Կազմակերպութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, երէկ երեկոյեան ժամը 9:15-ին, Էշրեֆիէի մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի ընտրական միթինկը, որուն ներկայ գտնուեցան «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ի թեկնածուները` Նիքոլա Սահնաուի, Սերժ Չուխատարեան, Յակոբ Թերզեան, Ալեքսանտր Մաթոսեան, Սեպուհ Գալփաքեան, Մեսուտ Աշքար, Նիքոլա Շամմաս եւ Անթուան Փանօ, ինչպէս նաեւ միթինկի հովանաւոր` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:
«Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին կից կառատան մէջ կազմակերպուած ընտրական միթինկին ներկայ գտնուեցան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան եւ Սոցիալ դեմոկրատ հնչակեան կուսակցութեան մեծ թիւով հետեւորդներ եւ համակիրներ:
Ընտրական միթինկին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի քայլերգով, որուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք գրագէտ Հապիպ Եունես ողջունեց Էշրեֆիէի, Ռըմէյլի, Մտաուարի եւ Սայֆիի բնակիչները` հաստատելով, որ մայրաքաղաք Պէյրութը իր բոլոր բնակիչներուն է, եւ բոլոր ճամբաները կը տանին դէպի Պէյրութ:
Եունես շեշտեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններէն շաբաթ մը առաջ պէտք է շեշտել, որ Պէյրութը յաջորդ խորհրդարանին մէջ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն պէտք է ունենայ:
Ապա խօսք առաւ նախարար Պասիլ, որ յայտնեց, թէ Էշրեֆիէի իմաստը կարելի չէ գիտնալ, եթէ Պաապտայի նախագահական պալատէն ձեր հայեացքը Պէյրութի կողմ ուղղելով չէք նշմարած Պէյրութի վրայ գտնուող թումբը, որ օր մը օրանց ծնրադիր դիրքով չներկայացաւ ոեւէ մէկուն դիմաց, այլ` մնաց Պէյրութը պաշտպանող պատուարը:
«Ի՛նչ ալ խօսիմ Պէյրութի մասին, մայրաքաղաքին արժէքն ու իրաւունքը չեմ կրնար տալ: Շատեր ստիպեցին, որ Պէյրութ անձնատուր ըլլայ, սակայն անոնք չգիտցան, թէ Պէյրութի արժանապատուութիւնը ամբողջ Լիբանանի արժանապատուութիւնն է, որովհետեւ Պէյրութը Լիբանանի մայրաքաղաքն է ու սիրտը: Ամբողջ Լիբանանը կը զօրակցի Պէյրութին, եւ մայրաքաղաքը ձախողութեան մատնած է իր դէմ նիւթուած բոլոր դաւադրութիւններ», նշեց ան:
Պասիլ մէջբերեց Պէյրութի մասին վաստակաւոր երգչուհի Մաժիտա Ռումիի մեկնաբանած երգին բառերը: Ան ըսաւ. «Կանգնի՛ր աւերակներուն տակէն, ո՛վ Պէյրութ: Կանգնի՛ր անիրաւութեան լուծին տակէն, ո՛վ Պէյրութ: Յեղափոխութիւնը կը ծնի մորմոքի արգանդէն: Իսկ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը յեղափոխութիւնն է, որ պիտի յաղթէ Պէյրութի մէջ եւ անոր հետ յաղթանակ պիտի արձանագրէ ամբողջ Պէյրութը», յայտնեց Պասիլ:
Ան շեշտեց, որ Պէյրութ իրենց համար նախանձելի է, որովհետեւ ան օրինակելի տիպար է: «Այսօր ես կանգնած եմ Պէյրութի սրտին մէջ` վստահ ըլլալու համար, որ այդ սիրտը լաւ վիճակի մէջ է, եւ անոր բոլոր երակները Լիբանանի համար արիւն կը ներարկեն: Այդ սիրտը լաւ ու առողջ վիճակի մէջ է, որովհետեւ Պէյրութի մէջ մենք հզօր ենք, որովհետեւ մենք այսօր Պէյրութ Ա.-ի մէջ կը գտնուինք, ուր հիմնական փոփոխութիւնը այն է, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը` ՀՅԴ-ի եւ միւս դաշնակիցներուն հետ, առաջին անգամ ըլլալով երեսփոխաններ պիտի ունենայ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ: Ասիկա մեծ փոփոխութիւններ պիտի յառաջացնէ Պէյրութի եւ պէյրութցիներու կեանքերուն մէջ, որովհետեւ Պէյրութը բոլորին համար բաւարար տեղեր ունի, եւ անոր բոլոր բնակիչները պիտի ներկայացուին խորհրդարանին մէջ: Ոչ ոք պիտի կարենայ ամբողջութեամբ իշխել Պէյրութին եւ անոր բնակիչներուն որոշումին», հաստատեց ան:
Պասիլ ընդգծեց, որ Պէյրութի բնակիչները այսօրուան դրութեամբ կը պայքարին ընտրական կաշառքին դէմ: «Ո՛վ որ կը կարծէ, թէ պէյրութցին կրնայ վաճառուիլ կամ կը հաւատայ, թէ ձեր խիղճը կրնայ գնել, ապա անոր պատասխանը դուք պիտի տաք: Դուք պիտի փաստէք, որ Պէյրութի բնակիչները չեն ծախուիր եւ Պէյրութի ազատութիւնը անգին է: Ձեր պայքարը նաեւ տգիտութեան եւ մտային քաոսին դէմ է: Պէյրութը իսկապէս արժանի է փոփոխութեան, արդիականութեան եւ աւելի լաւ երեսփոխաններու: Պէտք է վտարել յուսախաբութիւնն ու ընկճուածութիւնը, որոնք կը խեղճացնեն քաղաքացիին ուղեղը: Մենք եւս քաղաքացիական ընկերութեան մաս կը կազմենք եւ ոչ թէ զինուորական ընկերութեան: Դուք կը պայքարիք նաեւ յուսալքումին դէմ, որովհետեւ յուսալքումը երազելու մեծագոյն թշնամին է, հետեւաբար պէտք է վանել քանդիչ միտքերը եւ հաստատել, որ դուք ազատ էք եւ ոչ թէ այս կամ այն կողմին ենթակայ ստրուկները` ինչպէս ոմանք կը փորձեն շուկայադրել», ըսաւ Պասիլ:
Ան նշեց, որ Պէյրութի բնակիչները իրենց քուէներով պիտի փոխեն կացութիւնը եւ սրբագրեն սխալները` ընտրելով իրենց իսկական ներկայացուցիչները:
Պասիլ յայտնեց, որ «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ի թեկնածուները ունին գերիշխանական փորձառութիւն, տնտեսական հայեացք եւ իրենց ջանքերով ու ձգտումներով կրնան հիմնել նոր երկիր:
Իր խօսքը ուղղելով հայ թեկնածուներուն` Պասիլ ընդգծեց. «Հայը մեր ընկերն է ու բարեկամը` երէկ, այսօր եւ վաղը: Արդարութեան եւ իրաւունքի ժամը հնչած է արդէն, եւ աթոռները պէտք է վերադառնան իրենց իսկական ներկայացուցիչին, անոնց` որոնք արժանի են ներկայացուցչութեան: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը վերջ պիտի տայ անիրաւութեան եւ փոքրամասնութեան անուանումներուն, որովհետեւ Պէյրութի եւ Լիբանանի մէջ փոքրամասնութիւններ պէտք չէ ըլլան: Մենք պիտի պաշտպանենք իւրաքանչիւր անձ կամ ընկերութիւն, որ ինքզինք լուսանցքայնացած կը զգայ: Մեր ժողովուրդը դուք էք, իսկ մեր թեկնածուները ներկաներն են: Մենք պիտի ջանանք ձեր քուէներով վերադարձնել Պէյրութի մէջ մեր ներկայացուցիչներուն աթոռները, որպէսզի դառնանք հզօր պլոք մը եւ իրականացնենք բոլորին յոյսերը: Պէտք է Պէյրութին վերադարձնէք անոր փառքը: Բոլոր աթոռներէն աւելի Պէյրութը կարեւոր է եւ մենք Պէյրութի համար է, որ պիտի յաղթենք», եզրափակեց ան:
Ապա հերթաբար խօսք առին «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ին թեկնածուները:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ Նիքոլա Սահնաուին խօսքը ներկաներուն ուղղելով ըսաւ, թէ Պէյրութ Ա.-ը զօրաւոր է իր արժանապատիւ, ուրիշին իրաւունքը չխլող, հաւատքով եւ անսասան մնալու վճռականութեամբ օժտուած իր բնակիչներով, որոնք պայքարեցան ամէն տեսակ տնտեսական դժուարութեան, արտագաղթի, պատերազմի դէմ` միշտ մնալով Պէյրութի մէջ: Ան դիտել տուաւ, որ այս ընտրացանկով մայրաքաղաքը աւելի պիտի զօրանայ. թէեւ նախորդ տարիներուն Պէյրութ Ա.-ի իրաւունքները խլուեցան իրմէ, սակայն մայիս 6-ին միասնական ուժով կարելի պիտի ըլլայ վերականգնել զանոնք, որովհետեւ շրջանի բնակիչները արժանի են աւելի բարօր կեանք ունենալու, իրենց պապերուն տուներուն մէջ բնակելու եւ չհեռանալու շրջանէն: Սահնաուիի համաձայն, 25 տարիէ ի վեր շրջանը անտեսուած է, ոչ մէկ ծրագիր ու նուաճում արձանագրուած է հոն, անիկա խորթի նման դարձած է, որովհետեւ իր ձայնը լսելի դարձնող չէ եղած: Ան աւելցուց, որ փորձեր կը կատարուին պէյրութցիները շփոթի մատնելու, սակայն անոնք չեն ենթարկուիր այդ բոլորին եւ կառչած են իրենց սկզբունքներուն ու գաղափարներուն` միշտ պատրաստակամ իրենց քուէներով աշխարհին դէմ կանգնելու:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ առաջադրուած թեկնածու Սերժ Չուխատարեան, որ ըսաւ, թէ այս ընտրութիւնները ճակատագրական են, իսկ այդ ճակատագիրը որոշողը իւրաքանչիւր քուէարկող է, որ այսօր կարողութիւն ունի անցեալի դառն ու աղաւաղուած էջը փակելու եւ բանալու աւելի լուսաւոր էջ մը: Անոր համաձայն, երեսփոխանութիւնը պատիւ չէ, այլ պարտականութիւն, ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւն, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի լաւ ապագայ մը կերտել:
Ս. Չուխատարեան յայտնեց, որ «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ը պիտի պայքարի մսխումին եւ փտածութեան դէմ, աշխատանք պիտի տանի թափանցիկ, սակայն ամուր եւ դիմացկուն պետութեան մը հիմնումին ի խնդիր: Ան հաստատեց, որ կեանքին մէջ կարեւորագոյն տուեալներէն է վստահութիւնը, որ չի խնդրուիր, այլ ինքզինք կը պարտադրէ` աւելցնելով, որ վստահութիւնը ծախու դրուած ապրանք չէ, այլ անիկա սիւն մըն է, որ կը կերտուի քար քարի վրայ դնելով: Այս ծիրին մէջ թեկնածուն ըսաւ, որ զիրենք առաջադրած քաղաքական կուսակցութիւնները կը վայելեն այդ վստահութիւնը: Անոր համաձայն, տարբեր ընտրացանկերէ շրջանի բնակիչներուն առաջարկուած կաշառքները օգուտ չունին, որովհետեւ Էշրեֆիէի, Ռըմէյլի, Մտաուարի եւ Սայֆիի ժողովուրդը արժանապատուութեան, վեհանձնութեան եւ խիղճի տէր է:
Սերժ Չուխատարեան ըսաւ, թէ «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ը հզօր է իր ժողովուրդով, վերջինիս կողմէ իրենց տրուած վստահութեամբ, անոր նուիրականութեամբ, ինչպէս նաեւ իր դաշնակիցներով, որոնց կարգին է Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որ «Միասնաբար` ամբողջ Լիբանանի համար» կարգախօսին ընդմէջէն կը հաւատայ, որ միացեալ աշխատանքով կարելի է պայքարիլ աւելի լաւ Լիբանանի մը համար եւ լիովին ծառայել այս երկրին: Ան դիտել տուաւ, որ Դաշնակցութիւնը ինքնամփոփ չէ, այլ ուրիշը ընկալելու, անոր հետ գործակցելու պատրաստակամ է, ինչ ալ ըլլայ անոր պատկանելիութիւնը` աւելցնելով, որ բոլոր ժամանակներուն ու պայմաններուն տակ, պատերազմի ու խաղաղութեան օրերուն երբեք չփոխուեցաւ Դաշնակցութեան կեցուածքը` հաւատարիմ մնալով ամբողջ Լիբանանի ու լիբանանցիներուն եւ առանց խտրականութեան ծառայելով այս երկրին ու անոր բնակիչներուն: Չուխատարեանի համաձայն, Դաշնակցութիւնը բարեկամ է բոլորին, կամուրջի դերակատարութիւն ունի, ինչպէս նաեւ հանրային կեանքին մէջ աշխուժ է: Ան ըսաւ, թէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին տարածուած այս կուսակցութիւնը իր մեծ դերակատարութիւնը պիտի վերահաստատէ Լիբանանի մայրաքաղաքէն` իր ներկայացուցիչներուն ճամբով, որոնք պիտի աշխատին իրականացնելու Լիբանանի մեծ երազը` կերտումը հզօր պետութեան, ուր մշակոյթներու հանդիպում տեղի կ՛ունենայ, ուրկէ արտագաղթ չի կատարուիր, կարելի կ՛ըլլայ զանազան ներդրումներ ընել, ջուր, ելեկտրականութիւն ապահովել, ունենալ աշխուժ զբօսաշրջութիւն, արդար դատախազութիւն, բարգաւաճ ճարտարարուեստ եւ հողագործութիւն, ինչպէս նաեւ մարդկային ամէն տեսակի իրաւունքի յարգում, Լիբանան մը, որ պատիւ է ներկային եւ խոստմնալից ապագայ ունի:
Անկէ ետք իր խօսքը արտասանեց Նիքոլա Շամմաս, որ «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ին թեկնածուները նկատեց առաջին կարգի անձնաւորութիւններ, որոնք բոլորն ալ յաջողած են իրենց ասպարէզներուն մէջ, ճանչցուած են բարի վարքով, իրենց շրջանակներուն մէջ աշխատանք ծաւալելու եւ անոնց ծառայելու յատկութեամբ: Ըստ անոր, կայ աւելին, որ ընտրացանկին անդամները համախոհ են, համագործակցելու պատրաստ եւ զիրար ամբողջացնող: Ան ըսաւ, որ այս անձերը խորհրդարան հասցնելու համար պէտք է աշխատանք տարուի բոլորին կողմէ, որպէսզի բոլոր թեկնածուներն ալ յաջողութիւն ունենան եւ լաւագոյնս ներկայացնեն լիբանանահայութիւնը:
Նիքոլա Շամմաս դիտել տուաւ, որ Պէյրութը արժանի է լաւագոյնին, ուստի պէտք է հաւատարմութեամբ քուէարկել 6 մայիսին, որպէսզի կարելի ըլլայ 25 տարիներու անիրաւութեան վերջ դնել, վերաշխուժացնել շրջանը, ձախողածները հեռացնել ճամբէն, որպէսզի առողջ ընթացքի համար ուղի բացուի կարողութիւն ունեցողներուն դիմաց:
Մասուտ Աշքար ժողովուրդը ողջունելով յայտնեց, որ յառաջիկայ 4 տարիներու ճակատագիրը, խորհրդարանի անդամներուն ինքնութիւնն ու անոնց գործունէութեան ուղին, կառավարութեան մէջ ուժերու ներկայացուցչութիւնը, հզօր պետութեան մը հեռանկարը պիտի ճշդուին այս ընտրութիւններուն: Ան վստահութիւն յայտնեց, որ պէյրութցիք գիտակից են եւ պիտի կարենան ճիշդ ընտրութիւն կատարել` բարձր պահելով մայրաքաղաքին պատիւն ու ճակատը, որովհետեւ անոնք ծախու չեն, անոնց արժանապատուութիւնը վեր է ամէն բանէ: Ըստ անոր, այս անգամ պայքարը արտաքին ճակատին դէմ չէ, այլ ներքին, պայքար` ընդդէմ անօթութեան, աղքատութեան, արտագաղթի, պապենական հողերու վաճառքի, փտածութեան, սղութեան, անգործութեան, թմրեցուցիչ ծախելու:
Մասուտ Աշքար յայտնեց, որ պատերազմէն ետք Պէյրութ Ա. շրջանը անարդարութեան դատապարտուեցաւ, եւ թէեւ մեծ ակնկալութիւններ կային պատասխանատուներէն, սակայն անոնք չհետաքրքրուեցան շրջանով` զայն որբ ձգելով, թէեւ մեծ թիւով քաղաքացիներ բազմաթիւ կարիքներ ունին, սակայն անոնց մասին խօսող չեղաւ, կոյր ձեւացողները բազմացան: Թեկնածուն հաստատեց, որ ամբողջովին մերժելի է շրջանի բնակիչները նկատել լոկ քուէներ` անտեսելով անոնց արժանապատուութիւնն ու ազատ կարծիքը` շեշտելով, որ ծառայութիւններ ստանալու արդար իրաւունք ունին անոնք` առանց իրենց ձայնը լռութեան մատնելու: Ան խոստացաւ Պէյրութը վերադարձնել լիբանանեան որոշումներուն մասնակից շրջանի կարգավիճակին:
Հնչակեան կուսակցութեան թեկնածու, երեսփոխան Սեպուհ Գալփաքեան ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակէն օրեր ետք տեղի ունեցող այս հաւաքը լաւ առիթ է շնորհակալութիւն յայտնելու Պէյրութին եւ անոր բնակիչներուն, որոնք իրենց դռները լայն բացին Ցեղասպանութենէն ճողոպրածներուն դիմաց, իսկ այսօր արդէն ժամանակը հասած է, որ մենք ալ այս շրջանին փոխադրենք սէրն ու հաւատարմութիւնը: Անոր համաձայն, Պէյրութը երբեք իր դիմագիծը չէ փոխած եւ կը շարունակէ մնալ այլազանութեան, տարբեր մշակոյթներու հանդիպման, ազատութեան եւ գեղեցկութեան քաղաքը, իսկ մենք բոլորս պարտաւոր ենք պահպանել անոր այս յատկութիւնները, նաեւ ծառայել Լիբանանին: Ս. Գալփաքեան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի բարգաւաճման եւ զարգացման, հզօրացման եւ ամրապնդման համար միասնական աշխատանք պէտք է տարուի` աւելցնելով, որ «Պէյրութ Ա.-ի հզօր ընտրացանկ»-ին մէջ ազգային միասնականութիւն, համախոհութիւն եւ փոխադարձ հասկացողութիւն գոյութիւն ունի: Ան կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան` ընտրելու քաղաքական պատմական կուսակցութիւններուն կողմէ առաջադրուած թեկնածուները, որովհետեւ անոնք են, որոնք տարիներ շարունակ տէր կանգնեցան հայկական աւանդին:
Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ ՀՅԴ-ի թեկնածուներէն Ալեքսանտր Մաթոսեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ զզուած ենք կարգախօսներէն եւ չյարգուած խոստումներէն` ջուրի, ելեկտրականութեան, աղբերու եւ այլնի վերաբերող, մանաւանդ որ լիբանանցի ժողովուրդին ցաւերն ու տագնապները անտեսուած կը մնան տակաւին: Ան հաստատեց, որ եթէ ելեկտրականութիւն չըլլայ, փողոցները կուպրապատուած չըլլան, մարդ չի մեռնիր, սակայն մեր իրականութեան մէջ մեծաթիւ անձեր կը մահանան, որովհետեւ տուփ մը դեղ գնելու դրամ չունին, հիւանդանոցներու դռներուն առջեւ կը մեռնին, որովհետեւ անհրաժեշտ գումարը չունին ներս մտնելու: Ան անդրադարձաւ նաեւ երիտասարդութեան արտագաղթին, անոնց ունեցած ահաւոր պարտքերուն, որոնք արգելք կը հանդիսանան բնական կեանք ապրելու` շեշտելով, որ խորհրդարանին մէջ աթոռ ունենալու ձգտումին պատճառը այս բոլորը փոխելն է:
Ա. Մաթոսեան կոչ ուղղեց 6 մայիսին քուէարկելու, ճիշդ ընտրութիւն կատարելու, որպէսզի կարելի ըլլայ հզօր Լիբանան կերտել, այս բոլոր հարցերուն միասնաբար լուծում գտնել:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին կողմէ առաջադրուած թեկնածուներէն Յակոբ Թերզեան հաստատեց, որ այս հաւաքը առիթ է ըսելու, որ Պէյրութ Ա.-ը միշտ հպարտ է իր բնակիչներով եւ հաւատարիմ է անոնց: Ան ըսաւ, որ Դաշնակցութեան մէջ խոստումը տալու սիրոյն չի տրուիր, այլ` յարգուելու, իսկ պատմութիւնը ասոր լաւագոյն վկան է: Թերզեանի համաձայն, ծրագիրները բաւական մեծ են եւ օգտաշատ, որպէսզի շրջանը բարգաւաճի, որովհետեւ անիկա արժանի է ամէն տեսակ ներդրումի:
Իր խօսքը երիտասարդութեան ուղղելով` Յակոբ Թերզեան ըսաւ, որ բոլոր ծրագիրներուն մէջ երիտասարդները պիտի մնան առաջնահերթ, որովհետեւ իրենք են ապագան: Ան խօսեցաւ հայութեան թերի ներկայացուցչութեան մասին` նշելով, որ այս ընտրութիւնները առիթ են այդ սխալը ուղղելու եւ ընտրելու անձեր, որոնք ժողովուրդին կողքին եղած են միշտ, գիտեն անոր մտահոգութիւններն ու դիմագրաւած հարցերը: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն` ընտրելու ո՛չ թէ իրենց նմանողը, որ կրնայ կեղծ ըլլալ, այլ երկուորեակը, որ ծնունդ է նոյն միջավայրին եւ ներկայացուցիչն է աւանդ ունեցող կուսակցութիւններուն:
Իր խօսքի աւարտին Յակոբ Թերզեան շնորհաւորեց բանուորները` հաստատելով, որ ընտրացանկի անդամները նաեւ պիտի պայքարին անոնց համար, որպէսզի անոնք չստիպուին գլխահակ քալելու, այլ` բարձրաճակատ, բոլոր իրաւունքներուն տիրացած:
Խօսք առաւ նաեւ գնդապետ-զօրավար Անթուան Փանօ, որ ըսաւ, թէ զինուորական կեանքին մէջ որդեգրած սկզբունքներով պիտի գործէ նաեւ իր կեանքին մէջ` արժանապատուութիւնը, զոհողութիւնը եւ հաւատարմութիւնն ամէն բանէ վեր դասելով: Ան ըսաւ, թէ իր ծառայութեան շրջանին ականատես եղած է մեծաթիւ նահատակներու զոհուելուն` ի սէր Լիբանանի, ուստի այսօր այս ընտրացանկին ճամբով պէտք է աշխատիլ, որպէսզի թափած արիւնը ի զուր չըլլայ: Բանօ հաստատեց, որ Լիբանան զօրաւոր է բանակով, զոր պէտք է պաշտպանել եւ անոր շուրջ համախմբուիլ, հզօր է իր ժողովուրդով, սահմանադրական հաստատութիւններով եւ անոնց թափանցիկ գործունէութեամբ, արդար դատարանով, մանաւանդ իր երիտասարդութեամբ: Ան կարեւոր նկատեց այն, որ հասարակութիւնը գիտակից ըլլայ իր քուէին արժէքին եւ ոչինչով փոխարինէ զայն, որովհետեւ անիկա ապագայի երաշխիք է:
Իր խօսքը փակելով` Անթուան Փանօ ըսաւ, որ ժամանակն ու առիթը ներկայացած է, որպէսզի մերժենք մեր ձայնը խլել մեզմէ, մանաւանդ որ մենք մեծապէս պայքարած ենք այս հողին համար, ուրեմն պէտք է տէր կանգնինք մեր իրաւունքներուն` կոչ ուղղելով ընտրակեդրոններու վարագոյրներուն ետին ազատ ըլլլալու, որպէսզի այդ ազատութիւնը շարունակուի յառաջիկայ տարիներուն եւս: