Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Նիկոլ Փաշինեան Անզիջողականութիւն Կը Դրսեւորէ. 1 Մայիսին` Վարչապետի Ընտրութեան Յատկացուած Ազգային Ժողովի Նիստ

Ապրիլ 27, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան յայտարարեց, թէ 1 մայիսին տեղի պիտի ունենայ Ազգային ժողովի` վարչապետի ընտրութեան յատկացուած նիստը:

Այս ընթացքին զանգուածային բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Ժողովրդային շարժումին ղեկավարը` Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան հիմնադիր Նիկոլ Փաշինեան շարունակեց իր անզիջող կեցուածքը` յայտարարելով. «Կա՛մ ես վարչապետ կ՛ընտրուիմ ժողովուրդին աջակցութեամբ, կա՛մ ալ Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս վարչապետ պիտի չընտրուի»:

«Իմ Քայլը», «Մերժիր Սերժին» Նախաձեռնութեան Եւ
Ուսանողական Ներկայացուցիչներու Միացեալ Նիստ

«Իմ քայլը» շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան երէկ երեկոյեան յայտարարած է, որ տեղի ունեցած է «Իմ քայլը», «Մերժիր Սերժին» նախաձեռնութեան եւ ուսանողական ներկայացուցիչներու միացեալ նիստ, որուն ընթացքին քննարկուած է մէկ հարց`  ի՛նչ քայլերով պէտք է շարունակուի թաւշեայ յեղափոխութիւնը:

«Յեղափոխութիւնը պէտք է հետեւողական կերպով շարունակուի եւ առաջնորդէ իրական փոփոխութիւններու: Այսօր չափազանց կարեւոր ռազմավարական բնոյթի խօսք պիտի հնչէ, մեր գործողութիւններուն երկրորդ փուլի ճամբու քարտէսը պիտի հրապարակուի` ճշդելու, թէ ինչպէ՛ս պէտք է շարժինք յառաջ, որպէսզի մեր այս յեղափոխութիւնը հասցնենք տրամաբանական եւ բոլորիս համար ցանկալի արդիւնքի», յայտարարած է Փաշինեան:

Փաշինեան. «Վաղը Կարէն Կարապետեանին Կը Սպասեմ
«
Մարիոթ» Պանդոկին Մէջ»

26 ապրիլին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է հանրահաւաք` գլխաւորութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի, որ իր խօսքին սկիզբը յիշեցուցած է, թէ նախորդ օր հրապարակին վրայ ժողովուրդին կողմէ ինք առաջադրուած էր իբրեւ ժողովուրդի վարչապետի թեկնածու, ինչ որ շատ պատասխանատու կարգավիճակ է, ուստի կ’ակնկալէ, որ Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները փոխհամաձայնութեամբ կայացնեն իրենց որոշումը:

«Բայց կ’ուզեմ արձանագրել խնդիր մը, խնդիրը ո՛չ թէ իմ վարչապետ դառնալս է, այլ Հայաստանը մասնատուած, փտած համակարգէն ազատելը: Կան տարբեր պատգամներ, գործարքի առաջարկներ, բայց բոլորս յստակ պէտք է արձանագրենք, որ այս պարունակին մէջ փտած համակարգին հետ որեւէ փոխզիջում չի կրնար ըլլալ: Մենք քննարկեցինք, որ քուլիսային պայմանաւորուածութիւն պիտի չըլլայ: Կա՛մ վարչապետ կ’ընտրուիմ ժողովուրդին աջակցութեամբ, կա՛մ ալ Հայաստանի մէջ ընդհանրապէս վարչապետ չ’ընտրուիր», ըսած է Փաշինեան:

Անդրադառնալով մայիս 1-ին Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունենալիք վարչապետի ընտրութեան հարցին` Փաշինեան կոչ ուղղած է միաւորելու բոլոր ուժերը, քանի որ այդ օրը պէտք է ժողովուրդը ցուցադրէ իր հզօրութիւնը:

«Վաղը, ժամը 12:00-ին Կարէն Կարապետեանը կը հրաւիրեմ «Մարիոթ» պանդոկ` վերսկսելու բանակցութիւններուն: Բայց կայ պայման մը, որ Կարէն Կարապետեանի հետ բանակցութիւնները պէտք է  տեղի ունենան լրագրողներուն ներկայութեամբ», յայտնած է Փաշինեան:

Ըստ անոր, որոշած են, որ յառաջիկայ հանրահաւաքը տեղի ունենայ ոչ թէ Երեւանի մէջ, այլ` Գիւմրիի, Երեւանի մէջ 27 ապրիլին բոլոր գործողութիւնները ժամանակաւոր կերպով պիտի դադրին: Հանրահաւաք նախատեսուած է նաեւ Վանաձորի մէջ:

Սերժ Սարգսեան ՀՀԿ-ի Ղեկավար Առաջադրած Է Կարէն Կարապետեանը

«Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Հայաստանի նախկին նախագահ, նախկին վարչապետ, ՀՀԿ-ի ղեկավար Սերժ Սարգսեանը ՀՀԿ խմբակցութեան անդամներուն հետ հանդիպման ընթացքին կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնին համար առաջարկած է վարչապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի թեկնածութիւնը:

Ըստ աղբիւրին, հանդիպումը տեւած է մինչեւ առաւօտեան ժամը 5:00:

Կարէն Կարապետեանը Եւ Վլատիմիր Փութինը
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Ունեցած Են

Վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեան 26 ապրիլին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:  Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին:

Ընդգծուած է, որ Հայաստանի մէջ ճգնաժամային իրավիճակի լուծումը պէտք է տեղի ունենայ բացառապէս իրաւական դաշտի մէջ, գործող սահմանադրութեան ծիրին մէջ եւ 2017-ի ապրիլին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքներուն հիման վրայ: Այդ պարունակին մէջ ընդգծուած է Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ 1 մայիսին հանրապետութեան վարչապետ ընտրելու կարեւորութիւնը:

Նալբանդեան – Լաւրով Հանդիպում` Մոսկուայի Մէջ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 26 ապրիլին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարած է, որ կարճ հանդիպում մըն էր, որուն ընթացքին քննարկուած է առկայ իրավիճակը, յատկապէս` Ազրպէյճանի եւ Արցախի շփման գիծին վրայ:

Զախարովա.
«
Հայաստանի Մէջ Պէտք Է Ճշդուի Երկրին Ղեկավարը»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հայաստանի մէջ փոխադարձ համաձայնութեան վրայ հիմնուելով պէտք է ճշդուի, թէ ո՛վ պիտի ղեկավարէ երկիրը: «Հայաստանի մէջ պէտք է մշակուի այդ հանրաքուէն եւ հասարակական համաձայնութիւն գոյանայ այդ հարցին շուրջ, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել, թէ ո՛վ պիտի ղեկավարէ այդ երկիրը, ի՛նչ ուղղութիւն պիտի ընտրուի եւ այլն»:

 

Նախորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեանի Ուղերձը. «Հայաստանի Պատմութեան Մէջ Այլեւս Ունենք Նոր Էջ»

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու  «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ»  Համախոհական Ցանկի Ներկայացում
Գլխաւոր լուրեր

Պէյրութի Քաղաքապետական Ընտրութիւններու «Պէյրութը Մեզ Կը Համախմբէ» Համախոհական Ցանկի Ներկայացում

Մայիս 10, 2025
«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով  Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան
Գլխաւոր լուրեր

«Շուշի. Վերադարձ Լինելու Է» Խորագիրով Ձեռնարկ` Նուիրուած Շուշիի Ազատագրութեան Օրուան

Մայիս 10, 2025
«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի  Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ»  Կ՛ըսէ Փութին
Գլխաւոր լուրեր

«Ռուսիան Պիտի Շարունակէ Անխորտակելի Պատուար Մնալ Նացիականութեան Առջեւ» Կ՛ըսէ Փութին

Մայիս 10, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?