Երէկ կառավարութեան կեդրոնին մէջ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ներկայութեամբ փոխըմբռնման յուշագիր կնքուած է նոր ներդրումներու մասին: Փաստաթուղթը ստորագրուած է քառօրեայ գործարար այցելութեամբ Հայաստան գտնուող «ՍԻՄԵՏ Կրուփ» ընկերութիւններու նախագահ Պոկուսլաւ Շիքորսքիի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի նախագահ Արսէն Յարութիւնեանի միջեւ: Գործարարներուն ուղեկցած է «Պիզնես Արմենիա»-ի խումբը:
«ՍԻՄԵՏ Կրուփ» ընկերութիւններու նախագահ Պոկուսլաւ Շիքորսքի պատրաստակամութիւն յայտնած է ծրագիրը սկսելու յունիսին:
«ՍԻՄԵՏ Կրուփ» խումբի ընկերութիւնները Լեհաստանի եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը զբաղին ջրելեկտրակայաններու, ջրամբարներու շինարարութեամբ, ենթակառուցուածքներու զարգացումով, առեւտուրով, արտադրութեամբ, խորհրդատուութեամբ, պողպատի վերամշակումով, պողպատէ կառոյցներու շինարարութեամբ:
Լեհ գործարարները Հայաստան կը գտնուին Լեհաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, «Պիզնես Արմենիա»-ի, Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէի աջակցութեամբ: «Նախորդ երկու օրերուն «Պիզնես Արմենիա»-ի եւ Ջրային տնտեսութիւններու պետական կոմիտէի մասնագէտներու ընկերակցութեամբ գործարար պատուիրակութիւնը այցելած է Արմաւիրի մարզ, ծանօթացած ջրային տնտեսութեան մէջ իրականացուող ծրագիրներուն, ջրամբարաշինութեան ներուժին: Արդիւնքը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանի ներկայութեամբ երէկ ամրագրուած է պայմանաւորուածութիւնը», նշած է «Պիզնես Արմենիա»-ի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակեան:
Համագործակցութեան յուշագիրով, կողմերը պատրաստակամութիւն յայտնած են ջանքերը միաւորելու` պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեամբ ներդրումային եւ ռազմավարական ծրագիրներու իրականացման համար, խթանելու ջրամբարներու կառուցումը, ոռոգման համակարգի վերակառուցումը, նոր ենթակառուցուածքներու ստեղծումը, Մաստարա ջրամբարի նախագծումը եւ կառուցումը:



