Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընտրական Ժողովրդային Առաջին Միթինկ. «Դաշնակցութիւնը Իշխանութիւն Չէ, Դաշնակցութիւնը Ժողովուրդն Է, Դաշնակցութիւնը Դո՛ւք Էք, Դաշնակցութիւնը Հոն Է, Ուր Ժողովուրդն Է» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Ապրիլ 26, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter
«Ժողովուրդը Եւ Դաշնակցութիւնը Նոյնացած Են, Մի՛ Զարմանաք, Որ Այս Ժողովուրդը Դաշնակցութենէն Բաժնել Անկարելի Է» Ըսաւ Յովիկ Պերթիզլեան

Երէկ` չորեքշաբթի, 25 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր «Արին» կեդրոնի դիմացի փողոցը, ուր, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին, տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային առաջին միթինկը, որուն ընթացքին ներկաները անգամ մը եւս հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը Դաշնակցութեան եւ անոր կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն`  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի:

Լիբանանի եւ Դաշնակցութեան քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք  բացման խօսքը արտասանեց Արազ Կիտանեան, որ ըսաւ, թէ տասը օր ետք լիբանանահայութիւնը կրկին ժամադրուած է փաստելու Լիբանանի մէջ մեր արժէքն ու կարեւորութիւնը, հաստատելու, որ միշտ հաւատացած ենք, որ միայն հայ թեկնածուն գիտէ ու կրնայ պաշտպանել հայ ժողովուրդի բոլոր իրաւունքները, եւ ոչ թէ ձուլուած օտարամոլը, վերանորոգելու իր ուխտը` մնալու հաւատարիմ իր ինքնութեան, կուսակցութեան եւ ազգին: Ան դիտել տուաւ, որ հայութեան քուէն իր ուժն է, որ պէտք չէ տկարանայ  սուտերով եւ անճիշդ ու չափազանցուած տեղեկութիւններով, այլ պէտք է շարունակէ մնալ անշեղ, ինչպէս որ եղած է միշտ` հաստատելով, որ նման փորձ կատարողները պէտք է գիտնան, թէ ոչ ոք իրաւունք ունի ժողովուրդը շահագործելու, խաբելու եւ կամ նոր հրապարակ եկած ցուցամոլներու միջոցով զայն ծաղրանքի առարկայ դարձնելու:

Արազ Կիտանեան հաստատեց, որ հայուն արժանապատուութիւնը թանկագին էր եւ ամէն բանէ գերակայ, իր քուէով լիբանանահայը կրնայ փաստել, որ ինք ազատ է, Դաշնակցութեան թեկնածուներուն միջոցով կարելիութիւն ունի իր ձայնը լսելի դարձնելու եւ իրաւունքները պաշտպանելու:

Ապա Վիգէն Տիշչէքէնեան հանդէս եկաւ քանի մը երգով:

Օրուան բանախօսն էր Յովիկ Պերթիզլեան, որ անդրադարձաւ մայիս 6-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կարեւորութեան` ապահովելու ճիշդ ներկայացուցչութիւն, ընտրելու հայութեամբ ապրող եւ հայուն խնդիրներով տագնապող հայորդիներ, հեռու մնալու պատահական հայ թեկնածուներէն` շեշտելով, որ հայու քուէներով չընտրուած հայ մը ինչպէ՞ս կրնայ հաշուետու ըլլալ հայ ժողովուրդին:

Ան շեշտեց, որ անտարբերութիւնն ու կրաւորականութիւնը ընդունելի չեն, որովհետեւ անոնք, յատկապէս նման փուլերու, կրնան վնասակար ըլլալ, իսկ ապագային եղած զղջումները` անօգուտ:  Բանախօսը հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը միշտ ալ տարբեր եղած է իր շուրջի համայնքներէն` հաւատքով դէպի մեր կազմակերպութիւնը, կարգապահութեամբ եւ քաղաքական հասունութեամբ` աւելցնելով, որ հայութեան ուժը մեր հաւատաւոր ժողովուրդն է, որմէ ծնած է Դաշնակցութիւնը: «Ամբողջ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը եղած է Դաշնակցութեան կողքին, եւ 6 մայիսին ալ նոյնը պիտի ըլլայ,  մեր ուժին գաղտնիքը մեր ժողովուրդն է, որ միշտ վստահած է Դաշնակցութեան եւ երբեք յուսախաբ չէ եղած: Կ՛ըսեմ բոլոր պատեհապաշտներուն եւ մէկ օրուան հայերուն, բոլոր անոնց, որոնք ընտրութենէ ընտրութիւն կը յիշեն հայ ըլլալը: Շատ դիւրին է եւ դուք ալ կրնաք հայ ժողովուրդին 85 առ հարիւրը ձեր կողքին ունենալ: Ըսեմ գաղտնիքը եւ պիտի տեսնէք, որ կը յաջողիք: Այսպէս. դուք ալ իրականացուցէք Խանասորի արշաւանք եւ Պանք Օթոման, դուք ալ ծնեցէք Սերոբ Աղբիւրներ, Գէորգ Չաւուշներ եւ Դրոներ, դուք ալ կերտեցէք մայիս 28-ը, դուք ալ զգետնեցէք Թալէաթներ, դուք ալ ցեղասպանուած ժողովուրդը վերածեցէք կազմակերպ սփիւռքի, դուք ալ հետապնդեցէք Հայ դատը` ուժով, դիւանագիտութեամբ եւ քարոզչութեամբ: Դեռ որ մէկը թուեմ: Այնպէս որ, ըրէ՛ք այս բոլորը եւ պիտի տեսնէք, որ դժուար չէ հայ ժողովուրդին ձեր կողքին ունենալը: Ըրէ՛ք, եթէ կրնաք: Այլապէս, մի՛ զարմանաք, որ այս ժողովուրդը եւ Դաշնակցութիւնը նոյնացած են, մի՛ զարմանաք, որ այս ժողովուրդը Դաշնակցութենէն բաժնել անկարելի է», ըսաւ  Յ. Պերթիզլեան:

Ապա ան խօսեցաւ ազատ որոշումի եւ անկախութեան գաղափարին կառչելու անհրաժեշտութեան մասին` դիտել տալով, որ բաւական իրաւունքներ արդէն խլուած են մեզմէ, մենք այլեւս չենք կրնար տեղի տալ կամ զիջիլ: «Ճնշուեցանք, կարծրացանք, բռնցքուեցանք, եւ մեզի համար այլեւս եկած է ժամանակը, մեր խօսքը ըսելու ամէն մարզի մէջ, բոլոր գետիններուն վրայ` Լիբանանէն մինչեւ անկախ Հայաստան եւ Արցախ», աւելցուց ան` վստահեցնելով, որ ժողովուրդ մը երբ կը վստահի իր ղեկավարութեան,  ոչ շատ հեռու ապագային ան իր երազներուն մեծ մասը իրականացած կը տեսնէ:

Անդրադառնալով այն իրողութեան, որ հայութեան համար մայիսը յաղթանակի ամիս է ու այս տարի ալ պիտի ըլլայ աւելիով, Յովիկ Պերթիզլեան ըսաւ. «Ահա այս յաղթանակներն են, որ մեզ կը մղեն ապրելու բարձրաճակատ, ո՛չ ըսելու հայութեան շահերուն հակադրուող բոլոր երեւոյթներուն եւ անզիջում պայքարով պաշտպանելու մեր իրաւունքները»: Ան շեշտեց, որ Դաշնակցութիւնը այն կուսակցութիւնն է, որ հայ ժողովուրդը երբեք չէ դիտած իբրեւ միայն ընտրող, քուէարկող զանգուած,  այլ զայն նկատած է իր յենարանը, որովհետեւ իր ժողովուրդը միշտ մասնակից դարձուցած է ազգային ու քաղաքական իր որոշումներուն եւ նախաձեռնութիւններուն:

Ներկաներուն կոչ ուղղելով` ան ըսաւ. «Այս քանի՛երորդ անգամն ըլլալով ցոյց տուէք, թէ ինչպէ՛ս կը քուէարկէք, դարձեա՛լ զարմացուցէք բարեկամն ու հակառակորդը: Մայիս 6-ին անգամ մը եւս բարձրաճակատ եւ վճռականօրէն եւ մէկ օրուան հայերուն, ո՛չ ըսէք ձեր քուէն գնել փորձողներուն, ո՛չ ըսէք ձեր արժանապատուութիւնը ոտնակոխողներուն, ո՛չ ըսէք ձեր մէջ Հայկի արիւնը չտեսնողներուն:  Միայն մէ՛կ հոգիի այո՛ գոռացէք` ձեզմէ ծնած, ձեզի ծառայող  Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան: Ամո՛ւր պահեցէք ձեր կապը Դաշնակցութեան հետ, որպէսզի ձեզմով աւելի ուժեղանայ Դաշնակցութիւնը, իսկ Դաշնակցութեան հզօրացումով կը հզօրանաք դո՛ւք, եւ այդ ամուր կապին շնորհիւ դուք պիտի տեսնէք ձեր բոլոր անկատար տենչերուն իրականացումը»:

Օրուան պատգամախօսէն ետք երգեց Հրաչ Կայծակեան:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին իրադարձութիւններուն, ժողովուրդի դժգոհութեան ալիքին բարձրացման, որուն պատճառով վարչապետ Սերժ Սարգսեան իր հրաժարականը տուաւ: «Հայ ժողովուրդի գիրկէն ծնած, Հայաստանի եւ հայութեան համար 128 տարի շարունակ իր ժողովուրդին ծառայութեան մէջ եղող Դաշնակցութիւնը չէր կրնար ժողովուրդին հետ չըլլալ. Դաշնակցութիւնը ինք դիմեց վարչապետ Սարգսեանին, որ իր հրաժարականը տայ եւ անսայ ժողովուրդի կամքին. Դաշնակցութիւնը Հայաստանի մէջ այսօր յայտարարեց դուրս գալ եւ դադրեցնել քոալիսիոնը Հանրապետական կուսակցութեան հետ, յայտարարեց, որ անհրաժեշտ է նոր վարչապետը ընդունուած ըլլայ ժողովուրդին կողմէ. Դաշնակցութիւնը յայտարարեց, որ ժողովրդավարութիւնը պէտք է ապրի Հայաստանի մէջ, որպէսզի ապրի Հայաստանը, Դաշնակցութիւնը յայտարարեց, որ պէտք է ամէն տեսակի կուտակուած դժգոհութիւններն ու խնդիրները վերանան, պէտք է լարուածութիւնը վերանայ եւ պէտք է ստեղծել ժողովրդավարական այնպիսի պայմաններ, որպէսզի կատարուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: Դաշնակցութիւնը իշխանութիւն չէ, Դաշնակցութիւնը ժողովուրդն է, Դաշնակցութիւնը դուք էք, Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին հետ  է, առաջին օրէն զգաստութեան, խոհեմութեան, զգօնութեան հրաւէրով հրապարակ եկած կուսակցութիւնը Հայաստանի մէջ այսօր անգամ մը եւս տուաւ փաստը, որ, հակառակ չարախօսութիւններուն, բամբասանքներուն, կասկածներուն, Դաշնակցութիւնը է եւ կը մնայ իր ժողովուրդին հետ», յայտարարեց ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ եւս ժողովուրդը Դաշնակցութեան հետ է, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը տարբեր բան չէ ժողովուրդէն, ժողովուրդն ալ տարբեր չէ Դաշնակցութենէն, Դաշնակցութիւնը եւ ժողովուրդը մէկ են, մէկ բռունցք են, մէկ յաղթանակ են, Դաշնակցութիւնը եւ ժողովուրդը միասնութիւն են: Ան ըսաւ. «Հոն, ուր ոեւէ դաշնակցական մարդու հոգին կը փոթորկի, իւրաքանչիւր հայու հոգին է, որ կը փոթորկի»:

Երեսփոխան Բագրատունի դիտել տուաւ, որ այս ընտրութիւններուն արձանագրուելիք յաղթանակը պահանջատէր հայուն յաղթանակն է, որուն կարիքն ունին Լիբանանն ու անոր քաղաքական ուժերը, որովհետեւ իբրեւ տիպար քաղաքացի ապրող լիբանանահայը երկիրը չքանդեց, մարդ չսպաննեց, չգողցաւ, խրամներ չփորեց, յուշարձաններ չպայթեցուց, նման ժողովուրդի պէտք ունի Լիբանանը:

Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ հայութեան չսիրուելուն պատճառը անոր հաւատքն է Դաշնակցութեան նկատմամբ, անոր պայքարն է հայօրէն ապրելու եւ սերունդները հայկական շունչով ու միջավայրի մէջ թրծելու:  «Նախանձելի ենք մենք եւ անոր համար կը հարուածեն մեզի, կ՛ուզեն քանդել մեր միասնութիւնը, կ՛ուզեն կոտորակել մեզ», նշեց ան:

Բագրատունի խօսքը ուղղելով ժողովուրդին ըսաւ.  «12 օր ետք դուք պիտի ըսէք ձեր խօսքը բոլորին, ձեր զաւակներուն համար պիտի ըսէք, որ մենք պիտի քուէարկենք Դաշնակցութեան, որովհետեւ մենք ենք Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ  Դաշնակցութիւնը հայութիւնն է, մենք մեծցանք պաշտպանութեան տակ այս կուսակցութեան, մենք մեծցանք պաշտպանութեան ու ծառայութեան մէջ այս կուսակցութեան, ծառայեց մեզի, վստահութիւն տուինք իրեն: Մեր ժողովուրդը իր քուէն չի ծախեր, մեր ժողովուրդը շատ լաւ գիտէ, որ իր քուէն իր ազատութիւնն է, իր հոգին է, իր միտքն է, իր սիրտն է, իր մանուկներուն ապագան է, իր երեխաներուն Լիբանանն է: Մէկը իր զաւակը կը ծախէ՞, մէկը իր հոգին կը ծախէ՞, մէկը իր սիրտը կը ծախէ՞, մէկը իր քոյրն ու եղբայրը կը ծախէ՞: Թերեւս կան ծախողներ, բայց հաւատացէք, որ անոնք ո՛չ հայ են, ո՛չ ալ հայու անուան արժանի են: 12 օր ետք բոլորդ եւ ձեզի պէս հազարներ պիտի երթան քուէատուփ, պիտի զարմացնեն բոլորը, բոլոր անոնք, որոնք տակաւին կը կարծեն, թէ ընտրական օրէնքով մը երբ կրցան առեւանգել մեր ժողովուրդի ազատ կամքը, այսօր եւս կրնան առեւանգել անոր կամքը, սխալած են: 2000 թուականին մենք ընտրութիւններ կորսնցուցինք եւ երկու երեսփոխանով 18 տարի այս ժողովուրդին ծառայեցինք»:

Իր խօսքը եզրափակելով Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «2018 մայիս 6-ին պիտի յաղթենք միասնաբար, դուք պիտի յաղթէք, ոչ թէ Դաշնակցութիւնը, ձեր զաւակներուն ապագան պիտի յաղթէ, ձեր հայկականութիւնը պիտի յաղթէ, ձեր ինքնութիւնը պիտի յաղթէ, պիտի յաղթէք ու հպարտանաք, որ դուք լիբանանցի հայեր էք նոյնքան եւ աւելի լիբանանցի, քան անոնք, որոնք քանդեցին երկիրը, իսկ դուք կառուցեցիք, եկեղեցւոյ զանգը հնչուն պահեցիք, հայ դպրոցին մէջ հայ մանուկին հայ երգը շարունակեցիք լսցնել, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը շարունակեցիք տեսնել եւ ուրախանալ, Համազգայինի պարախումբին շարունակեցիք ծափահարել, ԼՕԽ-ին  շարունակեցիք զօրակցիլ: Մայիս 6-ին դուք պիտի չընտրէք Յակոբ Թերզեանը, Սերժ Չուխատարեանը, Ալեքսանտր Մաթոսեանը, Յակոբ Բագրատունին, պիտի ընտրէք դուք ձեզ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի յաղթէ, ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր քուէով պիտի ըսէ. «Ես եմ այս ժողովուրդին ներկայացուցիչը», ապրի՛ք, հազար ապրիք, մայիս 6-ին միասնաբար պիտի յաղթենք, մայիս 7-ին ձեր ձեռքերը կը համբուրենք ձեր ազատ, հերոս հայու քուէին համար»:

Անկէ ետք մթնոլորտը խանդավառեցին երգիչներ Լիզա Սվաճեանը, Արարատ Ահարոնեանը, Սերոբ Յակոբեանը, որոնց կ՛ընկերակցէին Սեդօ Պաղտասարեանն ու իր նուագախումբը:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ս. Պատարագ` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ. «Ազգային Պահանջատիրութիւնը Անբաժան Մասը Կը Կազմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Առաքելութեան» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

Լիբանանեան Համալսարանի Զօրակցութեան Օր. Երեսփոխան Բագրատունի Ստորագրեց Դասախօսներու Աշխատավարձի Յաւելումներուն Օրինագիծը

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?