Շաբաթ կէսօրին սկսած է «Իմ քայլը» շարժումի ինքնաշարժներով երթը դէպի Իջեւան, Դիլիջան եւ Վանաձոր, ուր եղած են հանրահաւաքներ: Նիկոլ Փաշինեանը շաբաթավերջին համար յայտարարած էր հանգստեան օրեր Երեւան քաղաքին մէջ:
Մինչ ՀՅԴ, «Ծառուկեան» եւ «Ելք» խմբակցութիւնները պիտի սատարեն վարչապետի ժողովուրդի վստահութիւնը վայելող թեկնածուին, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը (ՀՀԿ) թեկնածու պիտի չառաջադրէ եւ ամենայն հաւանականութեամբ ՀՀԿ-ի պատգամաւորներու առնուազն մէկ մասը պիտի քուէարկէ ժողովուրդի թեկնածուի օգտին: Այս մասին կիրակի երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ սկսած հանրահաւաքին ընթացքին յայտարարեց «Իմ քայլը» շարժումի առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան:
Ան նշեց, որ պայքարի վերջին օրերուն շարժումը պէտք է ըլլայ շատ աւելի կարգապահ, շատ աւելի հանդուրժող, պէտք է ըլլայ սիրոյ յեղափոխութիւն: Ան նաեւ յայտարարեց, որ արդիւնաւէտ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ Տումայի պատուիրակութեան հետ, հանդիպումը, ըստ Փաշինեանի, անցած է ջերմ մթնոլորտի մէջ, եւ բաժնուած են իբրեւ բարեկամներ:
Այսօր առաւօտեան Փաշինեանը հանդիպումներ պիտի ունենայ Ազգային ժողովի խմբակցութիւններուն հետ, ուստի քաղաքացիական անհնազանդութիւններ տեղի պիտի չունենան:
Փաշինեան նոյն հանրահաւաքին յայտարարեց, թէ պատրաստ է ստանձնելու վարչապետի պաշտօնը:
Նիկոլ Փաշինեանը Հանդիպում Ունեցած Է
ՀՀԿ Խմբակցութեան Ղեկավարին Հետ
Երէկ կէսօրէ ետք Ազգային ժողովի պատգամաւոր, Ելք խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանը հանդիպում ունեցած է ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանին հետ: Հանդիպումէն առաջ Նիկոլ Փաշինեան չէ յստակացուցած հանդիպումին օրակարգը: Հանդիպումէն առաջ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարը նոյնպէս որեւէ բան չէ յստակացուցած, միայն շեշտած է, որ ՀՀԿ-ն միասնական որոշում պիտի տայ, եւ քանի դեռ հանդիպումը չէ կայացած, ՀՀԿ խմբակցութեան նիստը վարչապետի քուէարկութեան օրակարգով չի գումարուած:
Բաղդասարեան. «Եթէ Ըլլայ Միասնական Թեկնածու,
Մենք Պիտի Չխոչընդոտենք»
Եթէ Ազգային ժողովի երեք խմբակցութիւնները ունենան վարչապետի միասնական թեկնածու, այսինքն` մէկ թեկնածուով հանդէս գան, ՀՀԿ-ն որեւէ ձեւով խոչընդոտ պիտի չհանդիսանայ այդ թեկնածուին: Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան` անդրադառնալով Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպումին եւ ՀՀԿ-ի դիրքորոշումին:
Բաղդասարեան նշեց, որ ամենայն հաւանականութեամբ, 30 ապրիլի նիստին ՀՀԿ-ն որոշում կու տայ:
Ըստ Բաղդասարեանի, ճիշդ պիտի ըլլայ, որ ճամբաները չփակուին, որպէսզի 1 մայիսի նիստը առանց խոչընդոտներու գումարուի:
Փաշինեան. «ՀՀԿ Խմբակցութիւնը Ունի Նախատրամադրուածութիւն`
Չխոչընդոտելու Ժողովուրդի Թեկնածուի Ընտրութիւնը»
Նիկոլ Փաշինեանի եւ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանի միջեւ Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Փաշինեանը նշեց, որ ՀՀԿ-ն ունի նախատրամադրուածութիւն` չխոչընդոտելու ժողովուրդի թեկնածուի ընտրութեան գործընթացը: Նշենք, որ վարչապետ ընտրուելու համար Նիկոլ Փաշինեանը պէտք է ունենայ 53 ձայն, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ՀՀԿ-ի կարգ մը պատգամաւորներ պէտք է քուէարկեն Նիկոլ Փաշինեանի օգտին: Պատասխանելով լրագրողներու հարցումին, թէ արդեօք ՀՀԿ-ի պատգամաւորները պիտի քուէարկե՞ն իր օգտին, Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ եթէ ՀՀԿ խմբակցութիւնը ունի դրական նախատրամադրուածութիւն, ուրեմն հետագային պայմանաւորուածութիւններ կրնան ըլլալ:
Մտավախութեան, թէ ՀՀԿ-ն կրնայ նաեւ պոյքոթի ենթարկել վարչապետի ընտրութիւնը, եւ վարչապետի ընտրութեան գործընթացը չգոյացնել, Նիկոլ Փաշինեանը կրկնեց, որ ՀՀԿ խմբակցութեան տրամադրուածութիւնը այդպիսին չէ: Կը սպասուի հանդիպում մը եւս ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորներու եւ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ, հաւանաբար այսօր` երկուշաբթի, 30 ապրիլին:
Փաշինեան նշեց, որ կ՛ողջունէ Ծառուկեանի որոշումը` աջակցելու իր թեկնածութեան:
Շաբաթ Օր Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին Հետ
Ելք խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան շաբաթ կէս գիշերին անգամ մը եւս հանդիպում ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին հետ: Այս մասին ան գրած է ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ:
«Քիչ առաջ հանդիպում ունեցայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ: Քննարկեցինք ներքաղաքական իրավիճակի վերջին զարգացումները եւ լուծման ուղիները», գրած է Փաշինեան:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Հանդիպում Ունեցած Է
ՀՀԿ Ներկայացուցիչներուն Հետ
29 ապրիլին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ հանդիպում ունեցած է Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեանի, Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեանի եւ ՀՀԿ փոխնախագահ, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արմէն Աշոտեանի հետ: Այս մասին տեղեկացուցած է Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը եւ անոր խաղաղ հանգուցալուծման ուղիները:
Ռոպերթ Քոչարեան. «Իշխանութիւնը Ճամպրուկ Չէ,
Որ Ոեւէ Մէկը Վերցնէ Ու Տայ Նիկոլ Փաշինեանին»
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը «Էն. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին տուած է հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին խօսած է Հայաստանի մէջ ստեղծուած վիճակին մասին:
«Ի՞նչ կը պահանջէ Նիկոլ Փաշինեանը` ինծի իշխանութիւն տուէք հիմա, անյապաղ: Իշխանութիւնը ճամպրուկ չէ, որ ոեւէ մէկը վերցնէ ու փոխանցէ Նիկոլ Փաշինեանին: Ատիկա յատուկ մարդիկ են, խորհրդարանն է, պատգամաւորական ամբողջ անձնակազմն է, իրենք ունին սեփական ինքնասիրութիւն եւ ստիպած, շանթաժ ընել մարդոց մեծ քանակով, ստիպել անոնց երթալ սեփական խղճի, հայեացքներու, քաղաքականութեան մասին ունեցած պատկերացումներու դէմ, կը կարծեմ, ասիկա լիովին այլ ծայրայեղութիւն է», ըսած է Քոչարեան:
Երեւանի Մէջ Վերսկսած Են Բողոքի Ցոյցերը
Երէկ Երեւանի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ վերսկսած են անհնազանդութեան գործողութիւնները: Իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, որ պէտք է ժամը 4:00-ին ապաշրջափակել բոլոր ճամբաները, որ քաղաքացիները շրջաններէն կարելիութիւն ունենան հասնելու Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակ: Երեկոյեան ժամը 7:00-ին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է հանրահաւաք: Հանրահաւաքէն առաջ տեղի ունեցած է ուսանողական երթ:
Ծառուկեան. «Մենք Պիտի Պաշտպանենք Ժողովուրդի Թեկնածուն»
Երէկ «Կենտրոն» պատկերասփիւռի կայանի «Ուրուագիծ» հաղորդաշարին տուած հարցազրոյցին ընթացքին Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան (ԲՀԿ) առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան խօսած է ներքաղաքական վիճակին մասին: Ան նախ նշած է, որ սկսած համաժողովրդական շարժումը դրական կը նկատէ, քանի որ մարդիկ արտայայտած են իրենց կուտակած դժգոհութիւնը անարդարութեան ու փտածութեան նկատմամբ: Ծառուկեան նշած է, որ իր ղեկավարած խմբակցութիւնը Ազգային ժողովին մէջ վարչապետի թեկնածու պիտի չառաջադրէ:
«Այս անգամ լիարժէք ժողովուրդը յաղթած է, իրենք պէտք է յաղթեն, որ ժպիտն ու ուրախութիւնը յարատեւ ըլլայ: Մեր դիրքորոշումը այլ ձեւով չի կրնար ըլլալ, եթէ ժողովուրդը յաղթած է, ուրեմն թող առաջադրէ վարչապետի իր թեկնածուն, մենք պիտի պաշտպանենք այդ թեկնածուն, մէկ մարդու նման մեր ձայնը պիտի տանք այդ թեկնածուին: Մենք Հանրապետականի հետ ոչ մէկ գործ պիտի ունենանք, մենք անոնց ոչ մէկ ձայն պիտի տանք», ըսած է Ծառուկեան:
Շարմազանով. «ՀՀԿ-ն Վարչապետի Թեկնածու Պիտի Չառաջադրէ»
Իշխող Հանրապետական կուսակցութեան բանբեր Էդուարդ Շարմազանով շաբաթ օր յայտարարեց, որ իրենց կուսակցութիւնը չի պատրաստուիր վարչապետի թեկնածու առաջադրել մայիսի 1-ին կայանալիք ընտրութիւններուն: Այդ որոշումը ընդունուած է ՀՀԿ խմբակցութեան պատգամաւորներու եւ Սերժ Սարգսեանի միջեւ հանդիպման ժամանակ: Օրակարգին վրայ եղած է մէկ հարց` Հայաստանի Հանրապետութեան ներքաղաքական իրավիճակը եւ ՀՀԿ-ի մասնակցութիւնը վարչապետի ընտրութեանը:
«Մեզի համար առաջնայինը հայրենիքի, պետութեան շահն է, Արցախի ու Հայաստանի անվտանգութեան հարցը: Առաջնորդուելով այդ առաջնահերթութիւններով, ՀՀԿ-ն որոշած է վարչապետի թեկնածու չառաջադրել: ՀՀԿ-ն պիտի քննարկէ բոլոր թեկնածուներու հարցը, անոնց ներկայացուցած ծրագիրները եւ միասնական որոշում պիտի կայացնէ», յայտարարեց Էդուարդ Շարմազանով:
Անոր համաձայն, այսօր իրավիճակը փոխուած է Հայաստանի մէջ, կայ ներքաղաքական ճգնաժամ, եւ առաջնայինը ՀՀԿ-ի համար պետութեան շահն է, այլ ոչ թէ կուսակցամոլութիւնը: Ըստ Շարմազանովի, ատիկա լաւ գիտակցուած որոշում է:
«Թեկնածու չառաջադրելով, մենք կը խուսափինք առճակատումէն եւ անկայունութենէն, ասիկա էր ճիշդ ճանապարհը», ըսաւ ան:
«Վատ Չէ, Բայց Լաւ Ալ Չէ». Փաշինեանը` ՀՀԿ-ի Որոշումին Մասին
Շաբաթ օրուան ընթացքին ՀՀԿ բանբեր Էդուարդ Շարմազանովը յայտարարած էր, որ ՀՀԿ-ն վարչապետի թեկնածու պիտի չառաջադրէ: Այդ լուրը Փաշինեան ստացած է Վանաձորի մէջ հանրահաւաքի իր ելոյթին ընթացքին:
«Ատիկա վատ չէ, բայց լաւ ալ չէ, եւ որպէսզի լաւ ըլլայ, ՀՀԿ խմբակցութիւնը պէտք է յայտարարէ, որ այլ խմբակցութիւններու հետ միասին վարչապետի թեկնածու պիտի առաջադրէ ժողովուրդի թեկնածուն», ըսած է Փաշինեան` աւելցնելով, որ պատրաստակամ է հանդիպելու Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւններուն հետ:
Փաշինեան. «Պատրաստ Ենք Ուղղակի Բանակցութիւններու Մէջ Մտնելու` «
ՀՀԿ Բոլոր Պատգամաւորներուն Հետ Միեւնոյն Ժամանակ»
Իջեւանի մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքի ելոյթին «Իմ քայլը» շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ Հայաստանի մէջ մէկ ամիս առաջ թաւշեայ յեղափոխութիւնը յաղթած է: «Մեզի հարկաւոր է եւս կարճ ժամանակահատուած մը այդ տէ ֆաքթօ յաղթանակը տէ ժիւրէ արձանագրելու համար», յայտարարած է ան:
Ըստ անոր, յեղափոխութեան հիմնական իմաստը այն է, որ անկէ ետք անկախ զբաղեցուցած պաշտօնէն որեւէ կուսակցութեան, որեւէ խումբի իշխանութիւնը պիտի չպատկանի, անիկա միայն պիտի պատկանի ժողովուրդին: «Այս յաղթանակը ունի մէկ հեղինակ ու տէր եւ այդ տէրը Հայաստանի Հանրապետութեան յաղթական քաղաքացին է եւ Հայաստանի ժողովուրդը», շեշտած է ան:
Փաշինեան նաեւ ընդգծած է, որ պատրաստ են բանակցութիւններու: «Մենք պատրաստ ենք ուղղակի բանակցութիւններու մէջ մտնելու Ազգային ժողովի ՀՀԿ խմբակցութեան բոլոր պատգամաւորներուն հետ միեւնոյն ժամանակ: Մենք շահագրգռուած ենք օր առաջ այս խնդիրը լուծելու, վերջացնելու առումով», ըսած է ան:
Փաշինեանը նաեւ ըսած է, որ պատրաստ են հանդիպելու Ազգային ժողովի բոլոր պատգամաւորներուն հետ:
Փաշինեան Հանդիպում Ունեցած Է Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Հետ
«Իմ քայլը» շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթ օր հանդիպում ունեցած է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է Նիկոլ Փաշինեան:
«Քիչ առաջ Էջմիածինի մէջ հանդիպում ունեցայ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ: Քննարկեցինք երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ լուծման ուղիները», գրած է ան: