Հայաստանի Ազգային ժողովը կը քննարկէ Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացում կատարելու մասին օրինագիծը երկրորդ ընթերցումով եւ ամբողջութեամբ քուէարկելու հարցը, որուն առնչութեամբ առաջարկ ներկայացուց ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ ըսաւ, որ պէտք է թոյլ տալ խորհրդարանական ընդդիմութեան` յանձնաժողովի անդամներէն մէկը ներկայացնելու: Ան նախ խօսեցաւ օրէնքի եւ մարմինի բացառիկ կարեւորութեան մասին:
«Մեր տնտեսութեան համար մենաշնորհները, գերիշխող դիրքի չարաշահումները, հակամրցակցային պայմանաւորուածութիւնները կը հանդիսանան մեծագոյն խնդիրները, եւ զուգադիպութիւն չէ, որ ՀՅԴ-ն այս յանձնաժողովի աշխատանքը եւ մենաշնորհի դէմ պայքարը նկատած է առաջնահերթ», ըսաւ ան` ընդգծելով, որ այս առումով փոփոխութիւնները դրական են եւ հոն խնդիր չկայ:
Սակայն, ըստ պատգամաւորին, կայ այլ հարց մը. «Ասիկա նոր չէ մեզի համար. Դաշնակցութիւնը ընդդիմադիր եղած է, իշխանութեան մաս կազմած է, բայց միշտ կարեւոր նկատած է ընդդիմութեան համակարգային դերակատարութիւնը, աստիճանաբար հակակշռող դերակատարութեան աւելնալը: Ատիկա մենք ըրած ենք սահմանադրութեամբ, եւ անկէ հիմա կ’օգտուի ընդդիմութիւնը: Մենք առաջարկած էինք, որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը կարելիութիւն ունենայ յանձնաժողովի վեց անդամներէն մէկը առաջադրելու` համախոհութեամբ, բնականաբար, բոլոր չափանիշներուն համապատասխանելով ընտրուելու պարագային լրիւ անկախ գործելու համար», նշեց ան:
Կրկին անդրադառնալով ՀՅԴ-ին առաջարկին` Վարդանեան նշեց, որ այդ առաջարկը սահմանադրութեան տրամաբանութեան կը համապատասխանէ` ընդամէնը կարելիութիւն տալ աւելի թափանցիկ յանձնաժողովի կազմ, վստահութեան առաւել արժանի յանձնաժողով ունենալու:
«Կառավարութեան մօտեցումը լաւագոյնը չէ: Ասիկա պետական համակարգին վերաբերող խնդիր է, սկզբունքային է, եւ մեր խմբակցութիւնը ձեռնպահ պիտի քուէարկէ այս օրինագիծին», եզրափակեց ան:



