«6 Մայիսին Պիտի Փաստենք Դարձեալ, Որ Այն Ժողովուրդն Ենք, Որ Իր Ինքնուրոյնութիւնը Պիտի Պահէ, Որ Տեղի Պիտի Չտայ, Պիտի Չմոլորի» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի
ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին կազմակերպութեամբ, երէկ` ուրբաթ, 27 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Զալքայի «Գարեգին Նժդեհ» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային երկրորդ միթինկը` ներկայութեամբ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի:
Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, ապա խօսք առաւ Վիգէն Գուճանեան: Ան ըսաւ, որ բոլորս գիտենք, թէ Դաշնակցութիւնը բոլոր ժամանակներուն մեր կողքին կանգնած է, պատերազմի օրերուն մեր տղաքը մեր տուներն ու զաւակները պաշտպանած են, խաղաղ օրերուն մեր բոլոր հարցերն ու դժուարութիւնները բաժնած են, կարելիութիւններու սահմաններուն մէջ նեցուկ կանգնած են եւ փորձած են լուծումներ գտնել: «Դուք լաւապէս գիտէք, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական գործունէութիւն ծաւալելու եւ հայորդիներուն գործերը դիւրացնելու համար կարիքը ունինք խորհրդարանի մէջ ներկայացուցիչներու, որոնք Դաշնակցութեան ճամբով ձեզմէ իւրաքանչիւրին ներկայացուցիչներն են: Մեծաթիւ երեսփոխաններ ունենալը առաւել եւս կ՛ամրապնդէ մեր ներկայացուցչութիւնը, կ՛արժեւորէ երեսփոխանական պլոքին ուժը եւ կը ծաւալէ առաւել արդիւնաբեր աշխատանք», նշեց Գուճանեան:
Ելոյթ ունեցաւ Շաքէ Պաղտասարեան` մեկնաբանելով ազգային հայրենասիրական քանի մը երգ:
Օրուան բանախօսն էր Տիգրան Ճինպաշեան, որ ըսաւ, թէ Լիբանանի մէջ հայկական կուսակցութիւնները Լիբանանի ամբողջ ժողովուրդին, Լիբանանի պետութեան ապահովութեան, զարգացման, բարգաւաճման, անոր ամբողջականութեան պահպանման ջատագով են: Բայց անոնք, թէ՛ Լիբանանի մէջ կիրարկուող համայնքային դրութեան եւ թէ՛ հայ ժողովուրդի յատուկ կացութեան բերումով ունին յաւելեալ, աւելի ծանր պատասխանատուութիւն: Ատիկա հայկական ինքնութեան պահպանումն է, անոր արմատաւորումը:
Ան նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ժամանակ պէտք է որոշել, թէ ո՛վ աւելի լաւ, աւելի ճիշդ, աւելի նպատակային, աւելի արդիւնաւոր ծառայութիւն կրնայ մատուցել: Պարզ է, որ այդ ընտրութիւնը հայկական կուսակցութիւններու ներկայացուցած թեկնածուներուն միջեւ պէտք է ըլլայ: Անոնք են միայն, որ ունին աշխատանքի ու ծառայութեան հայկական օրակարգ: Ուրիշները, որոնք այս ընտրութիւններուն շատցած են, թէեւ յարգելի անձնաւորութիւններ են, սակայն ունին ծառայութեան օրակարգ մը, որ զիրենք առաջադրողներունն է, մերը չէ, հայութեան հետ, հայ համայնքին հետ, հայ համայնքի լիբանանեան-պետական դերակատարութեան հետ առնչութիւն, կապ չունի:
Տ. Ճինպաշեան ըսաւ. «Հիմա եթէ կրցանք որոշել, թէ հայկական կուսակցութիւններու կողմէ առաջադրուած թեկնածուները պիտի նախընտրենք, կը մնայ որոշել, թէ ո՛ր կուսակցութիւնը պիտի նախընտրենք: Ես պիտի նախընտրեմ, բնականաբար, իմ կուսակցութիւնս` ՀՅ Դաշնակցութիւնը, ոչ թէ պարզապէս, որովհետեւ դաշնակցական եմ, բան մը, որ կրնար բաւարար հիմնաւորում ըլլալ, պիտի ընտրեմ Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ այդ կը յուշէ տրամաբանութիւնը, խորհրդարանին մէջ ազգային մեծագոյն կազմակերպութիւնը ուժեղ տեսնելու, իր կամքը, որ մեր բոլորին կամքն է, զօրաւոր դիրքերէ պարտադրելու կարելիութեամբ օժտելու համար: Հայկական երեսփոխանական ուժեղ պլոքի մը առկայութիւնը, գոյութիւնը ազգային ուժեղ կուսակցութեան հովանիին տակ անհրաժեշտութիւն է: Հզօրանք է»:
Ան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Մենք` իբրեւ համայնք, իբրեւ Լիբանանի քաղաքացիներ, իբրեւ հայ լիբանանցիներ ու լիբանանցի հայեր, իրաւունք չունի՞նք մեր խօսքը բարձրաձայն ու հպարտօրէն հնչեցնելու եւ ակնկալելու, որ այդ խօսքը լսելի դառնայ: Կասկած չկայ, որ այդ իրաւունքը ունինք: Ո՛չ միայն իրաւունքը, այլեւ պարտաւորութիւնը: Պարտին յարգել մեզ, պարտին հաշուի առնել նաեւ մեր պահանջները: Ուրեմն եկէք իրականացնենք այդ հզօրանքը կիրակի, 6 մայիսին, քուէարկելով ուժեղ կուսակցութեան, ազգին տէր ու պաշտպան Դաշնակցութեան թեկնածուներուն»:
Այնուհետեւ Վիգէն Տիշչէքէնեան մեկնաբանեց փունջ մը երգեր:
Ապա խօսք առաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, թէ 6 մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի ճշդուի ապագայ Լիբանանի ճակատագիրը, պիտի ճշդուի այն, որ յառաջիկայ սերունդները ինչպիսի՛ Լիբանանի մէջ պիտի ապրին, նաեւ այն, որ մենք` իբրեւ Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկը, ի՛նչ որոշում ունինք տալիք, թէ հզօր Լիբանանի համար հզօր հայութի՞ւնն է կարեւորը, թէ՞ կոտորակուած, տկար հայութիւնը: Ան աւելցուց, որ այս հայութիւնն է, որ մերժեց Լիբանանին եւ լիբանանցի իր եղբօր վնաս հասցնել, այլ իր զաւակներուն արեան գնով պաշտպանեց իր ինքնութիւնն ու արժանապատուութիւնը:
«6 մայիսը Լիբանանի մէջ սովորական երեսփոխանական ընտրութիւններու կիրակի մը չէ, իսկ լիբանանահայութեան համար անկիւնադարձային օր մըն է, որովհետեւ անոր ճակատագիրը պիտի որոշուի այդ օր, եւ այդ ճակատագիրին հիման վրայ պիտի ճշդուի հայութեան դերակատարութիւնը համահայկական բոլոր խնդիրներուն մէջ` Հայաստանէն Արցախ եւ սփիւռք: Մեր բոլորին պատասխանատուութիւնն է, որ այդ օրը` 6 մայիսին ազատ մտածումով, ազատ թռիչքով, մեր զաւակներուն աչքերուն նայելով որոշենք, թէ որո՛ւ պիտի քուէարկենք», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ այսօր հրապարակ եկած են ամէն տեսակի թեկնածուներ, որոնք կը կարծեն, թէ իրենք են փրկիչները, թէ իրենք խորհրդարանի աթոռին տիրանալով պիտի կարենան մոգական գաւազանով ամէն ինչ փոխել:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ այսօր շատ դիւրին կերպով խոստումներ կը տրուին` այն ենթադրութեամբ, որ ընտրութեան յաջորդ օրն իսկ ոչ ոք պիտի հետապնդէ այդ խոստումներուն իրականացումը եւ հաշիւ պիտի պահանջէ: «Ամէնէն դիւրին բանը խոստում տալն է, իսկ ամէնէն դժուարը` խոստումը յարգելը: Իսկ խոստում կու տան եւ զայն կը յարգեն միայն անոնք, որոնց պատմութիւնը խոստում եղած է արդէն, որոնք խոստում տալու համար չեն ստեղծուած, եւ որոնք խոստում տալով չէ, որ տեղ պիտի հասնին: Իրաւ քաղաքական աքթը, իսկական ներկայացուցչութիւնը այն է, որ հիմնուած է պատմութեան վրայ, կենսափորձի վրայ, ժողովուրդին հետ ամէնօրեայ ներկայութեան վրայ, ժողովուրդին ի սպաս ըլլալու իրողութեան վրայ, ըլլալու հոն, ուր որ է ժողովուրդը», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ այն երեւոյթին, որ այս ընտրութիւնները կը կատարուին այնպիսի իրավիճակի մէջ, երբ երկիրը բաւական բարդ պայմաններու մէջ կ՛ապրի, կը դիմագրաւէ կենցաղային ամէնէն տարրական կարիքներէն զրկուած ըլլալու իրականութիւն, կրթական, բժշկական, հիւանդանոցային դժուարութիւններ, առօրեայ հացը ապահովելու պայքար կը մղէ: Բայց եւ այնպէս ան դիտել տուաւ, որ այդ բոլորին լուծումը մէկ օրէն միւսը կարելի չէ գտնել, ուստի կոչ ուղղեց ժողովուրդին` չխաբուելու այն խոստումներով, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններէն կարճ ատեն ետք այդ բոլոր հարցերը լուծումներ պիտի գտնեն` հաստատելով, որ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած անձերը նախ եւ առաջ իրենց խոստումներուն յարգման մէջ պատասխանատու են կուսակցութեան եւ իրենց ժողովուրդին առջեւ: «Այդ խոստումն է կարեւորը. խոստում, որ կեանքի անցեալէն կու գայ, տասնամեակներէն կու գայ, կեանքի փորձառութենէն կու գայ», հաստատեց ան` կոչ ուղղելով երէց սերունդի ներկայացուցիչներուն երիտասարդ սերունդին պատմելու, թէ իրենք ի՛նչ ըրած են լիբանանահայութիւնը ամուր պահելու համար, դաշնակցական ակումբները ինչպէ՛ս պաշտպանուած են, ինչպէ՛ս ԼՕԽ-ականները սաւանները կտրտելով վիրակապ պատրաստած են, որպէսզի օտարին զէնքով վիրաւոր օտարը դարմանուի հայկական կեդրոններուն մէջ, ինչպէ՛ս հայը իր բերնի հացէն իր եղբօր բաժին կը հանէր, երբ ուրիշներ կը կողոպտէին հանրախանութներ:
Ապա ան լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայը մոլորեցնելու եւ զայն շփոթի մատնելու փորձերը, որոնց մէջ նաեւ Դաշնակցութեան դերակատարութիւնը կասկածի տակ առնելու ճիգ գոյութիւն ունի: «Դո՛ւք ըսէք, որ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս կանգնած ենք կողք-կողքի, նոյն բռունցքին հինգ մատները եղած ենք», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի` դիտել տալով, որ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին ծնունդն է, անոր համար եւ անով կը գործէ, ինչպէ՞ս կարելի է անոր եւ իր ժողովուրդին միջեւ սեպ խրելու փորձեր կատարել: «Երեսփոխանները կու գան ու կ’երթան` կուսակցութիւնը կը մնայ, ղեկավարները կու գան ու կ’երթան` ժողովուրդը կը մնայ, բայց որպէսզի ժողովուրդը մնայ ամուր, ազատ, հայ, ինքնուրոյն, պէտք է կուսակցութիւն-ժողովուրդ կապը այնքան զօրաւոր ու պողպատեայ ըլլայ, որ ո՛չ ոք համարձակի մեր ժողովուրդին ըսել` ձեր քուէները կրնամ գնել: Կը սխալին բոլոր անոնք, որոնք կը կարծեն, թէ մեր ժողովուրդի զաւակները քուէ են, անոնք քուէ չեն, մոլորեալ ոչխարներ չեն, այլ հայեր են, որոնք իրենց պատիւը, եկեղեցին, ազգութիւնը պաշտպանելու համար Ցեղասպանութեան ենթարկուեցան, թէ ոչ կրնային իրենց պատիւը, եկեղեցին, կրօնը ծախել եւ ապրիլ Թուրքիոյ մէջ` թրքացած», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:
Ապա ան խօսեցաւ այն երեւոյթին մասին, որ Լիբանանի մէջ դերակատարութիւն եւ կշիռ ունենալու համար որքան մեծ աշխատանք տարուած է տարիներ շարունակ, որպէսզի իշխանութեան մէջ մեր բաժինը, պարտաւորութիւնն ու իրաւունքը ունենանք: «6 մայիսին պիտի փաստենք դարձեալ, թէ այն ժողովուրդն ենք, որ իր ինքնուրոյնութիւնը պիտի պահէ, որ տեղի պիտի չտայ, պիտի չմոլորի, պիտի չքուէարկէ ոչ հայ թեկնածուներուն», հաստատեց երեսփոխանը` անհասկնալի նկատելով այն, որ մեր ժողովուրդը քուէարկէ այնպիսի թեկնածուներու, որոնք լիբանանահայութեան հետ առնչութիւն չեն ունեցած ընդհանրապէս:
Յակոբ Բագրատունի նաեւ ըսաւ, թէ ի զուր մարդիկ կը փորձեն Լիբանանի նկատմամբ մեր հաւատարմութիւնը չափել, մեր լիբանանցի քաղաքացի՞, թէ՞ հայ ըլլալուն պատասխաններ գտնել` հաստատելով. «Մենք հայ ենք այնքան, որքան լիբանանցի ենք, ոչ մէկ լիբանանցի մեզմէ աւելի լիբանանցի կրնայ զգալ ինքզինք: Այս երկրին նկատմամբ մեր հաւատարմութեան լաւագոյն փաստը այն է, որ չքանդեցինք, չկողոպտեցինք, չսպաննեցինք, զոհ տուինք, պաշտպանեցինք այս երկիրը, արիւն տուինք մեր բանակին, սիրտ ու կամք ներշնչեցինք լիբանանցի ժողովուրդին, ուրիշին դրօշակները չպատռեցինք ու չայրեցինք, այլ պաշտպանեցինք, ուրիշին կոթողները չպայթեցուցինք, այլ կոթող շինեցինք»:
Իր խօսքին աւարտին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը վստահութիւն ունի իր ժողովուրդին նկատմամբ` դիտել տալով, որ 6 մայիսը արդարութեան, ազատութեան, ինքնութեան հաստատման, այս երկրէն ու պետութենէն մեր ժողովուրդին պահանջատիրութեան թուականն է, երբ հաւաքաբար մենք պիտի ըսենք, որ մեր քուէն պիտի տանք անոնց, որոնք միշտ ժողովուրդին հետ են, անոր կողքին, անոր հաշուետու` կոչ ուղղելով քուէարկելու հայու ոգիով ու հաւատքով:

Ձեռնարկի աւարտին հերթաբար հանդէս եկան երգիչներ Սերոբ Յակոբեան, Լիզա Սվաճեան եւ Հրաչ Կայծակեան` մեկնաբանելով ազգային- յեղափոխական երգեր, նուագակցութեամբ Սեդօ Պաղտասարեանին եւ իր նուագախումբին: