«Սկզբունքներու, գաղափարներու տարբերութիւն միշտ ալ կայ, բայց երբ համաձայնական կամ որեւէ դաշինք պիտի ձեւաւորուի, տուեալ պարագային խօսքը կը վերաբերի միացեալ կառավարութիւն ձեւաւորելու, պէտք է համաձայնեցնել այն մօտեցումները, որոնք գոյութիւն ունին բոլոր կողմերու փլաթֆորմներուն մէջ: Մենք այդ ընդհանուրին մասին կը խօսինք», «Առաջին լրատուական»-ի հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` անդրադառնալով կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերուն միջեւ նպատակներու, սկզբունքներու ամրագրման համար փաստաթուղթի ստորագրման անհրաժեշտութեան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ո՞րն է այն ողջմիտ ժամկէտը, երբ պէտք է տեղի ունենան արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները, Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ տրամադիր է խօսիլ ոչ թէ ողջմիտ ժամկէտներու, այլ ողջմիտ քայլերու մասին, որոնք պիտի ձեւաւորեն համապատասխան միջավայր:
«Ընտրութիւնը պէտք է արձանագրէ իրական պատկերը, եւ այս ոգեւորութեամբ կատարուած ընտրութիւնը, բնականաբար, պիտի չտայ լիարժէք պատկեր: Եթէ արագ ընտրութեան մասին կը խօսինք, մենք պէտք է արձանագրենք ալիքով ստեղծուած պատկեր, որ կրնայ յաջորդ պահուն փոխուիլ», աւելցուց ան:



