Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան, կառավարութեան անդամներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագէտներ, այլ պաշտօնատարներ եւ մեծ թիւով ժողովուրդ 24 ապրիլի կանուխ ժամերէն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամերը Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին յարգանքի տուրք մատուցեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Առաւօտուն անմար կրակին մօտ, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հոգեւոր դասը, իսկ ներկաները խոնարհեցան եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին 103 տարի առաջ Ցեղասպանութեան ենթարկուած մէկուկէս միլիոն հայերուն յիշատակը` իրենց բերած ծաղիկները զետեղելով անմար կրակին շուրջ:
Բակօ Սահակեան. «Ըլլալ Կուռ, Համախմբուած Ու Միասնական.
Ա՛յս Է Մեր Ժողովուրդին Յառաջընթացի Միակ Ուղին»
Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան հետեւեալ ուղերձը յղած է Հայոց ցեղասպանութեան 103-ամեակին առիթով.
«1915 թուականը հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ մտաւ իբրեւ օսմանեան Թուրքիոյ մէջ պետականօրէն գործադրուած հրէշային ծրագիրի` Հայոց ցեղասպանութեան տարի: Եւ ապրիլ 24-ին ամբողջ հայ ժողովուրդը կը սգայ ու կը խոնարհի Եղեռնի նահատակներու սուրբ յիշատակին առջեւ: Ասիկա յարգանքի տուրք է 1,5 միլիոն մեր հայրենակիցներուն` անմեղ երեխաներուն, ծերերուն ու կիներուն, մշակոյթի ու արուեստի գործիչներուն, պետական ու քաղաքական այրերու, հասարակ մարդոց, որոնք թրքական եաթաղանին զոհ դարձան միայն անոր համար, որ հայ էին: Հարիւր հազարաւոր մարդիկ դարձան տարագիր` թողելով տուն ու տեղ եւ ապաստան գտնելով աշխարհի տարբեր ծայրերը:
«Մեր ժողովուրդը կրցաւ վերապրիլ այդ արիւնալի աղէտէն եւ ո՛չ միայն վերապրիլ, այլ նաեւ նորէն կառուցել տուն ու օճախ, շէնցնել հարազատ հողը եւ պաշտպանել զայն` տօնելով մեծ յաղթանակներ: Այդ յաղթանակներուն հաւաստիքը այսօր ազատ, անկախ ու ինքնիշխան հայկական երկու հանրապետութիւններն են, որոնք մեր մաքառող ու արարչագործ ժողովուրդին, սփիւռքի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն միասնական ջանքերուն ու նուիրումին շնորհիւ հաստատուն քայլերով կ’ընթանան դէպի յուսալի ապագայ: Մեծ եղեռնը համայն հայութեան խոր ցաւն է ու չսպիացող վէրքը, որ մեզ կը պարտաւորեցնէ ըլլալ միշտ զգօն ու աչալուրջ, ընել կարելին` հայոց անկախ պետականութեան շարունակական ամրապնդման ու զօրացման ուղղութեամբ:
«Ըլլալ կուռ, համախմբուած ու միասնական, հաւատալ ու ապաւինիլ սեփական ուժերուն` ամէն բանէ վեր դասելով համազգային շահն ու արժէքները. ա՛յս է մեր ժողովուրդի յառաջընթացին միակ ուղին, ա՛յս է Հայոց ցեղասպանութեան կարեւորագոյն դասը», եզրափակած է ան:
Հրանդ Մարգարեան. «Պիտի Գայ Այն Օրը, Երբ Թուրքիան
Պարտաւորուած Պիտի Ընդունի Ճշմարտութիւնը Եւ Պիտի Խոստովանի»
Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելողներուն կարգին էին ՀՅԴ Բիւրոյի եւ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամները, որոնք եւս ծաղկեպսակ զետեղեցին` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ըսաւ. «Վստահ եմ` պիտի գայ այն օրը, երբ Թուրքիան պարտաւորուած պիտի ընդունի ճշմարտութիւնը եւ պիտի խոստովանի: Վստահ եմ` Թուրքիան նաեւ պիտի պարտաւորուի հատուցում կատարելու: Պիտի գայ այն օրը, որ մեր հայրենիքը պիտի ազատագրուի: Բայց այսօր մենք ունինք շատ աւելի լուրջ քաղաքական մթնոլորտի իրավիճակ, եւ մեր քաղաքական պատասխանատուները ապրիլ 24-ի շեմին կրցան կամք դրսեւորել, զիջիլ, երկիրը դուրս բերել առճակատումէ եւ երկիրը զերծ պահել նորանոր մարտիմէկերէ, արիւնահեղութիւններէ, ցնցումներէ», ըսած է ան:
Ըստ Մարգարեանին, այս համընդհանուր կեցուածքը պէտք է նոր ուժ տայ բոլորին եւ մղիչ ուժ դառնայ` կողք-կողքի գալու ու համախմբուելու համար: «Որպէսզի կարենանք համախմբութեամբ մշակել այն ծրագիրները, որոնք երկրի հիմնական հարցերուն կարենան լուծում բերել եւ երկիրը առաջ տանիլ: Հիմա ատոր մասին պէտք է մտածենք», աւելցուցած է ան:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը դիտել տուած է, որ Թուրքիան արդէն պարտաւոր է դիմել այնպիսի քայլերու, որոնք մենք 10-20 տարի առաջ չէինք ենթադրած: «Կը զգանք, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցը դարձած է միջպետական յարաբերութիւններու մղիչ հարց, միջազգային կառոյցներու, օրուան խնդիր եւ Թուրքիոյ խնդիրը», ըսած է ան:
Անդրադառնալով 23 ապրիլի իրադարձութիւններուն` Հրանդ Մարգարեան անգամ մը եւս համախմբուածութեան եւ միասնականութեան կոչ ուղղած է: «Մենք տեսանք, որ ժողովուրդը կրնայ համախմբուած ըլլալ, այդպիսի համախմբուածութեամբ շարունակենք աշխատիլ նորովի պետականութիւն կերտելու, մէկ կողմ դնելով անձնական փառասիրութիւնները` աշխատիլ յանուն երկրի բարօրութեան», մասնաւորապէս նշած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Կարէն Կարապետեան. «Ոչինչ Կրնայ Մեզ Շեղել
Մեր Երազած Երկիրը Կառուցելու Ուղիէն»
Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան հետեւեալ ուղերձը յղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրուան առիթով. «Այսօր ապրիլի 24-ն է` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը, երբ ամողջ հայութիւնը` Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ, կը խոնարհի 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին առջեւ:
«Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցածը ծանրագոյն ողբերգութիւն էր ո՛չ միայն Ցեղասպանութենէն վերապրածներուն, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն համար: Ցեղասպանութիւնը փոխեց մեր ժողովուրդին ճակատագիրը եւ ստիպեց մեզ բազմաթիւ զրկանքներ ու տառապանքներ տեսնել հետագային:
«Մենք, սակայն, մեր դահիճներէն աւելի ուժեղ գտնուեցանք եւ մեր մէջ ուժ գտանք վերածնելու, անկախ պետութիւն ստեղծելու եւ ինքնուրոյն տնօրինելու մեր ճակատագիրը:
«Այսօր մեր նորագոյն պատմութեան հերթական դժուարին փուլէն կ՛անցնինք: Երէկ ես կոչ ուղղած եմ բոլոր քաղաքական ուժերուն` ապաքաղաքականացնելու այս օրը: Ես շնորհակալ եմ, որ այդ կոչը ընդունուեցաւ, եւ այսօր մենք աշխարհին ցոյց կու տանք, որ հակառակ առկայ դժուարութիւններուն ու չլուծուած ներքին խնդիրներուն, միասնական ենք եւ համախմբուած: Ասիկա մեր պարտքն է նաեւ անմեղ նահատակներուն առջեւ:
«Մենք կը վերահաստատենք մեր վճռականութիւնը` կերտելու ամուր պետականութիւն, ազատ ու քաղաքակիրթ հասարակութիւն, եւ ոչինչ կրնայ մեզ շեղել մեր երազած երկիրը կառուցելու ուղիէն»:
Մոմավառութիւն
Ներքաղաքական իրավիճակի պատճառով ջահերով երթի փոխարէն, ապրիլ 23-ի կէս գիշերին, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն:
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական եւ Հայաստանի Երիտասարդական միութիւններու անդամներն ու անոնց միացած երիտասարդները խորհրդանշական կրակով լուսաւորեցին Ծիծեռնակաբերդի բարձունքը` ի նշան հայոց պահանջատիրութեան:
Երիտասարդներուն ուղեկցող հոգեւորականները աղօթեցին 1,5 միլիոն անմեղ նահատակներու յիշատակին: