Իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով արտերկրի իր քաղաքացիներուն քուէարկութեան իրաւունք ընծայած լիբանանեան պետութեան, յատկապէս արտաքին գործոց նախարարութեան նախաձեռնութիւնը երէկ գործադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի Եւրոպայի, Ափրիկէի եւ Աւստրալիոյ մէջ:
Արտերկրի լիբանանահայեր իրենց կարգին մասնակից դարձան 2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ քուէարկեցին իրենց գտնուած երկիրներուն մէջ, հակառակ անոր որ արձանագրուեցան մեծ թիւով պարագաներ, որոնց նոր անցագիրները չէին հասած իրենց, եւ այդ պատճառով չկրցան քուէարկել:
Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ այլ շրջաններու մէջ ՀՅԴ ընտրական կեդրոնները վերածուեցան փեթակներու, եւ արտերկրի լիբանանահայեր աշխուժ ներկայութիւն ցուցաբերեցին թէ՛ ընտրական եւ թէ՛ քուէարկութեան կեդրոններուն մէջ: Անոնցմէ ստացուած տեսանիւթերուն մէջ երէց եւ կրտսեր սերունդներ կը հաստատէին, որ իրենց քուէն ի նպաստ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան է:
Արտերկրի լիբանանահայոց քուէարկութեան մասնակցութիւնն ու տարբեր երկիրներու մէջ տիրող մթնոլորտը կը ներկայացնենք հետեւեալ լուսանկարներուն ընդմէջէն: