Արցախեան Շարժման 30-ամեակին Նուիրուած Ցոյց` Ուաշինկթընի Մէջ
Կիրակի, 25 փետրուարին, կազմակերպութեամբ Մեծն Ուաշինկթընի Հայ դատի յանձնախումբին եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի ՀԵԴ-ի «Անի» ուխտին, արցախեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած հանրային հաւաք մը տեղի ունեցաւ Մերիլենտի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք մասնակիցները բողոքի ցոյց կատարեցին Միացեալ Նահանգներու մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ` դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ իրագործուած Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի սպանդները, ինչպէս նաեւ մինչեւ այսօր Արցախի ժողովուրդին դէմ շարունակուող ազրպէյճանական զինուորական...




















