Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Պէտք Է Յստակ Դառնայ, Թէ Խմբակցութիւններէն Ո՛վ Ընդդիմադիր Է, Ո՛վ Կառավարող»

May 24, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանին մէջ երէկ լրագրողները Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեանին հարցուցին, թէ արդեօք կարելի՞ է ստորագրուի համաձայնական դաշինք ՀՅԴ, Ելք եւ Ծառուկեան խմբակցութիւններուն միջեւ: Ռուստամեան պատասխանեց, որ կայ խնդիր մը, որ չէ լուծուած:

«Ազգային ժողովի կանոնակարգ» օրէնքով նախատեսուած է, որ պէտք է ըլլան կառավարող եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններ: Կանոնակարգ-օրէնքի 7-րդ յօդուածը կը սահմանէ, որ ինչպէ՛ս ատիկա պէտք է յառաջանայ: Յօդուածին մէկ մասով կ՛ըսուի, որ ատիկա կրնայ տեղի ունենալ 54 եւ աւելի տոկոս ունեցող ուժերուն միջեւ, այսինքն` անոնք ձեւաւորեն համաձայնական դաշինք, բայց այդ մասով չի տեղաւորուիր, քանի որ այդպէս կը նշանակէ, որ Հանրապետականը կը շարունակէ մնալ կառավարող, որ կառավարութիւն չէ ձեւաւորած: Բայց կայ յօդուածին միւս մասը, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ համաձայնական դաշինք ստորագրած խմբակցութիւնները, անոր մասին յայտարարելով, կը նկատուին կառավարող, եւ անոնք, որոնք կառավարութեան ձեւաւորման մասին այդ յուշագիրը չեն ստորագրած, կը դառնան ընդդիմադիր», բացատրեց պատգամաւորը:

Ըստ Ռուստամեանի, յօդուածի ա՛յդ երկրորդ մասով ալ պէտք է առաջնորդուիլ: «Ատիկա արդէն պէտք է տեղի ունեցած ըլլար: Մենք պաշտօնական առումով յայտարարած ենք, որ դուրս եկած ենք համաձայնական դաշինքէն: Նախատեսուած է, որ եթէ դուրս կու գաս համաձայնական դաշինքէն, կը դառնաս ընդդիմադիր, բայց մենք նոր կառավարութիւն պիտի կազմենք, եւ այս իրավիճակը անհասկնալի է ո՛չ միայն մեր պարագային, այլեւ` ընդհանրապէս», նշեց ան:

Անդրադառնալով այն դիտարկումին, թէ քաղաքական այս վիճակը իրաւաբանական ոչ մէկ կանոնի մէջ կը տեղաւորուի, պատգամաւորը արձագանգեց. «Քանի որ արտակարգ իրավիճակի հետեւանք է այս ամէնը, բնականաբար, կրնան յառաջանալ իրաւական հարցեր, որոնք պէտք է կարգաւորուին, բայց լուծման կարելիութիւնը, կը կարծեմ, այն է, որ յուշագիրի ստորագրման միջոցով պէտք է կառավարող եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններ յառաջանան»:

Ան միեւնոյն ժամանակ ըսաւ, որ հարցը արծարծած են: «Ելք-ի մէջ կը քննարկեն այդ խնդիրը: Տակաւին չենք հասած որոշ եզրակացութեան, բայց ես իմ կարծիքիս վրայ կը մնամ, որ, ի վերջոյ, շատ յստակ պէտք է ըլլայ` անկախ անկէ, փոքրամասնութեան կառավարութիւն է, թէ` ինչ, բայց պէտք է յստակ դառնայ, խմբակցութիւններէն ո՛վ ընդդիմադիր է, ո՛վ` կառավարող», շեշտեց պատգամաւորը:

Ռուստամեան աւելցուց, որ խնդիր չի դներ, որ պէտք է համաձայնական դաշինք ստորագրուի: «Ես կ՛ըսեմ, որ պէտք է պարզաբանուի եւ յստակ դառնայ կանոնակարգը, որ խորհրդարանին մէջ պէտք է ըլլան կառավարող եւ ընդդիմադիր պատգամաւորներ», ըսաւ ան:

Պատգամաւորը նոյնպէս տեղեկացուց, որ Նիկոլ Փաշինեան ցանկութիւն յայտնած է կազմելու կառավարութիւն` իրենց մասնակցութեամբ: «Մենք ըսած էինք, որ կ՛աջակցինք Փաշինեանին, բայց չենք յաւակնիր պաշտօններու: Առաջարկը եղած է Փաշինեանի կողմէ: Մենք ասիկա նկատած ենք բնականոն, եւ  նախարարական պաշտօններու եւ  նման այլ հարցերու հետ կապուած որեւէ սակարկութիւն չէ եղած», ըսաւ ան:

 

 

Նախորդը

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Հայաստանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներուն Միջեւ

Յաջորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութեան Հանդիպումը Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հետ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.