Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քննարկուեցան Ֆրանսախօս Պետութիւններու 17-րդ Վեհաժողովի Նախապատրաստական Աշխատանքները

May 22, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ ֆրանսախօս պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ վեհաժողովի նախապատրաստութեան եւ կայացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքը:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն, վարչապետը կարեւոր նկատեց վեհաժողովի բարձր մակարդակով կազմակերպումն ու կայացումը: «Ատիկա իր ծաւալով աննախադէպ նախաձեռնութիւն է երրորդ հանրապետութեան պատմութեան մէջ: Մենք պէտք է ընենք ամէն ինչ, որպէսզի այդ իրադարձութիւնը պատմական ըլլայ ո՛չ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան համար», նշեց Նիկոլ Փաշինեան:

Պատասխանատուները զեկուցեցին, որ վեհաժողովին պիտի մասնակցին շուրջ հինգ տասնեակ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ, կը նախատեսուի նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու գործընկեր կառոյցներու պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը: Կ՛ակնկալուի հարիւրէն աւելի պատուիրակութիւններու ժամանում, ընդհանուր հիւրերու թիւը պիտի հասնի 5000-ի: Երկօրեայ վեհաժողովի սկիզբէն երեք օր առաջ տեղի պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովը, որուն պիտի նախորդէ նաեւ մնայուն խորհուրդի նիստը: Նախաձեռնութեան ծիրին մէջ պիտի կազմակերպուի տնտեսական գործարար հաւաք` ֆրանսախօս երկիրներու ընկերութիւններուն եւ ձեռնարկութիւններուն լայն ներկայացուածութեամբ: Պիտի ձեւաւորուի ֆրանսախօս աւան, տեղի պիտի ունենայ կալա համերգ, պաշտօնական պատուիրակութիւններու պատուոյն պիտի տրուի պետական ընթրիք: Նշուած է, որ արդէն իսկ հաստատուած են վեհաժողովին լոկոն, կարգախօսը` «Ապրիլ միասին», պիտի մշակուի յատուկ կայք:

Խորհրդակցութեան ընթացքին վարչապետին զեկուցում տրուած է ենթակառոյցներու ապահովման եւ թեքնիք շարք մը այլ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն մասին:

Նիկոլ Փաշինեան նշեց, որ վեհաժողովի կազմակերպման վերաբերեալ խորհրդակցութիւնները պիտի կրեն պարբերական բնոյթ` հաւանական բոլոր խնդիրներուն ժամանակին արձագանգելու եւ արագ լուծումներ գտնելու նպատակով:

Փաշինեան. «Հայաստանի Նոր Կառավարութեան Համար Ա
ռաջնահերթ
Խնդիր Է Արտակարգ Ընտրութիւններու Կայացումը»

Հայաստանի նոր կառավարութեան համար կը շարունակէ առաջնահերթ խնդիր մնալ արտակարգ ընտրութիւններու կայացումը: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական նստավայրին մէջ կառավարութեան անդամներուն երդման արարողութենէն ետք լրագրողներուն յայտնեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ ատիկա միակ խնդիրն է, որ մենք պէտք է լուծենք», «Արմէնփրես»-ի փոխանցումով` ըսաւ վարչապետը:

Ան աւելցուց, որ անոր կողքին կառավարութիւնը ունի եւ պիտի ունենայ երկարաժամկէտ ծրագիր` վստահեցնելով, որ մէկը միւսին չի խանգարեր: «Ի վերջոյ, այս կառավարութիւնը եւս մասնակցութիւն պիտի ունենայ այդ արտակարգ ընտրութիւններուն: Հարցը այն է, թէ ի՞նչ ձեւաչափով պիտի մասնակցի», ընդգծեց Փաշինեան:

 

 

Նախորդը

Արա Բաբլոյեան. «Ուրախ Կ՛ըլլամ, Եթէ Հայաստանի Մէջ Փտածութիւնը Արմատախիլ Ըլլայ»

Յաջորդը

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունեց Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.