Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայ Դատը Իրաւունքի Եւ Արդարութեան Դատ Է» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Ապրիլ 26, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երեքշաբթի, 24 ապրիլ 2018-ին, Ազգային ազատ հոսանքի Սին էլ Ֆիլի կեդրոնին մէջ նախագահեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, ինչպէս նաեւ 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Ազգային ազատ հոսանքի թեկնածուները:

Համախմբումը իր նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը:

Այս առիթով Պասիլ յայտնեց, որ ներում հայցելը բնական է` աւելցնելով սակայն, որ աւելի կարեւոր է յիշատակը բիւրեղացնել եւ խաղաղութեամբ ապրիլ` իբրեւ արդիւնք Ցեղասպանութեան ճանաչումին, ներում հայցելուն եւ ներման շնորհումին:

Ան նշեց, որ այս բոլորը կը մղեն հաստատելու ընկերային արդարութիւնը: «Հետեւաբար, այնքան ատեն որ այս մէկը չէ իրականացած, ապա վէրքը պիտի մնայ բաց եւ պիտի շարունակէ իր ընթացքը, իսկ պահանջատիրութիւնը պիտի շարունակուի Ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդին մէջ», յայտնեց ան:

Պասիլ նշեց, որ իրենք միասնաբար կը շարունակեն քալել նոյն ուղիով, որ նահատակութեան ուղին է: Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքները ցնցիչ են, իսկ Լիբանանի մէջ թէ՛ քրիստոնեաները, եւ թէ իսլամականները կը վճարեն Սուրիոյ մէջ մարդկութեան դէմ գործուած սպանդներուն գինը:

Նախարարը ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը 2005-էն ի վեր ՀՅԴ-ին հետ քաղաքական դաշինք ունի: «Դժուար թէ մարդիկ կարենան բաժնել մեր դաշինքը, եւ ամէն անգամ որ ներքին աննշան տարակարծութիւններ կ՛արձանագրուին, կը յիշենք պատմական առումով երկու կողմերուն գործունէութիւնը` աւելի եւս համոզուելով, որ մենք դատապարտուած ենք մնալու իրարու հետ եւ գործելու միասնաբար», ըսաւ Պասիլ` աւելցնելով, որ իրենք փափաքած են 2008-էն ի վեր քաղաքական առումով համախմբումին արձանագրած իրագործումները ներկայացնել հանրութեան` գրքոյկի մը ընդմէջէն:

Ապա ան ներկայացուց գրքոյկը` լայնօրէն անդրադառնալով համախմբումին գործունէութեան:

Իր կարգին, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, որ պատշաճութիւնը կ՛ենթադրէ, որ Պասիլի երախտագիտութիւն յայտնէ Հայոց ցեղասպանութեան գծով անոր արտայայտած զօրակցական կեցուածքին համար, սակայն այս պարագային «պայման չէ որ պատշաճ ըլլամ, որովհետեւ համոզուած եմ եւ կը հաւատամ, որ այդ կեցուածքը ի սրտէ բխած եւ համոզումով արտասանուած տեսակէտ մըն է»: Ան շեշտեց, որ այդ տեսակէտը կ՛արտացոլացնէ նաեւ հանրապետութեան նախագահին կեցուածքը, որ մնայուն կերպով նեցուկ կը կանգնի արդարութեան եւ Հայ դատին, որ իմ գնահատումովս միայն հայոց դատը չէ, այլեւ` հալածուած եւ անիրաւուած բոլոր ժողովուրդներուն դատը, յատկապէս այս շրջանի ժողովուրդներուն, որոնք ենթարկուած են օսմանեան եւ թրքական վայրագութեան: «Բոլոր ժողովուրդները` հայերը, ասորիներն ու քաղդէացիները, քրիստոնեաներն ու իսլամները ենթակայ եղած են 600 տարուան օսմանեան բռնատիրութեան: Անշուշտ այս բոլորին կողքին, անկարելի է մոռնալ օսմանեան կայսրութեան քաղաքական եւ զինուորական պատասխանատուին կատարած մէկ յայտարարութիւնը, թէ ինք սուրով ջարդած է հայ ժողովուրդը, իսկ լիբանանցիները` Լեռնալիբանանի բնակիչները պիտի ջարդէ սովով», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Հայ դատը իրաւունքի եւ արդարութեան դատ է: Անիկա դատն է իւրաքանչիւր անհատի, որ կը հաւատայ արդարութեան, իւրաքանչիւր ազատ մարդու դատը, եւ դատը բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան, թէ նման ոճիր մը չկրկնուելու համար հարկ է զայն անպատիժ չձգել: «Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով օսմանեան կայսրութեան գործած ցեղասպանութեան պատասխանատուն կը նկատենք Թուրքիոյ արդի պետութիւնը, որ օրինական ժառանգորդն է օսմանեան կայսրութեան, անոր իրաւունքներով եւ պարտականութիւններով», հաստատեց ան:

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի անդրադարձաւ նաեւ 2000-ին Լիբանանի խորհրդարանին տուած այն որոշումին, թէ Թուրքիա պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան գծով իր պատասխանատուութիւնը եւ ըստ այնմ նիւթական ու բարոյական հատուցումներ կատարէ` վերադարձնելու համար հայ ժողովուրդէն խլուած բոլոր իրաւունքները:

«Արդարութեան, ժողովուրդի մը իրաւունքին կամ ժողովուրդներու իրաւունքներուն դէմ արձանագրուած որեւէ խախտում, կը նկատուի ամբողջ իրականութիւնը թիրախ դարձնող ընդհանուր խախտում», եզրափակեց Յակոբ Բագրատունի:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Նախարար Կիտանեանը

Յաջորդը

Հայաստանի Ու Արցախի Բարձրագոյն Ղեկավարութիւնը, Նաեւ` Հոծ Թիւով Ժողովուրդ Յարգանքի Տուրք Մատուցեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?