Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ
41 օր ետք` մայիս 6-ին լիբանանցի քաղաքացին պիտի ընտրէ զինք ներկայացնող նոր խորհրդարանը:
Փաստօրէն, այսօր կէս գիշերին կ՛աւարտի ընտրական ցանկերու արձանագրութեան վերջին պայմանաժամը եւ վաղուընէ սկսեալ արդէն իսկ աստիճանաբար սաստկացող ընտրապայքարը աւելիով պիտի թէժանայ:
Պիտի բարձրանայ ընտրական հռետորաբանութեան առաստաղը, պիտի ընդլայնի ցեխարձակումներու արշաւը, անձնական վիրաւորանքներն ու լուտանքները պիտի բազմանան, քննադատութեան ենթակայ փոքր երեւոյթները խոշորացոյցով պիտի ներկայացուին, ընկերային ցանցերն ու քարոզչական տարաբնոյթ միջոցները պիտի անդրադառնան, տարածեն, յատուկ լուսարձակի տակ առնեն թեկնածուներու կեցուածքները, անցեալը, ներկան, իր պատկանած կուսակցութեան կամ կողմին տեսակէտները պիտի զարգացնեն, եւ արշաւը պիտի շարունակուի մինչեւ մայիս 6:
Ապա, ջուրերը աստիճանաբար պիտի հանդարտին, որոշ ժամանակ մը գոհ-դժգոհ խաղը պիտի շարունակուի ու երկրին քաղաքական կեանքը պիտի շարունակէ իր «բնականոն» ընթացքը:
41 օր ետք, լիբանանցի հայ քաղաքացին պիտի ընտրէ զինք ներկայացնող խորհրդարանի ՀԱՅ երեսփոխանները:
Իսկ լիբանանցի հայ քաղաքացին, որ իր ընտրութիւնը կը կատարէ, ունի զոյգ պատասխանատուութիւն:
Իր քուէն միայն լիբանանցի մարդուն քուէն չէ:
Ո՛չ ալ միայն հայ մարդուն քուէն:
Իսկ երկու պարագաներուն ալ, լիբանանցի հայ քաղաքացիին քուէն պարզ ընտրութիւն կատարող մարդու քուէն չէ:
Մեր քուէն հպարտ լիբանանցի հայուն քուէն է:
Հպարտ հայուն հպարտութեամբ տրուող քուէն է մեր ընտրանքը:
Այն հայուն, որ հպարտ է իր հայութեամբ եւ լիբանանցիութեամբ:
Մեր քուէն քուէն է այն հայ մարդուն, որ ամօթ չի զգար իր հայութեամբ եւ լիբանանցիութեամբ:
Այն հայուն քուէն է, մեր քուէն, որ հպարտ կերպով կ՛արտայայտէ իր կեցուածքը եւ կը մերժէ, որ զինք նկատեն երկրորդ կարգի քաղաքացի:
Մեր քուէն Լիբանանի վերելքին, բարգաւաճումին ու կառուցումին նպաստած հպարտ լիբանանցի հայ քաղաքացիին քուէն է:
Մեր քուէն Լիբանանը քանդող պատերազմին չմասնակցած հայուն հպարտ քուէն է: Փտածութիւնը, գողութիւնը, մարդասպանութիւնը, գործակալութիւնը, դաւաճանութիւնը, եղբայրասպանութիւնը մերժող ու անոր դէմ պայքարող հպարտ հայ լիբանանցիի քուէն է:
Մերը այն հպարտ հայու քուէն է, որ ո՛չ հայութեան, ո՛չ լիբանանցիութեան բարդոյթէն կը տառապի եւ ո՛չ ալ իր արժէքը կը փորձէ գտնել իր միջավայրէն դուրս, կամ իր միջավայրէն արտառոց կեցուածքներով:
Լիբանանցի հպարտ հայու քուէն է մեր քուէն, որուն համար հայախօսութիւնը բարդոյթ չէ, այլ լիբանանեան բազմամշակոյթ հայրենիքը հարստացնող նախադրեալ:
Մենք կ՛ընտրենք հպարտութեամբ եւ հետեւողական կերպով եւ ոչ թէ ընտրութենէ ընտրութիւն գեղեցիկ խոստումներով ու արդիական բեմադրութեան քարոզչութեամբ հրապարակը լեցնողներու խոստումներով:
Լիբանանցի հայ մարդու, հպարտ հայու քուէն լիբանանեան հայրենիքի ճակատագրակից քաղաքացիի քուէէն աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ կը տրուի:
Ընտրութիւնը սոսկ ջուրի, ելեկտրականութեան, ասֆալթապատումի, աղբի եւ քաղաքացիական այլ կարեւոր ու բնական իրաւունքներու խնդիր չէ միայն հայ լիբանանցիին համար:
Այդ բոլորը իրաւունք են ու պահանջ միաժամանակ:
Յաւելեալը, հիմնականը, մնայունը, անզիջելին հայկական քաղաքական ուժի հպարտ քուէն է:
Քուէ մը, որ կ՛ապահովէ Լիբանանի եօթը հիմնական համայնքներէն մէկը ըլլալու իրողութիւնը:
Հպարտ քուէ մը, որ կ՛ընտրէ անցեալէն եկած փորձառութեամբ, որ կ՛ընտրէ քաղաքական կենսափորձը կուսակցութեանց ու անոնց թեկնածուներուն, որ կը յարգէ անհատը, բայց մանաւանդ անոր դաւանած սկզբունքները:
Լիբանանցի հայ քաղաքացին գիտէ ճիշդը ընտրել:
Ան չի՛ մոլորիր:
Չի՛ ծախուիր:
Չի՛ խաբուիր պղպջակային քարոզչութեամբ:
Մեզի համար, Լիբանանի հայութեան համար երեսփոխանական ընտրութիւնները ո՛չ անհատական յաղթանակ են, ո՛չ գեղեցկութեան կամ ճառախօսութեան մրցանք, ո՛չ ալ այլ քաղաքական ուժերու մօտ աթոռներ աւելցնելու պարտաւորութիւն:
Հայ մարդու քուէն Լիբանանի եւ հայութեան համար տրուած քուէն է:
Հպարտ մարդու քուէն է մերը:
Հայու քուէն է այդ:
Հայու ինքնութեան պահպանման քուէն է մերը:
41 օր ետք` մայիս 6-ին հպարտ լիբանանցի հայը Լիբանանի թէ արտասահմանի մէջ հպարտութեամբ պիտի քուէարկէ միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար:
Միասնաբար եւ հպարտութեամբ:



