհ գիծերուն` դիտել տալով, որ անոնք չեն մուրար, չեն գողնար, վատ անուն չունին, անկիրթ չեն, այլ` աշխատասէր, ժրաջան, ազնիւ եւ բարի են: Ան խրատեց աշակերտները ըլլալ բարի, պարտաճանաչ, օգնել ուրիշին, ըլլալ արժանի զաւակը հայ ժողովուրդին` աւելցնելով, որ Հայաստանը հաւատքի երկիր է, քրիստոնէութեան բնօրրան, ուստի իւրաքանչիւր աշակերտ պէտք է լաւապէս գիտնայ այս մէկը եւ տէր կանգնի իր ինքնութեան: Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահը խօսեցաւ նաեւ ԼՕԽ-ին եւ անոր ծաւալած նուիրական գործունէութեան մասին` շնորհակալութիւն յայտնելով միութեան տարած կարեւոր գործունէութեան համար:
Ապա աշակերտները գործադրեցին գեղարուեստական ճոխ ու բազմագոյն յայտագիր մը` ասմունք, պար, երգ, թատրոն: Իրենց մասնակցութիւնը բերին Ազգային միացեալ վարժարանի, Հայ կաթողիկէ Սրբուհի Ագնէս վարժարանի, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան, Թէքէեան, Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան եւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարաններու աշակերտները: Գեղարուեստական յայտագիրի վերջաւորութեան Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը թատերական ներկայացման, երգի եւ պարի ճամբով հետաքրքրական ձեւով անդրադարձաւ հայ մանուկներու իրաւունքներուն:
Աւարտին աշակերտները օրհնեց եւ իր հայրական թելադրանքները կատարեց առաջնորդ սրբազան հայրը, որ իր ուրախութիւնը յայտնեց աշակերտութեան հետ միասնաբար այս օրուան նշումին համար: Ան մաղթեց, որ աշակերտները հասակ կ՛առնեն առողջ մթնոլորտի մէջ, կը ծաղկին, պատիւ եւ հպարտութիւն կը պարգեւեն ազգին, կ՛ըլլան ուրախութեան եւ օրհնութեան աղբիւր, միշտ բարձր կը պահեն հայութեան անունը: Ան նաեւ աղօթեց, որ Աստուած պահէ հայ դպրոցը, որուն երդիքին տակ հասակ պիտի նետեն հայութեան ապագայ սերունդները: Ապա Շահէ եպս. Փանոսեանի առաջնորդութեամբ աշակերտութիւնը տպաւորիչ կերպով աղօթեց «Հայր մեր»-ը:
Սրահէն մեկնած ատեն աշակերտները ստացան ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ տրամադրուած յիշատակի նուէրներ` Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութիւնը հանդիսացող, մանկական դաստիարակչական «Լալան ու Արան» խաղերու շարքի կերպարներուն նկարներով գրչատուփեր: