Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակի Նուիրուած Համաժողովը Հասաւ Իր Աւարտին. «Երուանդ Փամպուքեան Եւ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Սփիւռքի Մէջ Իրենց Խօսքով Ու Գործով Ազատ Ու Անկախ Հայաստանի Առաքեալները Դարձան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մարտ 24, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
1
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի վեհարանի դահլիճին մէջ 21 մարտ 2018-ին ընթացք առած Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած համահայկական համաժողովը երէկ` 23 մարտին աւարտեց իր աշխատանքները:

Ընդամէնը տասը նիստերէ բաղկացած համաժողովին վերջին չորս նիստերը քննեցին 1918 թուականէն 1991 թուականներուն ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ինչպէս` Ղարաբաղի Ազրպէյճանին յանձնումը, 1960-70-ական թուականներուն Հայաստանի այլախոհական շարժումները եւ խորհրդային կարգերուն ներքեւ անկախութեան գաղափարի պահպանումը (զեկուցաբերներ` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, դոկտ. Ամատունի Վիրապեան, Միքայէլ Հաճեան, ատենապետ` դոկտ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան): Նիստերը նաեւ յաջորդաբար քննարկեցին  Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ Հայաստանի անկախութեան գաղափարախօսութեան պահպանումը (զեկուցաբերներ` տոքթ. Եղիկ Ճէրէճեան, Նազարէթ Պէրպէրեան, փրոֆ. Էդիկ Մինասեան եւ դոցենտ Խաչատուր Ստեփանեան, ատենապետ` Շահան Գանտահարեան), անկախութեան գաղափարախօսութեան պահպանումը հայ մշակոյթին մէջ (դոկտ. Գուրգէն Վարդանեան, փրոֆ. Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, դոկտ. Մովսէս Հերկելեան, Կարօ Յովհաննէսեան, դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան, ատենապետ` Ժիրայր Դանիէլեան), եւ վերջապէս` հայ եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը Հայաստանի անկախութեան կերտման, պահպանման ու հզօրացման մէջ (զեկուցաբերներ` դոկտ. Վարդան Դեւրիկեան, Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան, ատենապետ` վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան):

Նշենք, որ իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցաւ քննարկում, ինչպէս նաեւ համաժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ ընդհանուր քննարկում եւ համաժողովի արժեւորում:

Համաժողովին պաշտօնական փակումը կատարեց Արամ Ա. կաթողիկոս, որ իր խօսքին մէջ նախ եւ առաջ գնահատեց համաժողովին նախապատրաստական աշխատանքներն ու ժողովականներուն ներկայութիւնը, որոնց շնորհիւ իրականացաւ նշանակալից եւ բարձրորակ եռօրեայ համաժողով. վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատեց նախապատրաստութեան յանձնախումբի անդամները` Երուանդ Փամպուքեանը, փրոֆ. Աշոտ Մելքոնեանը, Շահան Գանտահարեանը, Կիրօ Մանոյեանը, Խաչիկ Տէր Ղուկասեանը եւ Խաչիկ Տէտէեանը: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ համաժողովի ընթացքին արտայայտուած տարբեր կարծիքները, մտածումները եւ նշումները հարստացուցիչ էին, մինչ միաձոյլ ու միատեսակ կարծիքներ, մանաւանդ երբ անոնց մէջ զգացական գիծը աւելի շեշտուած է, քան գիտական ու քննական մօտեցումը, կրնան նոյնիսկ քանդիչ ըլլալ: Արամ Ա. կաթողիկոս աւելցուց, որ այս տարբերութիւններէն վեր պէտք է համախմբուած մնալ սրբազան արժէքներու շուրջ, որոնք կը կազմեն հայ ինքնութեան հէնքը:

Եզրափակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Պատմութիւնը թուականներու ու դէպքերու ամբողջութիւն մը չէ, այլ անոր ետին գտնուող զարգացումներն են, որոնք ժողովուրդին ինքնութիւն կու տան եւ ազգ կը դարձնեն»: Պատմական դէպքերուն պատմաքաղաքական դիտանկիւններէ պէտք է նայիլ ու վերլուծել: Փաստօրէն, Մայիս 28-ն հայ ժողովուրդի անկախութեան հաւաքական տենչն ու խոյանքի արտայայտութիւնն է, որուն շնորհիւ մենք կարողացանք ունենալ 1991-ի 21 սեպտեմբերը, յայտնեց վեհափառ հայրապետը:

Արդարեւ, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը  պատմաբաններ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը եւ Երուանդ Փամպուքեանին պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարձրագոյն կարգի շքանշանով` Իշխանի շքանշանով: Վեհափառ հայրապետը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ պատմաբանները յարգանքի արժանի են իրենց տարած աշխատանքին համար: Ան նշեց, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանին մօտ ըլլալով երկուքը շատ բան սորված են անկէ ու դարձած են ազատ, անկախ Հայաստանի առաքեալներ: Անոնք մօտ ու գործակից եղած են նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, յատկապէս Երուանդ Փամպուքեանը:

Համաժողովի փակումէն ետք ժողովականները բարձրացան Պիքֆայա եւ  այցելեցին Ս. Աստուածածին վանք, ուր շրջեցան դպրեվանքին մէջ ու տեղեկացան անոր կրթական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ վանքի շինարարական աշխատանքներուն մասին: Ապա, հիւրասիրութեամբ դպրեվանքին, տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընթրիք, ուր գեղարուեստական ելոյթով հանդէս եկաւ դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը: Հուսկ, վեհափառ հայրապետը յուշանուէր մը յանձնեց բարերարներ տէր եւ տիկին Ալեքքօ եւ Անի Պէզիքեան ամոլին:

Նշենք, որ համաժողովին զեկուցումները պիտի հրատարակուին առանձին հատորով:

 

 

Նախորդը

Մանուկներու Օրուան Նշում` Անոնց Իրաւունքները Յարգելու Կոչով

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը «Կանաչ Լոյս» Տուած Է Սէուտական Արաբիոյ 1 Միլիառ Տոլարի Զէնքի Վաճառքին

RelatedPosts

Արցախի Եւ Հայաստանի Շարք Մը Քաղաքական  Ուժերու Յայտարարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Եռատօնի Վերաիմաստաւորման Համար

Մայիս 9, 2025
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ  Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ամերիկացի Կարտինալ Մը` Ռապըրթ Փրեւոսթ Դարձաւ Լեւոն ԺԴ. Պապ

Մայիս 9, 2025
Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան  Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն`  Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ  Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Խօսքը Ուղղելով Կեդրոնական Դրամատան Կառավարիչին Եւ Փոխկառավարիչներուն` Նախագահ Աուն. «Դրամատնային Համակարգին Նկատմամբ Ներքին Ու Արտաքին Վստահութեան Վերականգնման Մէջ Ձեր Պատասխանատուութիւնը Մեծ Է»

Մայիս 9, 2025

Comments 1

  1. S. Dermelkoniann says:
    7 years ago

    Pan Armenians united consolidated with this conference revival Sevres treaty unanimous

    resolutions before 2020 100th anniversary imperative .

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?