Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ընդունեց Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Տան Նախագահը

Մայիս 22, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Տեմեթրիս Սիլուրիսը:

Կարճատեւ առանձին զրոյցէն ետք տեղի ունեցաւ պատուիրակութիւններու ընդարձակ կազմով հանդիպումը:

Ողջունելով հիւրերը` հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ նման բարձր մակարդակի պաշտօնական այցելութիւնները կը նպաստեն երկկողմանի կապերու ամրապնդման եւ ընդարձակման: Ըստ անոր, երկու ժողովուրդներու պատմական բարեկամութեան լաւագոյն արգասիքը Հայաստանի եւ Կիպրոսի միջեւ գոյութիւն ունեցող ամբողջական փոխըմբռնումն ու փոխադարձ աջակցութիւնն են:

Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու տան նախագահը համոզում յայտնեց, որ երկու ժողովուրդներն ալ միշտ հիմնուած են եւ կը հիմնուին համամարդկային արժէքներու եւ սկզբունքներու վրայ, նոյնպէս ատոր  շնորհիւ է, որ կրցած են դիմագրաւել բոլոր փորձութիւնները:

Զրուցակիցները համակարծիք եղան, որ պատմական ամուր հիմքի եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ ձեւաւորուած հայ-կիպրական յարաբերութիւնները զարգացման մեծ ներուժ ունին: Արմէն Սարգսեան եւ Տեմեթրիս Սիլուրիս կարեւոր նկատեցին  երկու երկիրներու միջեւ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը եւ տնտեսական կապերու հետագայ զարգացումը` յատկապէս զբօսաշրջութեան, ծառայութիւններու եւ դրամատնային ասպարէզներուն մէջ: Կողմերը նոյնպէս ընդգծեցին գիտակրթական ասպարէզին մէջ գործակցութեան եւ փոխանակման ծրագիրներու կարեւորութիւնը:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնեց Կիպրոսի իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին` Հայոց ցեղասպանութիւնը առաջիններէն մէկը ճանչնալու եւ անցեալ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրականացուած ցեղասպանութենէն փրկուած հայ ժողովուրդի հատուածի մը օգնութեան ձեռք երկարելու` ապաստան տրամադրելու, ապրելու եւ արարելու կարելիութիւն ընձեռելու համար:

Կողմերը նոյնպէս անդրադարձան Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդարձակուած գործընկերութեան համաձայնագիրին Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու կողմէ վաւերացման եւ կիրարկման կարեւորութեան:

Տեմեթրիս Սիլուրիս կիպրական կողմին աջակցութիւնը յայտնեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջանակներուն մէջ Արցախի հիմնախնդիրին վերաբերեալ ընթացող բանակցութիւններուն: Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր կարգին բարձր գնահատեց այս հարցին մէջ Կիպրոսի կառուցողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը:

 

Նախորդը

Քննարկուեցան Ֆրանսախօս Պետութիւններու 17-րդ Վեհաժողովի Նախապատրաստական Աշխատանքները

Յաջորդը

Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ Կառավարութեան Անդամներու Երդման Արարողութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Սեպտեմբեր 23, 2023
Արցախի Հարցով ՄԱԿ-ի  Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ

Սեպտեմբեր 23, 2023
Եւլախի Մէջ Արցախի Եւ Ազրպէյճանի  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Եւլախի Մէջ Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Սեպտեմբեր 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In