Օրին յայտնած էինք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով, «Ազդակ» պիտի թուայնացնէ 1918-1921-ին հայաշխարհի տարբեր ոստաններու մէջ լոյս տեսած հայերէն մամուլի որոշ կարեւոր հաւաքածոներ. աւելի ճշգրիտ` այդ հաւաքածոներուն այն թիւերը, որոնք կը գտնուին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի մամուլի արխիւին մէջ:
Այդ մամուլին կարահանուած ելեկտրոնային օրինակները «Ազդակ»-ի «Ժ. Պուտագեան» կեդրոնին մէջ կը գտնուին թուայնացման վերջին փուլին մէջ` որոնման համակարգի տեղադրման իմաստով:
Մայիսին արդէն հայ մամուլի հետազօտողը «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային գրադարանէն կրնայ օգտուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան տարիներուն (1918-1921) Երեւանի մէջ եւ այլուր լոյս տեսած հայատառ մամուլի հետեւեալ ներկայացուցիչներէն`
* «Ճակատամարտ» օրաթերթ, Պոլիս,
1918-1921
* «Նորաշխատաւոր», Թիֆլիս
1919 յուլիսէն 1920 օգոստոս, օրինակներ 8/9/10/12/13
* «Զանգ», Երեւան, 1917-1919
Եռօրեայ
* «Հայաստանի աշխատաւոր» («Զանգ»-ի անունափոխուած անմիջական շարունակութիւնը)
1919 ապրիլէնսեպտեմբեր
օրինակներ. 27/30/ ապրիլ – 4/7/9 մայիս
* «Հորիզոն» Թիֆլիս
1918 մայիսէն նոյեմբեր, օրինակներ. 1/5/9/10/11/12/14/15/16
* «Նորհորիզոն» 1918
Նոյեմբեր 20/21/22/23/24/26/27/28/29/30
Դեկտեմբեր 1/3/4/6/7/8/10/11/12/14/17/18
Մինչ այդ, 1918-1921-ին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին եւ այլուր լոյս տեսած վերոյիշեալ եւ բազմաթիւ այլ հայալեզու պարբերականներու թուայնացուած թերի կամ ամբողջական հաւաքածուներուն (բայց առանց որոնողական համակարգի) կարելի է ծանօթանալ www.tert.nla.am կայքէն։