Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարեւոր Ուղենիշներ` Հնչած  Սթրազպուրկէն

Ակնարկ. Կարեւոր Ուղենիշներ` Հնչած Սթրազպուրկէն

ԵԽԽՎ-ի ձմեռնային նստաշրջանին նախագահ Սարգսեանի խօսքն ու անոր հետեւած հարցումներու պատասխանները բնականաբար պէտք է ընկալել իբրեւ մէկ ամբողջութիւն: Տեւողութիւնը այս ամբողջութեան ուղիղ հաւասար համեմատութեամբ է. կէս ժամ գրաւոր խօսքը, որմէ ետք նաեւ կէս ժամ հարցումներուն տրուած պատասխաններ: Ամբողջականութիւն կը նկատուի նաեւ մշակուածութեան, քաղաքական գրագիտութեան, իրազեկութեան եւ մանաւանդ ուղերձներու բազմահասցէականութեան նուրբ դրոյթներու առկայութեամբ: ԵԽԽՎ-ի պաշտօնաթող նախագահին յղուած գնահատանքի խօսքը եթէ մէկ...

Շարմազանով. «Ազրպէյճան Դարձած Է  Իր Առաւելապաշտ Քաղաքականութեան Զոհը»

Շարմազանով. «Ազրպէյճան Դարձած Է Իր Առաւելապաշտ Քաղաքականութեան Զոհը»

Ըստ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանովի, գրեթէ բոլոր լուրջ իրադարձութիւններէն ետք Ազրպէյճան սահմանագիծին մէջ կը դիմէ սադրանքի: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Շարմազանով` խօսելով գիշերը հակառակորդին կողմէ կատարուած հետախուզական ներթափանցման փորձին մասին: «Ազրպէյճան ցոյց կու տայ, որ պատրաստ չէ բանակցութեան: Ասիկա ցուցանիշ է այն երեւոյթին, որ Ազրպէյճան դարձած է իր առաւելապաշտ քաղաքականութեան...

Քննարկուած Են Արցախ – Եւրոպա Կապերը

Քննարկուած Են Արցախ – Եւրոպա Կապերը

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանը 25 յունուարին ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի անդամ Լարս Ատաքթուսոնի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին քննարկուած են Արցախ-Եւրոպա կապերուն վերաբերող շարք մը հարցեր: Զրուցակիցները յատուկ ուշադրութեամբ խօսած են  խորհրդարանական փոխադարձ գործակցութեան զարգացման մասին: Նախագահ Սահակեան նշած է, որ Արցախի մէջ շահագրգռուած են Եւրոպական խորհրդարանի եւ եւրոպական այլ կառոյցներու հետ յարաբերութիւններու խորացումով` աւելցնելով, որ ատիկա կը հանդիսանայ մեր հանրապետութեան...

Հաստատուեցաւ Ղարաբաղեան Շարժման  30-ամեակի Խորհրդանիշը

Հաստատուեցաւ Ղարաբաղեան Շարժման 30-ամեակի Խորհրդանիշը

Չորեքշաբթի, 24 յունուարին Արցախի խորհրդարանին մէջ, Աշոտ Ղուլեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ արցախահայութեան ազգային-ազատագրական պայքարի` ղարաբաղեան շարժման 30-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան կազմակերպման եւ համակարգման պետական յանձնախումբի հերթական նիստը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիրին հիմնական ուղղութիւնները եւ ամփոփուեցան խորհրդանիշի (լոկօ) մրցոյթին արդիւնքները: Նիստին բացումը կատարելով` Աշոտ Ղուլեան յայտնեց, որ արդէն իսկ ընթացք առած են ձեռնարկներու նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք չեն սահմանափակուիր միայն...

Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան  Հերոսամարտերու 100-ամեակին Նուիրուած  Մշակութային Շաբաթ Սփիւռքի Մէջ

Հայաստանի Հանրապետութեան Եւ Մայիսեան Հերոսամարտերու 100-ամեակին Նուիրուած Մշակութային Շաբաթ Սփիւռքի Մէջ

Կը ներկայացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի` համայնքներուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նուիրուած մշակութային շաբաթ կազմակերպելու կոչը. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, 2018 թուականը աշխարհասփիւռ հայութեան համար նշանաւորւում է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերի 100-ամեայ յոբելեանով, որը հայոց պատմութեան մէջ ազգային միասնականութեան ամենավառ արտայայտութիւններից մէկն է: Այն մեր փրկութեան ու վերածննդի տօնն է, որ տուեց մեզ պետականութիւն եւ ճանապարհ...

Խմբագրական.  Ժողովրդահաճոյախօսութիւն,  Կենսոլորտ Եւ Ընտրութիւններ

Խմբագրական. Ժողովրդահաճոյախօսութիւն, Կենսոլորտ Եւ Ընտրութիւններ

Լիբանանի առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները` վարչակառավարականէն ընկերային-տնտեսական, ուսուցիչներու խոստացուած աշխատավարձերու յաւելումներու առկախումէն մինչեւ կենսոլորտի, փտածութեան եւ քաղաքացիական շարժում անուան տակ առաջադրուող բազմաթիւ խնդիրներ, սուր կերպով իրենք զիրենք զգալի կը դարձնեն: Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ ներպետական հակասութիւններու սրումը դրսեւորուած հանրապետութեան եւ խորհրդարանի նախագահներուն միջեւ հեռակայ բանավէճով: Որքան ալ ընդգծուի այդ հակասութեան վարչական բնոյթը եւ հանգստեան կոչուած թոշակառուներու ստանալիք իրաւունքներուն հետ կապուած թնճուկի...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ունեցաւ  Իր Պաշտօնավարութեան Վերջին Ելոյթը.  «Արցախեան Տագնապը Լուծելու  Ժամանակը Շատոնց Հասունցած Է»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ունեցաւ Իր Պաշտօնավարութեան Վերջին Ելոյթը. «Արցախեան Տագնապը Լուծելու Ժամանակը Շատոնց Հասունցած Է»

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Սթրազպուրկի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) ձմեռնային նստաշրջանի լիագումար նիստին, ուր հանդէս եկաւ ելոյթով եւ պատասխանեց խորհրդարանականները հետաքրքրող հարցումներուն: Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին ընթացքին ըսաւ. «Անցեալ անգամ պատիւ ունեցած եմ ելոյթով հանդէս գալու այս բարձր ամպիոնէն 2013-ին, երբ Հայաստանը կը նախագահէր Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէն: Այդ առաքելութիւնը կարեւոր էր Եւրոպական  խորհուրդի ընդարձակ ընտանիքին...

Կարապետեան Կ՛ընդառաջէ Լիբանան  Այցելութեան Հարիրիի Հրաւէրին

Կարապետեան Կ՛ընդառաջէ Լիբանան Այցելութեան Հարիրիի Հրաւէրին

Տաւոսի մէջ տեղի ունեցող Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի շրջագիծին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեան հանդիպում ունեցած է Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ: Այս առիթով Հայաստանի վարչապետը իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ կատարած է հետեւեալ գրառումը. «Լիբանանի վարչապետին հետ հանդիպումը անցաւ մեր երկիրներուն բնորոշ շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ: Քննարկեցինք մեր գործառութային կապերու զարգացման հեռանկարները: Սիրով ընդունեցի պարոն վարչապետին կողմէ Լիբանան այցելելու հրաւէրը»:...

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է  Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Նախագահին  Եւ Ֆրանսա – Հայաստան Բարեկամութեան Խումբերուն Հետ

Նախագահ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցած Է Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի Նախագահին Եւ Ֆրանսա – Հայաստան Բարեկամութեան Խումբերուն Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Փարիզ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ  հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովի նախագահ Ֆրանսուա տը Ռիւժիի հետ: Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ  տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան համաձայն, նախագահ Սարգսեան շնորհաւորած է տը Ռիւժին այդ բարձր պաշտօնին ընտրուելու առիթով եւ մաղթած յաջողութիւն: Ան  կարեւոր նկատած է միջխորհրդարանական յարաբերութիւնները, որոնք լաւագոյնս կը լրացնեն միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգը: Նախագահ Սերժ...

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Նախարար  Կիտանեան Այցելեցին Նուհատ Մաշնուքի

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Նախարար Կիտանեան Այցելեցին Նուհատ Մաշնուքի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ յետմիջօրէին այցելեցին ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուքի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ արտերկրի լիբանանցիներու քուէարկութեան վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ զանազան քաղաքապետութիւններու հետ առնչուող խնդիրներ:

Փարիզի Մէջ Մաքրոն – Սարգսեան Հանդիպում.  Մաքրոն. «Հայաստանը Երկար Ճամբայ Անցած Է`  Կառուցելով Կայուն Ժողովրդավարական  Երկիր Արեւմուտքի Ու Արեւելքի Միջեւ»

Փարիզի Մէջ Մաքրոն – Սարգսեան Հանդիպում. Մաքրոն. «Հայաստանը Երկար Ճամբայ Անցած Է` Կառուցելով Կայուն Ժողովրդավարական Երկիր Արեւմուտքի Ու Արեւելքի Միջեւ»

Ֆրանսա կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Էլիզէի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ: Նախագահ Մաքրոն ողջունած է Հայաստանի նախագահին Ֆրանսա այցելութիւնը եւ նշած, որ հանդիպումին ընթացքին կ՛ակնկալէ հայ-ֆրանսական բարեկամական յարաբերութիւններէն բացի քննարկել բազմակողմանի ձեւաչափով, այդ կարգին` Ֆրանսախօս երկիրներու շրջագիծին մէջ համագործակցութիւնը, Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու հետագայ զարգացումը` շրջանակային համաձայնագիրի ստորագրութենէն ետք: Ֆրանսայի նախագահը ...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

20-21 յունուար 2018-ին, ՀՅԴ Բիւրոյի հրաւէրով, Երեւանում տեղի ունեցաւ Հայաստանի, Արցախի, ԱՊՀ երկրների, Եգիպտոսի, Իրաքի եւ Կիպրոսի ՀՅԴ մարմինների Ռայոնական ժողովը: Ժողովին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Բիւրոյի անդամներ եւ ՀՅԴ նշուած մարմինների ներկայացուցիչները: Երկու օր տեւած քննարկումների ընթացքում, ՀՅԴ Բիւրոն ներկայացրեց իր գործունէութեան վերջին 15 ամիսների տեղեկագիրը, որի լոյսի ներքոյ ծաւալուեց համապարփակ քննարկում: Ռայոնական ժողովի մասնակիցները իրազեկուեցին Հայաստանի ներքաղաքական...

Նախարար Մկրտչեան Կը Մասնակցի  Կրթութեան Համաշխարհային Համաժողովին

Նախարար Մկրտչեան Կը Մասնակցի Կրթութեան Համաշխարհային Համաժողովին

Լոնտոնի մէջ սկսած է Կրթութեան համաշխարհային համաժողովը, որուն կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան: Համաժողովի ընթացքին մասնակցող երկիրներու կրթութեան նախարարներ քննարկած են համաշխարհային ընկերային-տնտեսական զարգացման շրջագիծին մէջ կրթութեան որակի բարելաւման հարցերը: Համաժողովի ծիրին մէջ նախարար Լեւոն Մկրտչեան պաշտօնական հանդիպում ունեցած է Բրիտանական խորհուրդի ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկումին առանցքները եղած են ուսուցիչներու  վերապատրաստման հոլովոյթին մէջ փորձառութիւնն ու...

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց  Հայաստանի Մէջ Լիբանանի  Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպանը

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ընդունեց Հայաստանի Մէջ Լիբանանի Արտակարգ Եւ Լիազօր Դեսպանը

23 յունուար 2018-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Լիբանանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մայա Տաղերը: Այս մասին կը հաղորդէ սփիւռքի նախարարութեան մամլոյ վարչութիւնը: Ողջունելով նոր նշանակուած դեսպանը` նախարար Հրանուշ Յակոբեան համոզում յայտնեց, որ ներկայիս բարձր մակարդակի վրայ գտնուող հայ-լիբանանեան յարաբերութիւնները անոր պաշտօնավարման ընթացքին աւելի պիտի զարգանան: Նախարարը կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական եւ մշակութային կապերու...

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանեան Համալսարանի Նախագահին

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանեան Համալսարանի Նախագահին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Ֆուատ Այուպի, որուն հետ քննարկեց համալսարանին հետ առնչուող կարգ մը խնդիրներ: Բագրատունի համալսարանի նախագահին ուշադրութեան յանձնեց համալսարանին մէջ հայոց լեզուի դասընթացքներու հաստատման կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ հայ դասախօսներու թիւի եւ աստիճանաւորումի բարձրացման անհրաժեշտութիւնը: Դոկտ. Այուպ, մօտէն ծանօթ ըլլալով արծարծուած հարցերուն, զանոնք բաժնելով խոստացաւ համապատասխան դասաւորումները կատարել:

Ակնարկ.  «Ձիթենիի Ճիւղ»-ի Արտօնուած Ծլարձակումները

Ակնարկ. «Ձիթենիի Ճիւղ»-ի Արտօնուած Ծլարձակումները

«Ձիթենիի ճիւղ» գործողութիւնը պատերազմական ոճի կայծակնային բռնկումով կամ յանկարծակիութեան գործօնով չէ բնութագրուած: Երկար ատենէ ի վեր նախապատրաստութիւն, զօրքերու կուտակում, ազդանշանի յայտարարութիւն, նպատակի բանաձեւում եւ ապա նոր ներխուժման քայլեր: Որքան ալ լարուած իրավիճակի կապուելով սպասելի ըլլայ հակամարտութիւններու պարագային ռազմական բախումներու մեկնարկը, այնուամենայնիւ հակառակորդը անակնկալի բերելու եւ գործողութիւնները մետասաներորդ պահուն սկսելու գործնականութիւնը բազմիցս դրսեւորած է ինքզինք տարբեր միջավայրերու մէջ եւ տարբեր ժամանակներու...

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հանդիպումը  Փարիզի Քաղաքապետին Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Հանդիպումը Փարիզի Քաղաքապետին Հետ

Երէկ Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին հետ: Այս մասին Փարիզի քաղաքապետը յայտնած է իր պլոկին մէջ: «Ինծի համար պատիւ է քաղաքապետարանին մէջ ընդունիլ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանը», գրած է ան: Անն Իտալկոն դրուատանքով խօսած է Փարիզի հայկական համայնքին մասին` ընդգծելով, որ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ իրենց գործունէութեամբ զանազան բնագաւառներու մէջ մեծ յաջողութիւններու  հասած են...

Արմէն Ռուստամեանը` Վարչապետի  Վարկանիշին Անկումին Մասին.  «Թերահաւատօրէն Կը Վերաբերիմ  Որեւէ Հարցախոյզի Հետ»

Ռուստամեան. «Բազմաթիւ Անուններու Մէջէն Ամէնէն Նախընտրելին Արմէն Սարգսեանի Թեկնածութիւնն Էր»

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի  Հայաստանի Հանրապետութեան կուսակցութեան (ՀՀԿ) կողմէ առաջադրուած նախագահի թեկնածու Արմէն Սարգսեանին, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան ըսաւ, որ իրենք տեղեկացուած էին այս առաջարկին մասին, եւ այդ առումով եղած են նախնական քննարկումներ: «Մենք ի սկզբանէ նկատի ունեցած ենք, հակառակ անոր որ սահմանադրութիւնը թոյլ կու տայ, հասնիլ մինչեւ ընդհանուր թիւի մեծամասնութեամբ ընտրուած...

Աղուան Վարդանեան. «Մեր Պահանջն Է,  Որ Արցախը Դառնայ Բանակցային Կողմ»

Դաշնակցութիւնը Պաշտօնական Հանդիպում Պիտի Ունենայ Արմէն Սարգսեանին Հետ

ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին դիտել տուած է, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) շատ հետաքրքրական թեկնածութիւն առաջադրած է նախագահական աթոռին համար: Ըստ անոր, Արմէն Սարգսեան հետաքրքրական անձնաւորութիւն է իր մարդկային եւ մասնագիտական յատկութիւններով: «Չեմ գիտեր, թեկնածուին երկար ատեն Հայաստանի մէջ ապրած չըլլալը մեզի համար առաւելութի՞ւն է, թէ՞ թերութիւն: Յաճախ...

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 100-ամեակին Նուիրուած Արամ Ա. Կաթողիկոսին Կոնդակը

Ազատ ու անկախ ապրելու տենչը եւ կամքը, նո՛յնիսկ իմացեալ մահով, հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան ամէնէն յատկանշական երեւոյթներէն մէկը դարձած է` Հայկ նահապետէն սկսեալ: Հարուստ է մեր պատմութիւնը բռնակալութեան դէմ հերոսական մարտնչումներով: Այսպէ՛ս եղաւ 28 մայիս 1918 թուականը մեր ժամանակակից պատմութեան մէջ, երբ հայ ժողովուրդը, բոլոր ժամանակներու Վարդան Մամիկոնեաններու ու Ղեւոնդ Երէցներու հաւատքով թրծուած եւ վճռակամութեամբ զինուած, վերահաստատեց ինքնուրոյն պետականութեամբ իր...

Page 582 of 796 1 … 581 582 583 … 796

Արխիւներ