Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին Մէջ. «Ամէնէն Կարեւոր Բանը, Որ Մեզի Սորվեցուցած Էք, Ազատութիւնն Է Եւ Հայու Արժանապատուութիւնը, Որ Այսօր Դժբախտաբար Մարդիկ Կը Կարծեն, Որ Ծախու Է» Շեշտեց Յակոբ Բագրատունի

Ապրիլ 28, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 27 ապրիլ 2018-ի կէսօրին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային- բժշկական կեդրոնին մէջ (Պուրճ Համուտ) տեղի ունեցաւ ծերունի պատսպարեալներուն հերթական հաւաք-ճաշը: Այս առիթով սոյն հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, ՀՅԴ-ի առաջադրած երկու թեկնածուները` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Սերժ Չուխատարեան, ինչպէս նաեւ մեթր Ժաք Չուխատարեան:

Հաւաքը սկսաւ Տէրունական աղօթքով: Օրուան հաղորդավար Փաթիլ Մկրտիչեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն  եւ ներկայացուց ՀՅԴ-ի առաջադրած երկու թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին եւ Սերժ Չուխատարեանին ամփոփ կենսագրականները:

«Նարեկի Տիրամօր» բժշկական կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան ողջունեց ներկայութիւնը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին եւ Սերժ Չուխատարեանին: Ան նշեց, որ այս կեդրոնը կը պարտի մեթր Ժաք Չուխատարեանին եւ 18 տարիներէ ի վեր կը վայելէ իր հոգատարութիւնը: Տոքթ. Կոստան Եափուճեան յայտնեց, որ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնը տարեցներու ակումբ ունի, ուր տարեց հայրեր կու գան իրենց ժամանակը անցընելու եւ պէտք ունին բժշկական-ընկերային հոգատարութեան: Ան բոլորին անունով խնդրեց աշխատանք տանիլ խորհրդարանին մէջ` վաւերացնելու ծերութեան ապահովագրութեան  օրինագիծը, որպէսզի ծերունիները կարենան օգտուիլ անկէ:

Ելոյթ ունեցաւ Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանի հայ կաթողիկէ աթոռի թեկնածու Սերժ Չուխատարեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց տարեցներուն հետ գտնուելուն համար` նշելով, որ «դուք մեր անցեալն էք, դուք մեր հայկական աւանդութիւնները մեզի յանձնեցիք»: Ան յայտնեց, որ միշտ պատրաստ է ծառայելու հայ կաթողիկէ համայնքին բարեսիրական թէ իրաւաբանական առումով: «Երբ խորհրդարան հասնինք, պիտի շարունակենք հայ ժողովուրդին ծառայել` պաշտպանելով անոր իրաւունքները, եւ հայութեան դիրքը միշտ բարձր պահել», ընդգծեց Չուխատարեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Մեթնի հայ առաքելական աթոռի թեկնածու, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Ան ըսաւ, թէ ուզեց տարեցներու այս հաւաքին մասնակցիլ, որովհետեւ անոնք  մաս կը կազմեն մեր պատմութեան, բայց յոյս  կու տան մեր ապագային: Իր խօսքը ուղղելով տարեցներուն` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մենք եւ ինձմէ աւելի փոքրերը, ձեզի պէս հայրերու ու մայրերու կրթութիւնը առած ենք: Դուք ձեր ճակտի քրտինքով, արիւն-քրտինք կտրած տասնամեակներ ամբողջ աշխատած էք, որպէսզի ձեր զաւակները փայլուն օրեր ապրին: Մեր միութիւնները չեն մոռնար ձեզի: Մենք չենք մոռնար ձեզի: Դուք մեր օրհնութիւնն էք: Դուք այն ճանապարհն էք, որ անցեալէն եկած դէպի ապագայ մեր լոյսը կը վառէք: Ձեզմէ շատեր վստահաբար աւելի երիտասարդ տարիքին միութենական եղած են, օգտակար եղած են տարեցներուն, աղքատին, աշակերտին, հիւանդին, վիրաւորին: Ձեզմէ շատեր Պուրճ Համուտի մէջ պատերազմ տեսած ու անոր դերակատար եղած են, զէնք վերցուցած են, աւազի տոպրակ լեցուցած են, պաշտպանած են այս թաղերը, այնպէս ինչպէս այսօր մեր աղջիկները եւ տղաքը կ՛ընեն»:

Երեսփոխան Բագրատունի նշեց, որ մենք բոլորս մէկ Աստուած կը ճանչնանք, եւ Աստուած միայն հայերէն կը հասկնայ, հայերէն աղօթք կը լսէ: Աշխարհի մէջ ամէնէն աղուոր լեզուն հայերէնն է եւ մեր հայու եկեղեցին, որուն զաւակներն ենք բոլորս ինչ կուսակցութեան կամ միութեան ալ պատկանինք: Մենք կը հաւատանք, որ ծառայութիւնը, որ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգային կեանքին մէջ սորված ենք, ձեզմէ սորված ենք: Հիմա մեր կարգն է մեզմէ փոքր սերունդներուն սորվեցնել:

Ան ըսաւ, թէ «ամէնէն կարեւոր բանը, որ մեզի սորվեցուցած էք, ազատութիւնն է եւ հայու արժանապատուութիւնը, որ այսօր դժբախտաբար մարդիկ կը կարծեն, որ ծախու է: Կը մոռնան, որ մենք միութիւններ եւ ակումբներ ունինք, որոնք տասնամեակներ ամբողջ օգտակար եղած են մեր ժողովուրդին ոչ թէ ընտրութեան եւ քուէարկութեան համար, այլ կը հաւատանք, որ հայը հայ պէտք է մնայ եւ հայ ընտանիք կազմէ, հայը իր զաւակները հայկական դպրոցի  եւ միութիւններու մէջ պէտք է մեծցնէ»:

Իր խօսքին վերջին բաժինով երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, թէ «երբ ձեզմէ իւրաքանչիւրին  երբեմն խորշոմած, բայց ըստ էութեան փայլուն եւ յուսատու դէմքերը կը տեսնեմ, աւելիով  խանդավառուած կ՛ըսեմ` Աստուած ձեզի երկար կեանք տայ, ձեր արեւը անպակաս ընէ մեր վրայէն: Ձեր օրհնութիւնն ու աղօթքը կ՛ուզենք, որպէսզի Սերժը, ես եւ  միւս թեկնածուները կարենանք շարունակել այն գործը, որ ազգը, ժողովուրդը մեզի կը վստահի: Ասկէ առաջ վստահած էր մեթր Ժաքին, որ փոխանցեց մեզի: Վաղը մենք ուրիշներուն պիտի փոխանցենք: Կեանքը շարունակականութիւն է, բայց կեանքը անպայման պիտի շարունակուի ձեր օրհնութեամբ ու աղօթքով: Ձեր արեւը անմար մնայ»:

Օրուան եզրափակիչ խօսքը ուղղեց Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց տարեցներուն ներկայութեան համար` նկատելով զանոնք այս տան բնակիչները: Ան լուսարձակի տակ մեթր Ժաք Չուխատարեանի 25 տարիներու հոգատարութիւնը «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին: 1995-ին Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ աղքատախնամ մարմինը` գլխաւորութեամբ Ժաք Չուխատարեանի, որոշում տուաւ ստանձնելու այս կեդրոնին բոլոր ծախսերը եւ հոգալու Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ համայնքի կարօտեալ զաւակները:

Գէորգ եպս. Ասատուրեան վկայեց երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին մասին` յայտնելով, որ ան միշտ պատնէշի վրայ է եւ կը հասնի մեր ժողովուրդի կարիքներուն: «Մեզի համար հպարտութիւն է Հայաստանի դրօշակին մօտ տեսնել երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիին նկարը», ըսաւ գերապայծառ Ասատուրեան: Խօսելով Սերժ Չուխատարեանի մասին` ան յայտնեց, որ իբրեւ երիտասարդ փաստաբան ան շատ մը հարցերու լուծման համար իր նպաստը բերած է: Գերապայծառը նշեց, որ պէտք է գիտնանք ընտրել իսկական հայը, որ մեր կողքին կեցաւ: Մեզի համար պարտականութեան օր մըն է կիրակի, 6 մայիսը: Չմոռնանք հեռանալ հայութենէն, մեր թեկնածու իսկական հայերէն: Մենք  պէտք ունինք հայ մարդուժի, որ մեզի հետ ըլլայ, եւ իր ներկայութեամբ մենք զօրանանք: Ան յաջողութիւն մաղթեց թեկնածուներուն: Մեր պարտականութիւնն է քուէարկել եւ ձայն տալ այն հայերուն, որոնք օգտակար եղած են: Գէորգ եպս. Ասատուրեան իր ուրախութիւնը յայտնեց «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնին մէջ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ներկայութեան համար:

Հուսկ պապիկներն ու մամիկները ազգային- հայրենասիրական երգերով ոգեշնչեցին հիւրերը` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով ՀՅԴ-ի թեկնածուներուն:

 

 

Նախորդը

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի Հայկական Աւանդներու Ակումբ. Փրոֆ. Թաներ Աքչամ Ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Իր Նոր Ուսումնասիրութիւնը

Յաջորդը

Ընտրական Ժողովրդային Երկրորդ Միթինկ «Հայկական Երեսփոխանական Ուժեղ Պլոքի Մը Գոյութիւնը Ազգային Ուժեղ Կուսակցութեան Հովանիին Տակ Անհրաժեշտութիւն Է, Հզօրանք Է» Ըսաւ Տիգրան Ճինպաշեան

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?