Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսէն Համբարձումեան. «Հաւանական Է Համաձայնական Դաշինքի Ձեւաւորումը»

May 21, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն միջեւ նպատակներու, սկզբունքներու ամրագրման համար փաստաթուղթի ստորագրման անհրաժեշտութիւն կայ:

Այս մասին «Թերթ» կայքին յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան: Վերջինս նշեց, որ փաստաթուղթի մշակման շուրջ պաշտօնապէս այսպիսի բանակցութիւններ չեն սկսած, բայց հանդիպումներու ընթացքին խօսուեցաւ անոր կարեւորութեան մասին:

Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ այս պահուն դժուար է ըսել, թէ ի՛նչ անուն պիտի ունենայ այդ փաստաթուղթը, արդեօք ատիկա պիտի ըլլայ համաձայնական դաշինքին մասի՞ն, թէ՞ համաձայնութեան կառավարութեան ստեղծման, բայց շեշտեց, որ եթէ առաջնորդուինք գործող օրէնքներով, ապա կ՛ընթադրուի, որ ատիկա պէտք է ըլլայ համաձայնական դաշինք:

Նշենք, որ վարչապետի պաշտօնէն Սերժ Սարգսեանի հրաժարականէն ետք, երբ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան քանի մը պատգամաւորներ կողմ քուէարկեցին Նիկոլ Փաշինեանի` վարչապետի թեկնածութեան, խորհրդարանական մեծամասնութիւնը ինքզինք հռչակեց ընդդիմութիւն:

Միաժամանակ, խորհրդարանական միւս երեք ուժերը կողմ քուէարկեցին Նիկոլ Փաշինեանի թեկնածութեան եւ հաւաքեցին անոր առաջադրման համար անհրաժեշտ նուազագոյն քանակով ստորագրութիւնները:

Վերջերս «Թերթ»-ի հետ զրոյցին ընթացքին «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան չէր բացառած, որ մինչեւ նոր կառավարութեան ծրագիրի ներկայացումը ստորագրուի համաձայնութեան կառավարութեան կամ մէկ այլ անուամբ փաստաթուղթ` այն ուժերուն միջեւ, որոնք կազմած են գործադիր իշխանութիւնը: Արսէն Համբարձումեան այս մասին յայտնեց, որ ՀՅԴ սկիզբէն համաձայն եղած է, որ այսպիսի փաստաթուղթի անհրաժեշտութիւն կայ, քանի որ քաղաքական համագործակցութիւնը կ՛ենթադրէ սկզբունքներու, նպատակներու ամրագրում: Համբարձումեան նշեց, որ բանակցութիւններ չեն սկսած, բայց հանդիպումներու ժամանակ խօսուած է այդ հարցին կարեւորութեան մասին:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ Դաշնակցութիւնը ինչպիսի՞ փաստաթուղթ կ՛ակնկալէ, Համբարձումեան յայտնեց, որ բոլոր այն քաղաքական ուժերը, որոնք մաս կը կազմեն կառավարութեան, կը ստանձնեն պատասխանատուութիւն եւ պէտք է միանան այս փաստաթուղթին, իսկ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները ամրագրուին թուղթի վրայ:

Անդրադառնալով այն հարցումին, որ այդ համաձայնագիրը ի՞նչ անուն պիտի ունենայ, համաձայնութեան կառավարութեան ստեղծման մասին փաստաթո՞ւղթ, թէ՞ պատասխանատուութիւնը կիսելու մասին յուշագիր, Համբարձումեան յայտնեց, որ կը դժուարանայ ըսելու, թէ ի՛նչ անուն կ՛ունենայ ատիկա, բայց աւելցուց, որ եթէ առաջնորդուին գործող օրէնքներով, կ՛ենթադրուի, որ ատիկա պէտք է համաձայնական դաշինք ըլլայ:

 

 

Նախորդը

Զոհրապ Մնացականեան. «Մեր Առաջնահերթ Պարտականութիւնն Է Ապահովել Արցախի Անվտանգութիւնը»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.