Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքին մէջ ոգեկոչուեցաւ սուրբ պատարագով, որ մատուցեց Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, եւ որուն երգեցողութիւնը կատարեց կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը: Ոգեկոչման ներկայ էին մայրավանք հասած հայ թէ օտար ուխտաւորներ, պետական նախարարներ, երեսփոխաններ, հայկական երեք կուսակցութիւններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ուխտաւորներու հոծ բազմութիւն մը:
Յաւարտ Ս. պատարագին, նախագահութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու Սրբոց նահատակաց յուշակոթող, ուր վեհափառ հայրապետը արտասանեց իր հայրապետական պատգամը:
Վեհափառ հայրապետը ժողովուրդին ուշադրութեան յանձնեց, որ ապրիլ 24-ը սովորական օր չէ, այլ իւրաքանչիւր հայուն համար ինքնաճանաչման եւ ինքնագիտակցութեան օր է, որուն խորհուրդն ու պատգամը կ՛անդրանցնի ժամանակն ու միջոցը: Վեհափառ հայրապետը Աւետարանէն մէջբերում կատարելով` յորդորեց վերապրող հայ ժողովուրդը չվախնալ անոնցմէ, որոնք մարմինը կը սպաննեն միայն, ինչպէս նաեւ ցեղասպանէն, որ չկրցաւ սպաննել հայու հոգին: Այսօր փաստօրէն, աւելի քան դար մը ետք, հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իր պահանջատիրական պայքարը:
Անդրադառնալով օտար մամուլին մէջ հայ ժողովուրդին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումին` «մեռելներու յիշատակի օր» անուանումին` Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց, որ ճիշդ է, մենք կը յիշենք մեր մեռելները եւ կը խոնարհինք անոնց յիշատակին առջեւ, սակայն միաժամանակ հաւատարիմ կը մնանք մեր նահատակներու կտակին: Մենք աշխարհին կը յիշեցնենք մեր արդար իրաւունքներուն պահանջատիրութիւնը, մեր գիտակից ու յանձնառու ժողովուրդ ըլլալը. մենք չե՛նք կրնար մոռնալ, որ Թուրքիան մէկուկէս միլիոն հայերու արիւնը թափեց եւ հազարաւոր եկեղեցիներ ու ազգապատկան կալուածներ բռնագրաւեց եւ կը շարունակէ բռնագրաւել:
Խօսելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութեան մասին` Արամ Ա. կաթողիկոսը յատկապէս շեշտեց. «Նայեցէ՛ք կաթողիկոսարանին, նայեցէ՛ք իր գործին, ծառայութեան ու առաքելութեան. հո՛ս են մեր նահատակներուն աճիւնները, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ է մեր վերածնունդի յուշակոթողը, հո՛ս են մեր անկախութեան յուշակոթողը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը յուշակոթող չէ՛, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը վայր չէ՛, այլ` առաքելութի՛ւն է, ծառայութի՛ւն է, պահանջատիրութի՛ւն է»:
Հայրապետական պատգամէն ետք ներկաները միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» քայլերգը:
Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն անունով տեղադրուեցան ծաղկեպսակներ:
Անկէ ետք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ` ՀՄԸՄ-ի սկաուտները տողանցեցին մայրավանքի շրջափակին մէջ: