Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեանի Վերջին Հանդիպումը Հանրային Խորհուրդին Հետ` Նախագահի Կարգավիճակով

Մարտ 24, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հանդիպում ունեցած է Հանրային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ: Ընդլայնուած կազմով հանդիպումին, խորհուրդի անդամներէն բացի, ներկայ եղած են  խորհրդակցական այդ մարմինի ոլորտային յանձնախումբերու, ենթայանձնախումբերու եւ տարածքային կառոյցներու  ներկայացուցիչներ:

Նկատի առնելով, որ յառաջիկային կը լրանայ Հանրային խորհուրդի գործունէութեան, ինչպէս նաեւ հանրապետութեան նախագահի` սահմանադրութեամբ նախատեսուած լիազօրութիւններու ժամանակաշրջանները, եւ այդ առումով ասիկա նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջին հանդիպումն է Հանրային խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ, խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան ներկայացուցած է անցեալ տարիներուն իր գլխաւորած կառոյցի գործունէութիւնը: Հանդիպումին մասնակիցները հանրապետութեան նախագահին նաեւ ներկայացուցած են իրենց մտահոգութիւններն ու տարբեր մարզերու մէջ առկայ խնդիրները եւ անոնց լուծման ուղղուած առաջարկները:

Իր խօսքին մէջ Վազգէն Մանուկեան կարեւոր նկատած է հանրապետութեան մէջ հասարակական-քաղաքական երկխօսութիւնը խթանելու նպատակով նախագահի հրամանագիրով 2008-ին Հանրային խորհուրդի ստեղծումը եւ շնորհակալութիւն յայտնած նախագահին` այդպիսով քաղաքական նոր մշակոյթ ձեւաւորելու, քաղաքացիական հասարակութիւնը յուզող խնդիրները բարձրացնելու, մասնագիտական տեսանկիւնէն քննարկելու եւ լուծումներ առաջարկելու կարելիութեան  համար: Հանրային խորհուրդի նախագահը յոյս յայտնած է, որ Սահմանադրութեան նոր փոփոխութիւններու արդիւնքով, ինչպէս նաեւ օրէնքով սահմանուած կարգով նոր Հանրային խորհուրդի կազմաւորումով կարելի կ՛ըլլայ ներկայիս խորհուրդի անցած ճամբան եւ  փորձառութիւնը հաշուի առնելով` աւելի մեծ արդիւնքներու հասնիլ Հայաստանի ընդհանուր վիճակի բարելաւման եւ քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման գործին մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է Հանրային խորհուրդի հետ հանդիպումները, որոնք նախորդ տարիներուն քիչ չեն եղած, եւ նշած, որ անոնք շատ օգտակար են ու լաւ առիթներ են բաց, անկաշկանդ մթնոլորտի մէջ քննարկելու երկրին մէջ եղած խնդիրները, տեսակէտներ, կարծիքներ յայտնելու եւ բանավիճելու: Նախագահ Սարգսեանը կարեւոր նկատած է խորհուրդի գրեթէ 10-ամեայ գործունէութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնած անցած տասը տարիներուն կատարուած աշխատանքին համար:

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Ձեռնպահ Քուէարկեց Տնտեսական Մրցակցութեան Պաշտպանութեան Պետական Յանձնաժողովի Օրէնքին

Յաջորդը

Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

RelatedPosts

Համազգային Զօրաշարժ Ի Խնդիր Արցախի Փրկութեան
Գլխաւոր լուրեր

Համազգային Զօրաշարժ Ի Խնդիր Արցախի Փրկութեան

Սեպտեմբեր 21, 2023
Խմբագրական.  Համայն Հայութեան Իղձերը, Պատմական Արդարութիւնը Եւ Արցախի Վերամիաւորումը  (Սեպտեմբեր 21-ի Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Համայն Հայութեան Իղձերը, Պատմական Արդարութիւնը Եւ Արցախի Վերամիաւորումը (Սեպտեմբեր 21-ի Առիթով)

Սեպտեմբեր 21, 2023
Արցախի Իշխանութիւնները Համաձայնեցան  Լուծարել Պաշտպանութեան Բանակը Եւ Քննարկել  Ազրպէյճանի Հետ Համարկումի Հարցը
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Իշխանութիւնները Համաձայնեցան Լուծարել Պաշտպանութեան Բանակը Եւ Քննարկել Ազրպէյճանի Հետ Համարկումի Հարցը

Սեպտեմբեր 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In